Հայ Մշակոյթը Արժանաւորապէս Պիտի Ներկայացուի «Մեթրոփոլիթըն» Թանգարանին Մէջ


Հայոց պատմութեան ամբողջ ժամանակաշրջան մը պիտի ներկայացուի համաշխարհային հեղինակաւոր մշակութային կեդրոններէն մէկուն` Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն» թանգարանին մէջ: 4-17 դարերու հայ պատմամշակութային ժառանգութիւնը ներկայացնող բացառիկ ցուցահանդէսին բացումը նախատեսուած է 2018ի Սեպտեմբեր 21ին, Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերականգնման օրը:

Հոկտեմբեր 22ին, «Արարատ Էսքիճեան» թանգարանին մէջ ցուցահանդէսին մասին մանրամասնութիւններ  ներկայացուց «Մեթրոփոլիթըն»ի միջնադարեան արուեստի եւ վանքերու բաժնի պատասխանատու Հելեն Էւընս:

«Ցուցահանդէսին պիտի ներկայացուին վաղ միջնադարէն մինչեւ 17րդ դար հայոց պատմութիւնը եւ մշակոյթը` քրիստոնէութեան ընդունման, Մեսրոպ Մաշտոցի կողմէ հայ գիրերու ստեղծման ու ատոր ազդեցութեան, Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան տարիներու մասին ցուցանմուշներ, տարբեր դարերու ձեռագիրներ, հայերէն առաջին տպագիր գիրքեր», տեղեկացուցած է Էւընս:

Ցուցադրութիւնը հիմնականին մէջ կազմուած պիտի ըլլայ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի թանգարանին, Մատենադարանի եւ Պատմութեան թանգարանի նմուշներէն, նաեւ պիտի ներառուին Երուսաղէմի Սուրբ Յակոբեանց եկեղեցւոյ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Մխիթարեան միաբանութեան մօտ պահուող հայ միջնադարեան մշակոյթի որոշ գանձերէն նմուշներ` տրամադրուած «Կիւլպէնկեան» հիմնարկին եւ որոշ ոչ հայկական աղբիւրներու կողմէ:

Ան նշած է, որ բացառիկ առիթ կ’ընձեռուի` աշխարհի հնամենի մշակոյթներէն մէկը կրող ժողովուրդին պատմամշակութային ժառանգութիւնը ժամանակակից ձեւով ներկայացնելու: «Մենք յոյս ունինք, որ ցուցադրութիւնը հայերուն հպարտութեան առիթ կ՛ըլլայ, երբ տեսնեն, թէ Հայաստանը ինչպէ՛ս ըստ պատշաճի ներկայացուած է: Միաժամանակ կ՛ակնկալենք աշխարհին աւելի ճանաչելի եւ ընդունելի դարձնել հայ մշակոյթը` որպէս համաշխարհային արուեստի ներկայանալի մաս», նշած է Էվընս` պատիւ համարելով իր ներգրաւուածութիւնը ցուցահանդէսի կազմակերպման գործին մէջ:

Բանախօսութեան ընթացքին հայկական ձեռագիրներու մասնագէտը խօսեցած է հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններու իրադարձութեանց մասին, ներկայացուցած հազուագիւտ ձեռագիրներ:

Պատասխանելով ներկաներէն մէկու հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է լուծել աշխարհի տարբեր թանգարաններու մէջ, այդ կարգին` «Մեթրոփոլիթըն»ի մէջ, այլ երկիրներու անունին ներքոյ ներկայացուած հայ մշակոյթի գանձերը որպէս հայկական ներկայացնելու հարցը, Էւընսը դիտել տուած է, որ այսպիսի ցուցահանդէսները լաւագոյն միջոցը կրնան ըլլալ: