20-ամեայ Զինծառայող Դաւիթը Ոտքի Կանգնելու Համար Մեր Օգնութեան Կարիքը Ունի


Դաւիթ Սարգսեանը  ծնած է Երեւան,  2015 թուականի Յունիս 6-ին զօրակոչուած է բանակ։ Զինուորական ծառայութեան երրորդ ամսուն Օգոստոս 25-ին, դէպի Իջեւանի իր զօրամաս դիրքերէն վերադարձին բարձրունքէ մը ինկած է եւ ողնածուծը վնասուած։ Դաւիթը կը պատմէ, թէ արկածէն ետք ուշաթափուած է, ընկերները գտած են զինք եւ տարած բուժկէտ։ 15 օր անգիտակից վիճակի մէջ պառկած է։ Երեւանի զինուորական հիւանդանոցին մէջ մնացած է 6 ամիս։

«Սկիզբը բժիշկները միայն կեանքս փրկելու մասին կը մտածէի, երբ ուշքի եկայ, երկու օր անցաւ, զգացի ոտքս չի շարժիր, ողնահարս նկարեցին, եւ ըսին, որ ողնածուծս վնասուած է։ Բայց կը մտածէի, քանի մը ամիսէն կը լաւանամ, յետոյ դարձեալ դիրքեր կը բարձրանամ, հոն շատ աւելի հետաքրքրական է։ Միշտ կը խօսէի ընկերներուս հետ ու կ՛ըսէի շուտով կու գամ, բայց յետոյ պարզուեցաւ, որ վիճակս լուրջ է», տխուր շեշտով կը պատմէ Դաւիթը։

Ան հիմա զրկուած է քալերու կարողութենէն։Պէտք է ամբողջութեամբ հետազօտուի եւ անհրաժեշտ բուժում ստանայ, հաւանաբար ողնածուծի պատուաստում, որուն համար բաւական գումարի կարիք կայ։ Վերջերս պետպատուերով Կարմիր խաչի մէջ ստացած մերսումներուն շնորհիւ Դաւիթը կրնայ նստիլ։ «Մերսումներէն ետք բաւական յառաջընթաց կայ», կ՛ըսէ Դաւիթին մայրը՝ Գայիանէն։

Ընտանիքը տուն չունի, կը բնակի վարձով փոքր տան մը մէջ։ Հայրը երկու ամիս առաջ մահացած է, իսկ մայրը Դաւիթին խնամելու պատճառով չի կրնար աշխատիլ։

Դաւիթը կ՛ուզէ ոտքի կանգնիլ ու դարձեալ բանակ վերադառնալ, որ ամբողջացնէ իր ծառայութիւնը։ Ան ինչպէս բոլոր երիտասարդները ունի բազմաթիւ երազանքներ։ Խատմութեան բաժանմունքի ուսանող է,  կ՛ուզէ ուսումը շարունակել , մասնագիտանալ եւ իրաւաբան դառնալ։

Երիտասարդ Դաւիթ Սարգսեանը մէկն է այն զինուորներէն, որոնք Հայրենիքի հանդէպ իրենց զինուորական պարտքը կատարելու ընթացքին ստացած են անդառնալի վնասուածք։ Դժբախտ պատահարին պատճառով այժմ ան առաջին կարգի հաշմանդամ է: Բուժումը տարբեր բժշկական հաստատութիւններու մէջ ստացած է թերի եւ հիմա ունի բոլորիս աջակցութեան կարիքը: Ճակատագիրը դաժան գտնուած  է անոր հանդէպ. Դաւիթէն խլած է քալելու կարողութիւնը։

Օգնենք Դաւիթին, վերստին անոր պարգեւենք քալելու երջանկութիւնը զգալու հնարաւորութիւնը:

Օգնութեան համար կրնաք կապուիլ Դաւիթին, կամ անոր մօր հետ

Հեռ․ Դաւիթ՝ (00374) 91041878

Գայիանէ՝ Դաւիթին մայրը,  (00374) 93131312

Բացուած է նաեւ դրամատնային հաշիւ․

Հայկական զարգացման բանկ- Armenian Development Bank, Yerevan

Դրամ 1810008144080100

Տոլար 1810008144080101

Եւրօ 1810008144080150

Ստացող` Գայիանէ Սարգսեան` Դաւիթին մայրը: