«Հայ-վրացական Յարաբերութիւններու Բարելաւումով Պիտի Լուծուին Ջաւախքի Բոլոր Ընկերատնտեսական Խնդիրները», Ջաւախքի Մէջ Յայտարարարեց Փաշինեան


“Հայ-վրացական յարաբերութիւնները էական եւ որակական փոփոխութիւններ պիտի ապրին”,  յայտարարեց Մայիս 31ին Ջաւախք այցելած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Վրաստանի Ծալկա շրջանի հայաբնակ Այազմա գիւղին մէջ, Փաշինեան դիմաւորուեցաւ աղ ու հացով եւ հայկական երգ ու պարով: «Ես նոր էջ պիտի բանամ ոչ միայն հայ-վրացական յարաբերութիւններու, այլեւ ընդհանրապէս հայ եւ վրացի ժողովուրդներու համար: Ես համոզուած եմ, որ այդ նոր յարաբերութիւններու մակարդակը պիտի արտայայտուի նաեւ Վրաստանի հայութեան մէջ: Համոզուած եղէք, որ այն յաղթանակը, որ կերտուած է Հայաստանի մէջ, հաւասարապէս կը պատկանի նաեւ ձեզի, որովհետեւ այս յաղթանակը պիտի հզօրացնէ ոչ միայն Հայաստանի քաղաքացիները, այլեւ ընդհանրապէս հայ ժողովրուրդը աշխարհի որեւէ անկիւնի մէջ։ Եկէք մեր ռազմավարական ապագան ամրապնդենք մեր բարեկամ ժողովուրդներու հետ, մասնաւորապէս մեր բարեկամ վրացի ժողովուրդին եւ պետութեան հետ: Հայ ժողովուրդը յաղթած է, հայ ժողովուրդը այլեւս պիտի չպարտուի եւ պէտք է քաղէ այդ յաղթանակի պտուղները: Կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ վրաց պետութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ կեցցե՛ն մեր երեխաները, որ պիտի ապրին ազատ Հայաստանի մէջ», յայտարարեց ան:

Վարչապետը այցելեց նաեւ Գանձայի Փոկա գիւղը: «Կ՛ըսեն, որ աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ ապրող հայերու աչքերուն մէջ մեծցած է հպարտութիւնը հայ ըլլալու համար, եւ ես ուրախ եմ՝ որ կը տեսնեն ձեր հպարտ աչքերը: Պէտք է ըսեմ, որ շատ արդիւնաւէտ այց ունեցած եմ Թիֆլիսի, եւ պատահական չէ, որպէս վարչապետ իմ առաջին պաշտօնական այցը ըրած եմ Վրաստան. սա կ՛ընդգծէ հայ-վրացական յարաբերութիւններու կարեւորութիւնն ու առանձնայատուկ մակարդակը: Համոզուած եմ, որ այս այցի արդիւնքներով հայ-վրացական յարաբերութիւնները էական եւ որակական փոփոխութիւններ պիտի ապրին: Եւ ես այդ փոփոխութիւնները կեանքի կոչելու համար կ՛առաջարկեմ շատ պարզ բանաձեւ մը. Վրաստանի ղեկավարութիւնը, վրացի ժողովուրդը եւ պետութիւնը պէտք է համոզուած ըլլան, որ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի գործողութիւններուն մէջ չկայ որեւէ դաւադրութիւն, սադրանք՝ Վրաստան պետութեան եւ վրացի ժողովուրդի նկատմամբ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ հայ ժողովուրդը պէտք է համոզուած ըլլան, որ Վրաց պետութիւնն ու ժողովուրդի գործողութիւններուն մէջ չկայ որեւէ սադրանք՝ հայ ժողովուրդի եւ պետութեան նկատմամբ», ըսաւ ան՝ վստահեցնելով, որ յարաբերութիւններու բարելաւումով պիտի լուծուին Ջաւախքի բոլոր ընկերատնտեսական խնդիրները։ «Համոզուած ենք, որ բոլորս պէտք է ջանքեր գործադրենք ատոնց հասնելու համար եւ պիտի հասնինք համընդհանուր յաղթանակի», եզրակացուց վարչապետը:

Նշենք, որ պաշտօնական այցով Վրաստան գտնուող վարչապետ Փաշինեանն ու կինը՝ Աննա Յակոբեանը, հիւրընկալուեցան նաեւ Վրաստանի կաթողիկոս-պատրիարք Իլիա Բ.ի կողմէ: