Հայաստանի զարգացման հիմնադրամը, Սեպտեմբեր 19-էն 22, «Մերիդիան Էքսպօ» կեդրոնին մէջ կազմակերպած է «Արտադրուած է Հայաստանում-2016» ցուցահանդէսը, որուն բացման արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Արծուիկ Մինասեան:
«Որպէս նախարար ինձ համար հպարտութեան զգացում է բոլոր տաղաւարներում հայկական արտադրանքներ տեսնելը, զգալը, որ արտադրանքները որակ ունեն, միջազգային մակարդակով անհրաժեշտ մրցակցութեան պայմաններ կան: Սա մեր տնտեսութեան զօրահանդէսն է, եւ պատահական չէ, որ սկսած տեխնոլոգիական ապրանքներից, աւարտած սննդի մասով եւ ծառայութիւններով, մենք կարող ենք հպարտօրէն ասել, որ ունենք այդ ներուժը եւ տնտեսութեան մէջ որոշակի դրական փոփոխութիւններ իրականացնելով՝ կը կարողանանք ոտքի կանգնեցնել մեր տնտեսական ուղղուածութեան ներուժը», լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Արծուիկ Մինասեան£
Նախարարի պաշտօնակատարին համաձայն՝ որեւէ երկրի տնտեսութիւն հիմնուած է երեք ուղղութիւններու վրայ՝ ներդրումները, արհեստագիտութիւնները եւ մասնագիտական կարողութիւնները: «Ցանկացած գործողութիւն, որը հիմնուած է մասնագիտական գիտելիքների վրայ, դրանք իրենք իրենցով արդէն յեղափոխական են: Եւ մենք ունենք այդպիսին թէ՛ բարձր տեխնոլոգիաների ոլորտում, թէ՛ նորարարական լուծումների առումով ինովացիոն ոլորտում եւ թէ յայտնի սննդամթերքի ոլորտում», ըսած է ան£
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ցուցահանդէսը եւ ի՞նչ քայլեր անհրաժեշտ են այս ոլորտին մէջ զարգացում ապահովելու համար՝ Արծուիկ Մինասեան դիտել տուած է, որ անհրաժեշտ են քանի մը քայլեր՝ որակի վերահսկողութեան պատշաճ համակարգի ներդրում, որակի ենթակառուցուածքի ամբողջութեամբ վերազինում, որ պիտի ապահովէ միջազգային մրցունակութեան համարժէք եւ պատշաճ որակ եւ պիտի ապահովէ թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին սպառողներու շահերու պաշտպանութիւնը: «Այս ցուցահանդէսը միտուած է ոչ այնքան եւ ոչ այն ձեւով, որ հայկական ապրանքներն իրացուեն, այլ որքան, որ ցուցադրութիւն տեղի ունենայ, իսկ իրացումն արդէն պէտք է կազմակերպենք եւ իրականացնենք դրսի շուկաներում ինչպէս Ռուսաստանն է, Իրանը, Միացեալ Նահանգները եւ այլն», եզրափակած է Մինասեան: