Յու­շա­տետր. Կեան­քը Ա­ղո­ւոր Է


Ռ. Հ.


Պո­ղո­տա­յին ե­զեր­քը, գո­վազդ­նե­րու հսկայ ցու­ցա­տախ­տա­կին վրայ փակ­ցո­ւած է որմ­նազդ մը, որ ու­շադ­րու­թիւնս կը գրա­ւէ ա­մէն ան­գամ, որ կառ­քով ա­րա­գօ­րէն կ­՛անց­նիմ ա­նոր առ­ջե­ւէն: Այն­քան ա­րագ կ­՛անց­նիմ, որ ժա­մա­նա­կը չեմ ու­նե­նար կար­դա­լու, թէ ի՛նչ ­բա­նի, ո՞ր­ ապ­րան­քի գո­վազդն է ան, կրնամ կար­դալ մե­ծա­տառ գրո­ւած նա­խա­դա­սու­թիւն մը միայն.

«Կեան­քը ա­ղո­ւոր է, ե­թէ կը զո­ւար­ճա­նաս»:

Ա­մէն ան­գամ, որ կը կար­դամ այս նա­խա­դա­սու­թիւ­նը, կը մտա­ծեմ, որ շատ ճիշդ ստու­գում մըն է այդ, բայց նոյն­քան ալ պարզ, նոյ­նիսկ ան­միտ նկա­տո­ւե­լու չափ, սո­վո­րա­կան խօսք է ան: Ա­յո՛, հար­կաւ կեան­քը ա­ղո­ւոր է, ե­թէ դուն ի վի­ճա­կի ես վա­յե­լե­լու զայն, ե­թէ կը զո­ւար­ճա­նաս, ե­թէ հա­ճե­լի ժա­մա­նակ կ­՛ան­ցը­նես: Բայց ա­սի­կա այն­քան պարզ խօսք է, լա­բա­լի­սեան ճշմար­տու­թիւն է, որ­քան, օ­րի­նակ, ը­սե­լը, որ հա­ցը հա­մով է, ե­թէ ա­նօ­թի ես, ջու­րը հրա­շա­լի է, ե­թէ ծա­րա­ւի ես, ծա­ղի­կը գե­ղե­ցիկ է, ե­թէ չէ թոր­շո­մած: Ա­սոնք այն­քան պարզ ու սո­վո­րա­կան ճշմար­տու­թիւն­ներ են, որ թե­րեւս ցնցիչ ու ու­շագ­րաւ պի­տի չըլ­լա­յին գո­վազ­դի մը մէջ գոր­ծա­ծո­ւե­լու պա­րա­գա­յին, բայց կէտ մը կայ: Այս շատ սո­վո­րա­կան նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը մեզ կը հրա­ւի­րեն մտա­ծե­լու նոյն­քան սո­վո­րա­կան ու­րիշ ճշմար­տու­թեան մը մա­սին: Այդ է` կեան­քի ու կեան­քը լեց­նող ա­մէն բա­նի յա­րա­բե­րա­կա­նու­թիւ­նը: Ա­մէն ինչ յա­րա­բե­րա­կան է մե­զի հա­մար մեր կեան­քին մէջ: Նոյն բա­նը թէ՛ ա­ղո­ւոր է, թէ՛ տգեղ: Վե­րի օ­րի­նա­կին մէջ հա­ցը ան­շուշտ հա­մով է, ե­թէ ա­նօ­թի ես, բայց նոյն հա­ցը այն­քան հա­մով պի­տի չթո­ւի, ե­թէ շատ կուշտ ես ու պա­տառ մը հաց իսկ բե­րանդ դնե­լու փա­փաք չու­նիս: Այս պատ­ճա­ռաւ է ան­շուշտ, որ ճիշդ խօ­սած չենք ըլ­լար, ե­թէ միայն ը­սենք, թէ` «հա­ցը հա­մով է»: Այս նա­խա­դա­սու­թիւ­նը գոր­ծա­ծե­լու ի­րա­ւունք կ­՛ու­նե­նանք այն ա­տեն միայն, երբ «ե­թէ» մը կ­՛ա­ւելց­նենք ա­նոր ե­տին: Հա­ցը հա­մով է, ե­թէ□ Կեան­քը ա­ղո­ւոր է, ե­թէ□ Ծա­ղի­կը գե­ղե­ցիկ է, ե­թէ□

Այս նա­խա­դա­սու­թիւն­նե­րը մեզ կը մղեն ան­մի­ջա­պէս ար­տա­սա­նե­լու ա­նոնց հա­կա­ռակ­ներն ալ, եւ այն ա­տեն է, որ շատ սո­վո­րա­կան նկա­տո­ւե­լէ կը դադ­րին ու կը ստա­նան ի­մաստ մը, ո­րուն մա­սին կ­՛ար­ժէ մտա­ծել: Մտա­ծե՛նք­ ու­րեմն հա­կա­ռա­կին մա­սին: Կեան­քը գե­ղե­ցիկ է, երբ կը զո­ւար­ճա­նաս, բայց միշտ չէ, որ կը զո­ւար­ճա­նաս, ուս­տի նոյն կեան­քը նաեւ գե­ղե­ցիկ չէ, ե­թէ դուն չես վա­յե­լեր զայն, ե­թէ չես զո­ւար­ճա­նար, ե­թէ դժբախ­տու­թիւն­ներ կը ծան­րա­նան քու վրայ: Կրնանք ա­ւե­լի ա­ռաջ ալ եր­թալ ու ը­սել, որ նոյն կեան­քը մէկ օ­րո­ւան մէջ թէ՛ գե­ղե­ցիկ է, թէ՛ գե­ղե­ցիկ չէ, ո­րով­հե­տեւ նոյն օ­րո­ւան մէջ կրնաս ապ­րիլ թէ՛ զո­ւար­ճա­լի պա­տա­հար, թէ՛ ան­հա­ճոյ պա­տա­հար: Այս տե­սա­կէ­տէն նա­խա­դա­սու­թիւ­նը մեզ կը հրա­ւի­րէ մտա­ծե­լու նաեւ ու­րիշ ճշմար­տու­թիւն­նե­րու մա­սին, ինչ­պէս այն, թէ մէկ օ­րը այն­քան եր­կար է, որ կրնայ լե­ցո­ւիլ հա­կա­սա­կան ապ­րում­նե­րով, նաեւ այն, թէ մենք չենք կրնար վստահ ըլ­լալ, որ կեան­քը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ ա­մէն վայր­կեան կրնայ չփո­խո­ւիլ:

Բայց այս մտա­ծում­նե­րը ար­ժա­նի են, որ տար­բեր տե­սան­կիւն­նե­րէ ալ քննո­ւին: Այն ա­տեն կա­րե­ւոր ու­րիշ հար­ցում մըն ալ յան­կարծ պէտք է ցցո­ւի մեր մտքին մէջ: Սա­պէս`

Կեան­քը ա­ղո­ւոր է, ե­թէ կը զո­ւար­ճա­նաս, բայց ճիշդ բան ը­սած կ­՛ըլ­լա՞նք, ե­թէ ը­սենք, որ կեան­քը բնաւ ա­ղո­ւոր չէ , ե­թէ չես զո­ւար­ճա­նար: Դուրս գա­լով ան­հա­տա­կան մտա­հո­գու­թիւն­նե­րէ ու զգայ­նու­թիւն­նե­րէ եւ մտնե­լով ընդ­հա­նու­րին զգայ­նու­թիւն­նե­րու կա­լո­ւա­ծէն ներս` պի­տի ըն­դու­նինք, որ կեան­քը ա­ղո­ւոր է, նոյ­նիսկ երբ մենք չենք զո­ւար­ճա­նար, նոյ­նիսկ երբ մենք դժբախտ ենք:

Հե­ռա­տե­սիլ­նե­րէն սփռո­ւած հար­ցում-պա­տաս­խա­նի շատ ժո­ղովր­դա­կան յայ­տագ­րի մը վեր­ջա­ւո­րու­թեան հա­ղոր­դա­վա­րը, քա­նի մը հո­գիի ա­ռա­ւել կամ նո­ւազ դրա­մա­կան պար­գեւ­ներ բաշ­խե­լէ վերջ, յայ­տա­գի­րը կը փա­կէ սա խօս­քե­րով.

«Սի­րե­լի՛ դի­տող­ներ, մի՛ մոռ­նաք, որ մե­ծա­գոյն պար­գե­ւը կեանքն է: Գիտ­ցէք ա­նոր ար­ժէ­քը ու լաւ գոր­ծա­ծե­ցէք զայն»:

Մե­ծա­գոյն պար­գեոը, որ մե­զի կը տրո­ւի կեանքն է:

Ճիշդ է` աս­կէ ա­ւե­լի մեծ ու կեան­քէն ա­ւե­լի ար­ժէ­քա­ւոր պար­գե­ւի մը մա­սին մտա­ծել կա­րե­լի չէ: Մա­նա­ւանդ որ կեան­քը պար­գեւ մըն է, ո­րուն տի­րա­նա­լու հա­մար ո­րե­ւէ աշ­խա­տանք չենք տա­նիր, ո­րե­ւէ ճիգ չենք վատ­ներ: Չէ՞ որ պար­գեւ­նե­րը մար­դուս կը տրո­ւին, ե­թէ մարդ յա­ջո­ղու­թիւն մը ար­ձա­նագ­րած է, ե­թէ ե­րախ­տա­շատ գործ մը տե­սած է, ե­թէ ար­տա­կարգ ծա­ռա­յու­թիւն մը մա­տու­ցած է: Դուք ո­րե­ւէ պար­գեւ չէք ստա­նար, ա­ռանց բան մը յա­ջող­ցու­ցած ըլ­լա­լու: Միակ պար­գե­ւը, զոր կը ստա­նաք ա­ռանց ճիգ մը վատ­նե­լու, ա­հա­ւա­սիկ, կեանքն է: Եւ զայն կը ստա­նաք ա­ռանց նոյ­նիսկ գիտ­նա­լու, որ ստա­ցաք ա­մէ­նէն ար­ժէ­քա­ւոր պար­գե­ւը: Կեան­քէն ա­ւե­լի մեծ պար­գեւ մը չկայ:

Միայն թէ հարց մը կայ: Ի՛նչ ­պար­գեւ որ շա­հիք աշ­խար­հի վրայ ձեր ար­ձա­նագ­րած մէկ յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, ի՛նչ շ­քան­շան, որ կա­խէք ձեր կուրծ­քէն կամ դրա­մա­կան ի՛նչ ­պար­գեւ, որ դնէք ձեր գրպա­նին մէջ, կ­՛անդ­րա­դառ­նաք, որ պար­գեւ մը շա­հե­ցաք ու կ­՛ու­րա­խա­նաք ա­տով, նոյ­նիսկ կը հպար­տա­նաք ա­տով: Կեան­քը միակ պար­գեւն է, զոր կը գրպա­նէք ա­ռա­ջին վայր­կեա­նին` ա­ռանց անդ­րա­դառ­նա­լու, որ ստա­ցած էք ա­մէ­նէն ար­ժէ­քա­ւոր պար­գե­ւը: Ո՛չ ­մէ­կը պի­տի հպար­տա­նայ աշ­խարհ ե­կած ըլ­լա­լու յա­ջո­ղու­թեան հա­մար, հա­կա­ռակ որ աշ­խարհ գա­լը ու սա կեան­քը ապ­րի­լը մեծ բախ­տա­ւո­րու­թիւն է: Թե­րեւս շատ տա­րի­ներ վերջ է, որ պի­տի անդ­րա­դառ­նանք կեանք կո­չո­ւա­ծին ար­ժէ­քին: Թե­րեւս պի­տի անդ­րա­դառ­նանք, երբ հա­սած ենք զայն կորսնց­նե­լու կէ­տին:

Հի­մա կրնանք մտա­ծել, որ պէտք է սրբագ­րել վե­րո­յի­շեալ գո­վազ­դին նա­խա­դա­սու­թիւ­նը ու գրել սա­պէս.

«Կեան­քը ա­ղո­ւոր է, նոյ­նիսկ երբ չես զո­ւար­ճա­նար»: