Հանդիպումներ՝ Գանատայի Մէջ ՀՀ Դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանի Հետ


Մարտ 9ին, Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան` ընկերակցութեամբ Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեանի, ատենապետ Կրօնական Ժողովի եւ տիկին Ծովիկ Թերզեանի, ատենապետ Ազգային Վարչութեան եւ Դիւանապետին, այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն։

Բաբգէն Արքեպիսկոպոս առաջին հերթին յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի ժողովականութեան եւ ողջ ժողովուրդին, շնորհաւորեց նոր Սաhմանադրութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան Խորհրդարանի կողմէ ընտրուած Հայաստանի 4րդ Նախագահ՝ պրն. Արմէն Սարգիսեանի ընտրութիւնը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ Հայաստանի պետականութիւնը իր բանակով եւ ժողովուրդով առաւել հզօրանայ եւ բարքաւաճի։

Ինչպէս նաեւ սրբազան հայրը դեսպան Լեւոն Մարտիրոսեանին մաղթեց արդիւնաւէտ աշխատանք, Հայաստանի եւ Գանատայի պետութեանց միջեւ քաղաքական եւ տնտեսական գործակցութիւն եւ բարեկամութեան առաւել սերտացում։

Մարտ 10ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, Օթթաուայի մէջ աշխատանքային հանդիպում մը ունեցաւ Լեւոն Մարտիրոսեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ պատուիրակութիւնը դեսպանին հետ քննարկեց Գանատայի հայ համայնքը յուզող շարք մը հարցեր, որոնց շարքին Գանատա-Հայաստան յարաբերութիւններու հոլովոյթը, Արցախեան հիմնահարցը, Հայոց Ցեղասպանութեան պահանջատիրութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100ամեակի նուիրուած միջոցառումները: