Մի­ջազ­գա­յին Ե­րի­տա­սար­դա­կան Գի­տա­ժո­ղով Ար­ցա­խի Մէջ


Սեպ­տեմ­բեր 16ին Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նիս­տե­րու դահ­լի­ճին մէջ ըն­թացք ա­ռած է «Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի 25ա­մեայ պե­տա­կա­նու­թեան ձեռք­բե­րում­ներն ու ար­դի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը» խո­րա­գի­րը կրող մի­ջազ­գա­յին ե­րի­տա­սար­դա­կան գի­տա­ժո­ղո­վը:

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան գի­տա­ժո­ղո­վը նկա­տած է լաւ ա­ռիթ մը՝ Ար­ցա­խեան տագ­նա­պը ա­ւե­լի լայն ու խոր կեր­պով ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ զայն աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նե­լու:

«Գի­տա­կան քննար­կում­նե­րը՝ կա­պո­ւած մեր ան­կախ պե­տու­թեան կազ­մա­ւոր­ման պատ­մու­թեան եւ ի­րա­ւա­կան հիմ­քե­րի ան­թե­րիու­թեան, նրա անվ­տան­գու­թեան, ներ­քին եւ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան, ինչ­պէս նաեւ այն բարդ ու դժո­ւա­րին հար­ցե­րին, ո­րոնք մեր ժո­ղո­վուրդն ստի­պո­ւած է ե­ղել լու­ծել այս բո­լոր տա­րի­նե­րի ըն­թաց­քում պէտք է լի­նեն ինչ­պէս մեր հան­րա­պե­տու­թեան ստեղծ­ման պատ­ճառ­նե­րի, այն­պէս էլ նրա կեն­սա­գոր­ծու­նէու­թեան գի­տա­կան ըն­կալ­ման հիմ­քում», դի­տել տո­ւած է երկ­րին ղե­կա­վա­րը:

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ա­շոտ Ղու­լեան կա­րե­ւոր նկա­տած է այն փաս­տը, որ քա­ռորդ դար ան­կա­խու­թիւն ձեռք բե­րած Ար­ցա­խի մէջ կրթա­կան մա­կար­դա­կը միշտ ալ դրո­ւած է բարձր մա­կար­դա­կի վրայ£ «Գի­տա­կան ու կրթա­կան նե­րու­ժի օգ­տա­գոր­ծու­մը, կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րի հետ կա­պե­րի ամ­րապն­դու­մը շա­րու­նա­կում են մնալ ա­ռաջ­նա­հերթ խնդիր­ներ: Այս գի­տա­ժո­ղո­վի անց­կա­ցումն Ար­ցա­խում հէնց ա­սա­ծիս հա­ւաս­տումն է», ը­սած է Ղու­լեան: Ան ընդգ­ծած է, որ ող­ջու­նե­լի է նաեւ այն, որ գի­տա­ժո­ղո­վին մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց զե­կոյց­նե­րուն մէջ անդ­րա­դար­ձած են Ար­ցա­խեան տագ­նա­պի լուծ­ման, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման, բա­նակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին, ապ­րի­լեան դէպ­քե­րուն եւ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար կա­րե­ւոր նկա­տո­ւող այլ հար­ցե­րու:

Գի­տա­ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պա­կան կո­մի­տէի նա­խա­գահ Ա­ւե­տիք Յա­րու­թիւ­նեան անդ­րա­դար­ձած է Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան հռչակ­ման 25ա­մեա­կին կա­րե­ւո­րու­թեան եւ գի­տա­ժո­ղո­վի նպա­տակ­նե­րուն:

«Մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վը նպա­տակ ու­նի մէկ ան­գամ եւս ցոյց տա­լու, որ Ար­ցա­խը ոչ թէ հա­կա­մար­տու­թեան գօ­տի է, այլ ա­ռա­ջին հեր­թին ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան, ի­րա­ւա­կան ու դի­նա­միկ զար­գա­ցող պե­տու­թիւն: Մի­ջազ­գա­յին գի­տա­ժո­ղո­վի խնդի­րը փոր­ձի փո­խա­նա­կումն է Ար­ցա­խի ե­րի­տա­սարդ գիտ­նա­կան­նե­րի ու ար­տա­սահ­մա­նեան ա­ռա­ջա­տար մաս­նա­գէտ­նե­րի մի­ջեւ, մի­ջազ­գա­յին շփում­նե­րի հաս­տա­տումն ու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րի եւ գի­տա­կան նե­րու­ժի ներ­կա­յա­ցու­մը լայն հա­սա­րա­կու­թեա­նը», դի­տել տո­ւած է Ա. Յա­րու­թիւ­նեան՝ ա­ւելց­նե­լով, որ գի­տա­ժո­ղո­վին կը մաս­նակ­ցին հե­ղի­նա­կա­ւոր գիտ­նա­կան­ներ եւ մաս­նա­գէտ­ներ Գեր­մա­նիոյ, Ռու­սիոյ, Լե­հաս­տա­նի, Հա­յաս­տա­նի, ինչ­պէս նաեւ այլ եր­կիր­նե­րու բարձ­րա­գոյն ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէ եւ գի­տա­հե­տա­զօ­տա­կան կեդ­րոն­նե­րէ:

Գի­տա­ժո­ղո­վին զե­կոյց­նե­րով հան­դէս ե­կած են տար­բեր եր­կիր­նե­րէ Ար­ցախ գտնո­ւող հե­ղի­նա­կա­ւոր գիտ­նա­կան­ներ եւ մաս­նա­գէտ­ներ: