Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Նո­ւի­րո­ւած Յու­շար­ձա­նի Բա­ցում` «Կրենտ» Զբօ­սայ­գիին Մէջ


Սեպ­տեմ­բեր 17ի ե­րե­կո­յեան, Լոս Ան­ճե­լը­սի քա­ղա­քա­մէ­ջը գտնո­ւող «Կրենտ» զբօ­սայ­գիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան եւ հա­յու­թեան վե­րապ­րու­մին նո­ւի­րո­ւած յու­շար­ձա­նին բա­ցու­մը: Ներ­կայ էին Լոս Ան­ճե­լըս գա­ւա­ռի վե­րահս­կիչ­նե­րու խոր­հուր­դի ան­դամ Մայ­քըլ Ան­թո­նո­վիչ եւ հա­րիւ­րա­ւոր հա­յոր­դի­ներ:

Յու­շար­ձա­նը ծնունդ ա­ռած էր, ան­ցեալ տա­րի, Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ա­ռի­թով նոյն զբօ­սայ­գիին մէջ «iWitness» ծրա­գի­րին ի­րա­կա­նա­ցու­ցած վե­րապ­րող­նե­րու հսկայ եւ ե­ռա­կողմ լու­սան­կար­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­մէն: Ար­դա­րեւ, լու­սան­կա­րիչ­ներ Ա­րա Օ­շա­կա­նի եւ Լե­ւոն Փա­րեա­նի, ինչ­պէս նաեւ ճար­տա­րա­պետ Վա­հագն Թով­մա­սեա­նի ջան­քե­րով նշեալ լու­սան­կար­նե­րու ներ­կա­յաց­ման օ­րե­րուն Մայ­քըլ Ան­թո­նո­վիչ ա­ռա­ջադ­րած է մնա­յուն յու­շար­ձան մը հաս­տա­տել. ըն­դա­ռա­ջե­լով ա­նոր` Վ. Թով­մա­սեան Հա­յաս­տա­նի Ա­րա­րա­տեան դաշ­տէն բե­րո­ւած 5 թոն կշռող ժայ­ռակ­տո­րով մը ստեղ­ծա­գոր­ծած է սոյն յու­շար­ձա­նը:

Մէջ­տե­ղէն եր­կու­քի կի­սո­ւած յու­շար­ձա­նին մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն տա­լով` Թով­մա­սեան կ­՛ը­սէ, թէ ա­նոր ան­տաշ կէ­սը կը ներ­կա­յաց­նէ հա­յու­թիւ­նը` Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս ետք, իսկ սա­հուն կէ­սը` հա­յու­թեան ներ­կան, նոր սե­րուն­դը եւ ա­պա­գան:

Յու­շար­ձա­նին շուր­ջը գրո­ւած է Ո­ւի­լիըմ Սա­րո­յեա­նի հե­տե­ւեալ խօս­քը. «Կեան­քիդ ժա­մե­րը ապ­րէ այն­պէս, որ քե­զի բա­ժին ին­կած ժա­մե­րուն չա­ւելց­նես աշ­խար­հի վիշտն ու տա­ռա­պան­քը, այլ ժպի­տով ըն­դու­նէ ա­նոր ան­սահ­ման ցնծու­թիւնն ու խոր­հուր­դը»: