Հայ Միլիառատէրներ՝ «Ֆորպզ»ի Ցանկին Վրայ


Ամերիկեան Forbes թերթը հերթական անգամ հրապարակած է աշխարհի ամենհարուստներու ցանկը: Միլիառատէրներու 2019ի ցուցակին մէջ յայտնուած են նաեւ հայեր:

3 միլիառ 700 միլիոն տոլար կարողութեամբ ռուսիաբնակ գործարար, «Տաշիր» ընկերութեան սեփականատէր Սամուէլ Կարապետեան ցանկին վրայ 568րդն է:

Ռուսիոյ մեծագոյն «Մագնիտ» խանութներու ցանցի հիմնադիր Սերգէյ Գալիցկի-Յարութիւնեան կը գրաւէ 617րդ տեղը՝ 3.5 միլիառ տոլար կարողութեամբ:

Այս ցանկին վրայ, երրորդ ամէնէն հարուստ հայը Արժանթին տեղափոխուած գաղթականներու զաւակ Էտուարտօ Էռնեկեանն է. անոր կարողութիւնը գնահատուած է 1 միլիառ 600 միլիոն տոլարով:

Ամերիկեան «Ալեքս եւ Անի» ընկերութեան հիմնադիր Քերոլին Ռաֆայէլեանի կարողութիւնը, ըստ «Ֆորպզ»ի, 1 միլիառ տոլար է:

Ռաֆայէլեան աշխարհի ամենահարուստ հայ կինն է: Երեք երեխաներու մայր Քարոլին ծնած է 1966ին Փրովիտընսի մէջ` Ռոտ Այլանդ, ԱՄՆ: