Հայ Օգնութեան Միութեան ՕՐուան Եւ Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 54րդ Տարեդարձի Տօնակատարութիւն


Վարդուհի Պարտագճեան


«Մենք՝ ուխտեալներ Հայ Օգնութեան սուրբ գործին…

Մենք՝ ուխտեալներ ՀՕՄի պայծառ դրօշին..»

Իր ուխտին հաւատարիմ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը, Յունուար 29ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգայինի թատերասրահէն ներս, մեծ շուքով եւ արժանավայել վեհութեամբ նշեց ՀՕՄի ՕՐը եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 54րդ տարեդարձը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւ Տէր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան , Հ.Յ.Դ. «Սողոմոն Թէհլիրեան»՝ կոմիտէի հերթապահ Յակոբ Ճանպազեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վարսենիկ Սարգիսեան, ՀՕՄի Գանատայի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Նաթալի Մանուկեան, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ համակիրներ եւ ՀՕՄուհիներ:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Նորա Պօղոսեանի, Դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեանի, որմէ ետք ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը միութեան ծառայած եւ առյաւէտ բաժնուած անդամուհիներուն:

Օրուան հադիսավարն էր Պայծառ Թիթիզեան, իսկ պատգամաբերը՝ ՀՕՄի բազմավաստակ անդամ Աննա Պուլկարեան:

ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Իռէն Թիլիմեան վարչութեան խօսքը ներկայացուցնելով՝ անդրադարձաւ ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի նպատակասլաց ծառայութեան, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով ՀՕՄուհիներու տքնաջան աշխատանքը եւ անձնուէր ծառայութեան շնորհիւ վարչութեան իրագործած ծրագիրները: Ան նշեց, թէ մասնաճիւղը ներդրում ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ թորոնթոհայ գաղութի գոյատեւման եւ բարգաւաճման առաքինի սուրբ գործին, բարեսիրական, առողջապահական, դաստիարակչական, կրթական եւ ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը հայ դպրութեան եւ հայակերտումի ջահակիրը հանդիսացած է՝ ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանը դարձնելով իր հոգածութեան նպատակակէտը, տարեկան յատկացումներ կատարելով: Ինչպէս նաեւ վերջերս Թորոնթօ հաստատուած Սուրիահայերուն եւ հոգածութեան կարիքը ունեցող ընտանիքներու օժանդակութեան ձեռք կ՝երկարէ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի միջոցաւ:

ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղը՝ գեղեցիկ աւանդութեամբ՝ 1997էն ի վեր հաստատած է «Տարուան Երիտասարդ Կամաւոր»ի մրցանակը: Այս տարի սոյն մրցանակին արժանացաւ Տարօն Տէրտէրեան իր ազգանուէր եւ նուիրեալ կամաւոր ծառայութեան համար: Իսկ Համալսարանական կրթաթոշակ մրցանակին արժանացան Անի Սահակեան, Գառնի Կարապետեան Եւ Կայծակ Կարէն Գասապեան։ «Դրօ Նաճարեան» հիմնադրամի կրթաթոշակին արժանացաւ օրդ. Քարլի Սահակեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Յասմիկ Թաշճեան, որ փունջ մը բանաստեղծութիւններու ընդմեջէն մեկնաբանեց ՀՕՄուհիի անսակարկ նուիրումը, զոհաբերութիւնը, անկոտրում կամքն ու ծառայասէր ոգին։

Օրուան պատգամաբեր Աննա Պուլկարեան՝ հակիրճ ձեւով անդրադարձաւ ՀՕՄի հիմնադրութեան։ «Այսօր դժուար եւ գրեթէ անկարելի է գտնել աշխարհատարած 27 տարբեր երկիրներու երդիքներուն ներքեւ համախմբուած 220 մասնաճիւղեր, 14 հազարէ աւելի հաշուող կամաւոր աշխատանք տանող կազմակերպութիւն մը, զինուորական կարգապահութեամբ եւ ազգային ոգիով տոգորուած, ներուժ մը որ աշխարհով մէկ տարբերութիւն կրնայ ընել իր բաղանքով»։

Բանախօսը դիտել տուաւ,  որ այսօր, աւելի քան 100 տարիներ ետք, ՀՕՄը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի։ Քայլ պահելու համար օրուան յառաջխաղացքին, անհրաժեշտ է օգտուիլ երիտասարդներու գիտութենէն, երիտասարդացնելով գաղափարները եւ անցեալին փորձին միախառնելով մերօրեայ արդիականացած աշխատելաձեւը հարմարցնելով այսօրուան կարիքներուն:

Բանախօսը եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ . “Հայ կիներու անզուգական այս կազմակերպութիւնը սփիւռքէն հայրենիք, միշտ հայ ժողովուրդին եւ անոր դատին կողքին կանգնած, անկասկածօրէն պիտի շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութեան անշեղ ճանապարհը: Ժողովուրդիս հետ եւ ժողովուրդիս համար»:

Բանախօսին, որպէս յուշանուէր, յանձնուեցաւ Տոքթ. Զապէլ Գաբրիէլեան -Churchill –ի հեղինակութեամբ `«Sisters Of Mercy» գիրքը :

Առ ի գնահատանք, Հայ Օգնութեան Միութեան 15 , 25, 35 եւ 60 տարիներու անդամակացութեան եւ յարատեւ նուիրումին, պատուոյ զարդասեղներու արժանացան շարք մը ՀՕՄուհիներ:

Ցուցադրուեցաւ ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներու հանգրուանը ներկայացնող տեսերիզ մը։

Առ ի գնահատանք Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի կազմին, ինչպէս իր հայրենանուէր գործունէութեան, ի նպաստ հայապահպանման, Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման նուիրական աշխատանքին, պատուոյ գնահատագրի արժանացաւ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Առ ի գնահատանք նուիրումին եւ անսակարկ ծառայութեան՝ պատուոյ գնահատագրի արժանացան Լորա Մավլեան եւ Շաքէ Ստեփանեան:

Կնքամայրութեամբ Գեղուհի Պասթաճեանի՝ 28 նորագիր անդամուհիներ կատարեցին իրենց ուխտը, մուտք գործելով ՀՕՄի նուիրական յարկէն ներս։

Տօնակատարութեան աւարտին Հայր. Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէքեան իր հայրական պատգամը փոխանցեց ՀՕՄուհիներուն։ Ան գնահատեց ՀՕՄի այն ոգին՝ «ՀՕՄը կամաւորներու հսկայ բանակ մըն է, ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ հսկայական գործ կը կատարէ»:

Հանդիսութեան աւարտին մոմավառութեան արարողութիւնը կատարեց Զուարթ Ծատուրեան, ջահը փոխանցելով կրտսեր սերունդի նորագրեալ Կասիա Մուրատին:

Փառք ու պատիւ այն անձնուէր փաղանգին, որ յոյսի եւ լոյսի ջահակիրը կը մնայ ՀՕՄի սրբազան առաքելութեան…

Փառք Հայուհիի աննկուն կամքին եւ ծառայասէր ոգիին…

Բարի երթ դէպի նորանոր նուաճումներ…

Բարի երթ դէպի լուսաշող ամեակներ…