38րդ ­Վե­րա­մու­տի Ա­ռա­ջին Զան­գը Տար­բեր Հնչեց…


Տէր եւ Տի­կին Վա­րու­ժան եւ Սիլ­վա Լա­բո­յեաններ Կը Կա­տա­րեն Իշ­խա­նա­կան Նո­ւի­րա­տո­ւու­թիւն Մը

Խա­ժակ


Թո­րոն­թո­յի ՀՕ­Մի Ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նի 38րդ ­տա­րեշր­ջա­նը սկսաւ քիչ մը տար­բեր մթնո­լոր­տով: Ար­դա­րեւ՝ Սեպ­տեմ­բեր 6ի ա­ռա­ւօ­տեան, Թո­րոն­թո­յի ՀՕ­Մի Պա­պա­յեան Ման­կա­պար­տէ­զի, Գո­լո­լեան Նա­խակր­թա­րա­նի եւ Երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րա­նի կո­կոն դա­սա­րա­նէն մին­չեւ 12րդ ­կար­գի 550էն ա­ւե­լի ա­շա­կերտ­ներ, ի­րենց ու­սու­ցիչ­նե­րու ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ, ուղ­ղո­ւե­ցան Սբ. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղե­ցի՝ միաս­նա­բար նշե­լու 38րդ ­Վե­րա­մու­տը:

Վե­րա­մու­տի պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնո­ւե­ցան Գա­նա­տա­յի Հա­յոց Թե­մի ա­ռաջ­նորդ Տէր Բաբ­գէն Ար­քե­պիս­կո­պոս Չա­րեան, Ս. Աս­տո­ւա­ծա­ծին Հա­յաս­տա­նեայց ա­ռա­քե­լա­կան ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ հայր Գե­ղարդ ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետ Քիւս­պէ­կեան, ծխա­տէր քա­հա­նայ Տէր Կո­մի­տաս Փա­նո­սեան, Սբ. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Հայ Կա­թո­ղի­կէ ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ Հայր Ե­ղիա ծայ­րա­գոյն վար­դա­պետ Գի­րէ­ջեան, Թե­միս հո­գե­ւոր հայ­րեր, ՀՅԴ ­Գա­նա­տա­յի Կեդ­րո­նա­կան Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Նո­րայր Պէր­պէ­րեան, ՀՅԴ «Սո­ղո­մոն Թէհ­լի­րեան» Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յա­կոբ Ճան­պա­զեան, Վար­ժա­րա­նի տնօ­րէն Դոկտ. Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան, Կրթա­կան Մար­մի­նի ա­տե­նա­պետ Սե­ւակ Քիւ­փէ­լեան, նախ­կին կրթա­կան մար­մին­նե­րու ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ ՀՕ­Մի, Հա­մազ­գա­յի­նի, ՀՄԸ­Մի, Հայ Ե­րէց­նե­րու Ըն­կե­րակ­ցու­թեան եւ Սբ. Աս­տո­ւա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ հո­գա­բար­ձու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ ու ծնող­ներ: Ներ­կայ էր նաեւ «Նոր Հայ Հո­րի­զոն» հե­ռուս­տա­ժա­մի կազ­մը, որ նկա­րա­հա­նեց ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը եւ պի­տի սփռէ Սեպ­տեմ­բեր 10ի հա­ղոր­դու­մով, զոր կա­րե­լի է նաեւ դի­տել YouTubeի է­ջով (Ho։izonTV To։onto):

Գա­նա­տա­յի եւ Հա­յաս­տա­նի քայ­լերգ­նե­րու միա­ձայն եր­գե­ցո­ղու­թեամբ բա­ցո­ւե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը:

Վար­ժա­րա­նի Կրթա­կան Մար­մի­նի խօս­քը փո­խան­ցեց Սե­ւակ Քիւ­փէ­լեան, որ ող­ջու­նեց ա­շա­կերտ­նե­րու, ու­սու­ցիչ­նե­րու եւ ծնող­նե­րու գա­լուս­տը եւ 2016-2017 ու­սում­նա­կան 38րդ ­տա­րեշր­ջա­նը պաշ­տօ­նա­պէս բա­ցո­ւած յայ­տա­րա­րեց: Ան յայտ­նեց, որ վար­ժա­րա­նը տա­րո­ւէ տա­րի վե­րել­քի մէջ է, բան մը՝ որ կը պար­տի ան­ցեա­լի եւ ներ­կայ տնօ­րէն­նե­րուն, ու­սու­ցիչ­նե­րուն, քար­տու­ղա­րա­կան կազ­մե­րուն եւ կրթա­կան մար­մին­նե­րուն, ո­րոնք ճիգ չխնա­յե­ցին ու չեն խնա­յեր, որ­պէս­զի վար­ժա­րա­նը յա­ջո­ղի ջամ­բել գե­րա­զանց ու­սում, տի­պար նկա­րա­գիր եւ ազ­գա­յին ու հայ­կա­կան գի­տակ­ցու­թիւն, դպրո­ցա­կան ա­պա­հով մի­ջա­վայ­րի մը մէջ: Ան խնդրեց ա­շա­կերտ­նե­րէն եւ ու­սու­ցիչ­նե­րէն ըլ­լալ ի­րա­րու հան­դէպ պա­հանջ­կոտ եւ ծնող­նե­րէն՝ ըլ­լալ պա­հանջ­կոտ ի­րենց զա­ւակ­նե­րէն, որ­պէս­զի ա­նոնք հաս­նին ու­սում­նա­կան բարձր մա­կար­դա­կի: Ան շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց վար­ժա­րա­նի բո­լոր բա­րե­րար­նե­րուն եւ ազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն բե­րած են վար­ժա­րա­նին:

Ա­պա խօսք ա­ռաւ տնօ­րէն Դոկտ. Ար­մէն Մար­տի­րո­սեան, որ վե­րա­հաս­տա­տեց վար­ժա­րա­նի վճռա­կա­մու­թիւ­նը՝ ի­րա­կաց­նել Օն­թա­րիո­յի կա­ռա­վա­րու­թեան ու­սում­նա­կան ծրա­գի­րը եւ մեր սրբա­զան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ հա­յե­ցի դա­տիա­րա­կու­թեան ջամ­բու­մը: Մար­տի­րո­սեան վեր ա­ռաւ ծնող­նե­րուն դե­րը, դրո­ւա­տեց մա­նա­ւանդ հայ ու­սու­ցի­չը եւ ա­նոնց մաղ­թեց համ­բե­րու­թիւն, ուժ ու կո­րով: Խօս­քը ուղ­ղե­լով ա­շա­կերտ­նե­րուն, Մար­տի­րո­սեան ը­սաւ. «Այս օ­րո­ւը­նէ սկսեալ, ձեզ­մէ կը սպա­սեմ խոս­տում՝ ճի­գի եւ աշ­խա­տան­քի խոս­տում, որ կա­րե­լի ըլ­լայ ձեր վե­րել­քը դէ­պի կեան­քի յա­ջո­ղու­թիւն­ներ»: Ա­ւար­տին Մար­տի­րո­սեան շնոր­հա­կա­լա­կան խօս­քեր ուղ­ղեց ՀՅԴ «Սո­ղո­մոն Թէհ­լի­րեան» Կո­մի­տէու­թեան ինչ­պէս նաեւ վար­ժա­րա­նի բա­րե­րար­նե­րուն եւ հա­մայն թո­րոն­թո­հա­յու­թեան, ո­րոնք կը հա­ւա­տան դպրո­ցի ա­ռա­քե­լու­թեան եւ ան­սա­կարկ նե­ցուկ կը կանգ­նին վար­ժա­րա­նին:

ՀՅԴ ­Սո­ղո­մոն Թէհ­լի­րեան Կո­մի­տէու­թեան խօս­քը փո­խան­ցեց Կո­մի­տէի հեր­թա­պահ՝ Յա­կոբ Ճան­պա­զեան, ո­րուն խօս­քը կը ներ­կա­յաց­նենք ամ­բող­ջու­թեամբ ա­ռանձ­նա­բար: Ա­պա, ներ­կա­յա­ցուց վար­ժա­րա­նի նո­րա­գոյն եւ պա­տո­ւա­կան բա­րե­րար՝ Տէր եւ Տի­կին Վա­րու­ժան եւ Սիլ­վա Լա­բո­յեան­նե­րը, ո­րոնք ի­րենց ազ­գա­նո­ւէր գի­տակ­ցու­թեամբ կը նո­ւի­րեն մէկ մի­լիոն տո­լար եւ այս­պի­սով ՀՕ­Մի երկ­րոր­դա­կան վար­ժա­րա­նը կը պսա­կո­ւի «ՀՕ­Մի Լա­բո­յեան Երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րան» ա­նու­նով:

Ա­րա­րո­ղու­թեան վեր­ջին խօս­քը Սրբա­զան Հօրն էր: Ան խօս­քեր ուղ­ղեց թէ՛ ա­շա­կերտ­նե­րուն, թէ՛ դաս­տիա­րակ­նե­րուն եւ թէ՛ ծնող­նե­րուն: Ան վեր ա­ռաւ ու­սու­մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը եւ պա­հան­ջեց հպարտ ըլ­լալ հա­յու­թեամբ, սի­րել վար­ժա­րանն ու լե­զուն: Խօս­քը ուղ­ղե­լով նախ­կին եւ ներ­կա­յի բա­րե­րար­նե­րուն, զա­նոնք օրհ­նեց եւ մաղ­թեց ա­րեւ­շա­տու­թիւն եւ բա­րե­բեր օ­րեր£

Սրբա­զան Հօր Պահ­պա­նի­չով փա­կո­ւե­ցաւ ՀՕ­Մի Պա­պա­յեան Ման­կա­պար­տէ­զի, Գո­լո­լեան Նա­խակր­թա­րա­նի եւ Լա­բո­յեան Երկ­րոր­դա­կան Վար­ժա­րա­նի 38րդ ­վե­րա­մու­տի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, որ­մէ ետք ա­շա­կերտ­նե­րը ու­սու­ցիչ­նե­րուն ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ ուղ­ղո­ւե­ցան դա­սա­րան­ներ՝ ի­րենց ու­սում­նա­կան նոր տա­րեշր­ջա­նը սկսե­լու հա­մար: