Քա­շա­թա­ղի Շրջա­նի Ա­ղաւ­նոյ Գիւ­ղը Նոր Բնա­կե­լի Թա­ղա­մաս Ու­նի. Ա­րիա­ւան


Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչակ­ման 25ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րին մէջ, բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Քա­շա­թաղ շրջա­նի Ա­ղաւ­նոյ գիւ­ղի նո­րա­կա­ռոյց Ա­րիա­ւան թա­ղա­մա­սին:

Հան­դի­սու­թեան ըն­թաց­քին նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է Ա­ՌԻ հիմ­նադ­րա­մին՝ ծրա­գի­րի ի­րա­կա­նաց­ման մէջ ու­նե­ցած գոր­ծուն մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար եւ ընդգ­ծած, որ գիւ­ղա­կան բնա­կա­վայ­րե­րու  շէ­նա­ցու­մը ե­ղած է ու կը մնայ հան­րա­պե­տու­թեան ռազ­մա­վա­րա­կան խնդիր­նե­րու ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րէն՝ ար­ժե­ւո­րե­լով զայն ժո­ղովր­դագ­րա­կան, քա­ղա­քա­կան եւ ըն­կե­րա­յին-տնտե­սա­կան տե­սան­կիւն­նե­րէն:

Ծրա­գի­րը ամ­բող­ջա­ցաւ լի­բա­նա­նա­հայ գոր­ծա­րար­ներ հա­մախմ­բող «Ար­ցախ Ռութց Ին­վեսթ­մըն»չ (Ա­ՌԻ) հիմ­նադ­րա­մին եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջոց­նե­րով:

Սեպ­տեմ­բեր 5ին, «Ար­մէնփ­րէս» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին  Ա­ՌԻ հիմ­նադ­րա­մի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ, ՀՅԴ ­Բիւ­րո­յի ան­դամ Բե­նիա­մին Պչաք­ճեան եւ Ա­ՌԻի ան­դամ Ստե­փան Տէր Պետ­րո­սեան ներ­կա­յա­ցու­ցին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նոր Շա­հու­մեա­նի եւ Քա­շա­թա­ղի շրջան­նե­րուն մէջ կա­տա­րո­ւած ներդ­րում­նե­րը՝ յա­տուկ կեր­պով անդ­րա­դառ­նա­լով Քա­շա­թաղ շրջա­նի Ա­ղաւ­նոյ գիւ­ղի նո­րա­կա­ռոյց Ա­րիա­ւան թա­ղա­մա­սին բաց­ման:

Բե­նիա­մին Պչաք­ճեան նշեց, որ ի­րենք, ըստ Ար­ցա­խի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ կնքո­ւած հա­մա­ձայ­նա­գի­րին եւ կա­ռա­վա­րու­թեան ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ, Նոր Շա­հու­մեա­նի եւ Քա­շա­թա­ղի շրջան­նե­րուն մէջ կը տրա­մադ­րեն մատ­չե­լի տո­կոս­նե­րով գիւ­ղատն­տե­սա­կան  փոքր վար­կեր՝ ա­նաս­նա­պա­հու­թեան եւ հո­ղա­գոր­ծու­թեան զար­գաց­ման նպաս­տե­լու նպա­տա­կով: 2010-2016 թո­ւա­կան­նե­րուն հիմ­նադ­րա­մին տրա­մադ­րած վար­կե­րէն օգ­տո­ւած են ա­ւե­լի քան հա­զար ըն­տա­նիք­ներ, իսկ վեր­ջերս Ա­ՌԻն նա­խա­ձեռ­նեց բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան ծրա­գի­րի մը, ո­րուն ա­ւար­տին 150 նոր բնա­կա­րան­ներ պի­տի կա­ռու­ցո­ւին եւ յանձ­նո­ւին տէ­րե­րուն:

«Այս կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը ոչ թէ բա­րե­սի­րա­կան, այլ ներդ­րու­մա­յին է, ա­նոր նպա­տակն է Սփիւռ­քէն ներդ­րում­ներ ա­պա­հո­վել այս եր­կու շրջան­նե­րու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման եւ վե­րաբ­նա­կեց­ման նպա­տա­կով: Ա­ՌԻն հիմ­նո­ւած է 2010ին: Սկսանք 16 գոր­ծա­րա­րով, իսկ այ­սօր ար­դէն 180 գոր­ծա­րար­ներ ան­դամ են այս հիմ­նադ­րա­մին, ա­նոնք Սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րէն են՝ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­ներ, Քո­ւէյթ, Եւ­րո­պա. ներդ­րող­նե­րուն 80 առ հա­րիւ­րը Լի­բա­նա­նէն են: Հա­ւա­նա­բար ա­նոնք զի­րար չեն ճանչ­նար, սա­կայն տրա­մա­դիր են ներդ­րում­ներ կա­տա­րե­լու այս նպա­տա­կով: Ծրա­գի­րին սկսած ենք հիմ­նա­կա­նին մէջ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան զար­գաց­ման հա­մար փոքր վար­կեր տրա­մադ­րե­լով: Մեր այս աշ­խա­տանք­նե­րը կ­՛ի­րա­կա­նա­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թեան հետ հա­մա­ձայ­նա­գի­րով մը, ա­նոր ե­րաշ­խա­ւո­րու­թեամբ, ինչ­պէս նաեւ գիւ­ղի եւ գիւ­ղատն­տե­սու­թեան զար­գաց­ման հիմ­նադ­րա­մին հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ: Մենք ո՛չ ­միայն նպաս­տած ենք այդ ըն­տա­նիք­նե­րու կեն­սա­մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման, այլ նաեւ այդ շրջան­նե­րու տնտե­սա­կան զար­գաց­ման, ար­ձա­նագ­րո­ւած է նաեւ բնակ­չու­թեան 20-25 տո­կո­սի աճ», ը­սաւ Բ. Պչաք­ճեան:

Ա­նոր հա­մա­ձայն, հիմ­նադ­րա­մին կող­մէ այս եր­կու շրջան­նե­րուն մէջ տրա­մադ­րո­ւած վար­կե­րուն շնոր­հիւ ա­ւել­ցած է խո­շոր եղ­ջե­րա­ւոր ա­նա­սուն­նե­րու գլխա­քա­նա­կը, ե­ռա­պատ­կո­ւած է մանր եղ­ջե­րա­ւոր­նե­րուն թի­ւը:

«Մշա­կո­ւած տա­րածք­նե­րը նոյն­պէս ե­ռա­պատ­կո­ւած են: Վեր­ջերս մենք նա­խա­ձեռ­նե­ցինք նոր ծրա­գիր­նե­րու, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րին բնա­կա­րա­նա­շի­նու­թեան: Մենք ու­նինք սու­րիա­հայ եղ­բայր­ներ, ո­րոնք Սու­րիոյ մէջ տի­րող պա­տե­րազ­մա­կան կա­ցու­թեան լոյ­սին տակ փա­փաք յայտ­նե­ցին տե­ղա­փո­խո­ւե­լու Ար­ցախ եւ վե­րաբ­նա­կեց­նե­լու այդ տա­րածք­նե­րը: Մենք ալ մեր հեր­թին ա­ջակ­ցած ենք այս ծրա­գի­րին, որ բաղ­կա­ցած է ե­րեք մա­սէ: Ա­ռա­ջին փու­լը 50 բնա­կա­րա­նի կա­ռու­ցումն է, որ գրե­թէ ամ­բող­ջա­ցած է: Հի­մա հե­տե­ւո­ղա­կան ձե­ւով պէտք է ըն­թա­նան երկ­րորդ եւ եր­րորդ փու­լե­րը: Իբ­րեւ ար­դիւնք կ­՛ու­նե­նանք 150 նո­րա­կա­ռոյց բնա­կա­րան: Բնա­կա­րան­նե­րը կը գտնո­ւին Ա­ղաւ­նոյ գե­տի ա­փին, Գո­րիս-Ստե­փա­նա­կերտ մայ­րու­ղիին վրայ: Այդ տա­րած­քը ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թիւն ու­նի թէ՛ իր դիր­քով, թէ՛ բնա­կան հարս­տու­թեամբ», նշեց Բ. Պչաք­ճեան: Ան ա­ւել­ցուց, որ Սեպ­տեմ­բեր 3ին ար­դէն 25 բնա­կա­րան­ներ յանձ­նո­ւած են ի­րենց տէ­րե­րուն եւ ա­նոնք ար­դէն բնա­կե­լի վի­ճա­կի մէջ են: «Յոյս ու­նինք, որ մին­չեւ տա­րե­վերջ մնա­ցած 25ն­ ալ կը յանձ­նո­ւին», եզ­րա­փա­կեց ան:

Բնա­կա­րան­նե­րը կը տրա­մադ­րո­ւին Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի կա­ռա­վա­րու­թեան մի­ջո­ցով: Ա­նոնք նա­խա­տե­սո­ւած են 6 եւ ա­ւե­լի ան­ձե­րէ բաղ­կա­ցած ըն­տա­նիք­նե­րու, սպա­նե­րու եւ այն ըն­տա­նիք­նե­րուն հա­մար, ո­րոնց բնա­կա­րան­նե­րը քան­դո­ւած են այս ա­ւա­նը կա­ռու­ցե­լու հա­մար: Ար­դէն Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի վար­չա­պետ Ա­րա Յա­րու­թիւ­նեա­նի հետ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն ձեռք բե­րո­ւած է, որ­պէս­զի բնա­կա­րան­ներ յատ­կա­ցո­ւին նաեւ Ար­ցա­խի մէջ բնա­կիլ ու­զող սփիւռ­քա­հա­յե­րուն հա­մար:

Կազ­մա­կեր­պու­թեան ան­դամ Ստե­փան Տէր Պետ­րո­սեան շեշ­տեց, որ ի­րենք թէեւ գոր­ծառ­նու­թիւն կը կա­տա­րեն, սա­կայն ան­կէ մեծ շահ չեն ակն­կա­լեր, կը ստա­նան միայն ներդ­րու­մա­յին տո­կոս­ներ, ո­րոնք շատ ցած են ե՛ւ վ­ճա­րո­ղին, ե՛ւ ­ներդ­րում կա­տա­րող­նե­րուն հա­մար: Ան այս ներդ­րու­մա­յին ծրա­գի­րը կը նկա­տէ եր­կա­րա­մեայ, քա­նի որ կրնայ տե­ւել 20-30 տա­րի:

Հիմ­նադ­րա­մին նպա­տակն է դառ­նալ հա­մա­հայ­կա­կան կա­ռոյց, որ ներդ­րում­ներ կը կա­տա­րէ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի զար­գաց­ման հա­մար, ինչ­պէս նաեւ կը վե­րա­կանգ­նէ Քա­շա­թա­ղի՝ մին­չեւ պա­տե­րազ­մա­կան տա­րի­ներ ու­նե­ցած 2 հա­զար հեկ­տար խա­ղո­ղի այ­գի­նե­րը, մի­լիո­նա­ւոր ա­նա­սուն­նե­րը, դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի «պա­րէ­նա­յին զամ­բիւղ»ը՝ եր­կու հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րուն սննդամ­թերք եւ մսամ­թերք ա­պա­հո­վե­լով: