Հանդիպում՝ Համազգայինի Նոր Պարուսոյցներ Արեւիկ Մարտիրոսեանի եւ Արման Աւոյանի Հետ


Ապրիլ 11ին երեկոյեան, “Գլաձոր” մասնաճիւղի Պարարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, ծնողական հանդիպում մը տեղի ունեցաւ պարուսոյցներ Արեւիկ Մարտիրոսեանի եւ Արման Աւոյանի հետ` առիթ ընծայելով ծնողներուն, որ ծանօթանան Համազգայինի Պարարուեստի Ուսումնարանի եւ Էրեբունի Պարախումբի նոր պարուսոյցներուն։

Հարցազրոյցը վարեց Թամար Տօնապետեան Գուզուեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց յանձնախումբին, օգնականներուն, ծնողներուն, պարողներուն, իրենց համբերութեան եւ համագործակցութեան համար։ Ան նշեց, որ Սեպտեմբերէն մինչեւ Փետրուար, շնորհիւ Էրեբունի պարախումբէն Դաւիթ Մանուկեանի եւ Յովհաննէս Յարութիւնեանի, Պարարուեստի Ուսումնարանի Մեծերը եւ Էրեբունի Պարախումբը կրցած են յաջողցնել երեք ելոյթ։

Մասնաճիւղի վարչութեան եւ Պարարուեստի յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքին իբրեւ արդիւնք՝ Արեւիկ Մարտիրոսեանն ու Արման Աւոյանը Ուսումնարանն ու Պարախումբը ստանձնեցին Փետրուարին եւ շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ արդէն իսկ մեծ աշխատանք տարած են խումբերուն հետ, տարեվերջի յայտագիրը պատրաստած են ու ամենայն նուիրումով եւ բծախնդրութեամբ կը կատարեն իրենց վստահուած այս կարեւոր պարտականութիւնը, որակաւոր ու Համազգայնավայել ելոյթ մը հրամցնելու մեր գաղութին, Յունիս 24- 25 շաբաթավերջին։

Արեւիկն ու Արմանը Հայաստանի համբաւաւոր ԲԵՐԴ պարային համոյթի երկարամեայ ու տաղանդաւոր պարողներէն եղած են, աշխարհի զանազան երկիրները հանդէս եկած են ժողովրդային հայկական պարերով, թրծուած են ակնյայտ բեմադրիչներու եւ պարուսոյցներու հովանիին տակ։ Արմանը մասնագիտութեամբ մանկավարժ-պարուսոյց է, կեդրոնացումը եղած է հայ ժողովրդական պարարուեստը։

Ազատ զրոյցի պահուն եղան հարցումներ, ծնողները առիթ ունեցան արտայայտուելու, ի վերջոյ բարձր գնահատուեցաւ Արեւեւիկի ու Արմանի տարած հետեւողական աշխատանքը ի շահ մեր պարողներուն եւ մեր մշակոյթին։ Բարձր գնահատանքի արժանացաւ նաեւ յաձնախումբը, իրենց ուշադիր ու անձնուէր աշխատանքին համար։