Հանրապետական Կուսակցութիւնը Դէմ Քուէարկեց Նիկոլ Փաշինեանի Թեկնածութեան․ Վաղը՝ Ընդհանուր Գործադուլ եւ Դասադուլ


Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի Մայիս 1ի յատուկ նիստի ընթացքին կայացած բաց քուէարկութեան արդիւնքով Նիկոլ Փաշինեան չստացաւ բաւարար թիւով ձայներ ՀՀ վարչապետ ընտրուելու համար: «Ելք» խմբակցութեան կողմէ վարչապետի միակ թեկնածու առաջադրուած Փաշինեանի օգտին կողմ քուէարկեց 45, դէմ` 56 պատգամաւոր:

«Ծառուկեան» դաշինքը եւ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» կուսակցութիւնը նախապէս յայտարարած էին, որ պիտի սատարեն ՀՀ վարչապետի թեկնածուին: 105 պատգամաւոր ունեցող խորհրդարանին մէջ «Ելք», «Ծառուկեան» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւնները միասին ունին 47 ձայն (ՀՅԴ պատգամաւոր Աղուան Վարդանեան յայտարարեց չքուէարկելու մասին). ընտրուելու համար անհրաժեշտ է նուազագոյնը 53 ձայն: ՀՀԿն ունի 58 ձայն:

58 պատգամաւոր ունեցող Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութիւնը ԱԺ յատուկ նիստէն առաջ յայտարարած էր, որ վարչապետի թեկնածուին սատարելու վերաբերեալ պիտի յայտարարէ Նիկոլ Փաշինեանի ծրագրին ծանօթանալէն ետք: Իսկ քուէարկութենէն առաջ յայտարարեց, որ դէմ պիտի քուէարկէ Փաշինեանին:

Համաձայն ՀՀ սահմանադրութեան` ազգային ժողովին մէջ վարչապետի չընտրուելու պարագային քուէարկութենէն եօթ օր ետք տեղի կ՛ունենայ վարչապետի նոր ընտրութիւն, որուն մասնակցելուիրաւունք ունին պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի առնուազն մէկ երրորդի առաջադրած վարչապետի թեկնածուները: Եթե պատգամաւորներու ընդհանուր թիւի ձայներու մեծամասնութեամբ վարչապետ չընտրուի, ապա ազգային ժողովը կը լուծարուի իրաւունքի ուժով:

Նիստ աւարտէն ետք` Հանրապետութեան Հրապարակի վրայ, աւելի քան 10 ժամ Ազգային ժողովի նիստին հետեւած ժողովուրդին դիմելով՝  Փաշինեան յայտարարեց իրենց հակաքայլը։

«ՀՀԿ կուսակցութեան գործողութիւններուն կը յաջորդէ մեր հակաքայլը՝ վաղը կը յայտարարուի ամբողջական գործադուլ ու դասադուլ, վաղը կը շրջափակուին բոլոր փողոցները, երկաթուղին, մեթրոն, օդակայանը, ամէն ինչ, ինչ հնարաւոր է: Ես կը դիմեմ որպէս ժողովուրդի թեկնածու՝ բոլոր պետական ծառայողներուն՝ վաղը կը յայտարարենք  ամբողջական գործադուլ:

«Այս պայքարը չի կրնար չաւարտուիլ յաղթանակով, չկայ այդպիսի տարբերակ, ուղղակի գոյութիւն չունի: Վաղը կարիք չըլլար փողոցը փակելու համար ոեւէ մէկէն ներողութիւն խնդրելու, որովհետեւ Հայաստանի մէջ արդէն գրեթէ չեն մնացած մարդիկ, որոնք կողմ չեն այս յաղթանակին։

«ՀՀԿն այլեւս բարոյապէս գոյութիւն չունի, եթէ նոյնիսկ փողոցի մէջ մէկ տեղ տեսնէք հանրապետականի որեւէ պատգամաւորի, չնկատելու տուէք, որովհետեւ իրենք այսուհետեւ գոյութիւն չունին:

«Հայաստանի մէջ աւելի քիչ փողոց կայ, քան այստեղ մարդիկ, եթէ միայն այս բոլոր մարդիկ  լծուին այդ գործին, Հայաստանի մէջ այլեւս բաց փողոց չի մնար:

«Ես կ’ուզեմ խոնարհիլ ձեր առջեւ: Ես երէկ ըսած եմ, որ այսօր ինչ տեղի պիտի ունենար Ազգային Ժողովին մէջ, այդքան էական չէ: Ինչքան կ’երկարի այս գործընթացը, այդքան յայտնի կը դառնայ Հայաստան աշխարհի մէջ ու շուտով կը դառնայ աշխարհի իդէալը: Հայաստանի վարկանիշը աշխարհի մէջ երբեք այսքան բարձր չէ եղած, ինչքան այսօր:

Ազգային Ժողովը, կառավարութիւնը այժմ երկրորդական բաներ են, որովհետեւ այժմ աշխարհի ուշադրութիւնը այս հրապարակի վրայ է, ու աշխարհի մէջ կը շարունակեն զարմանալ՝ ինչպիսի քաղաքակիրթ, ինչպիսի զուսպ ազգի հետ գործ ունին:

«Այսուհետեւ աշխարհի մէջ հայերու անունը պիտի զուգորդուի յաղթանակի, սիրոյ, արժանապատւութեան հետ, մենք հպարտ ենք, որ հայ ենք, որ ՀՀ քաղաքացի ենք:

«Վաղը առաւօտեան 8:15էն ամբողջական գործադուլ եւ դասադուլ․ կը շրջափակենք հաղորդակցութեան բոլոր միջոցները՝ երկաթուղին, օդակայանի փողոցները, ամէն ինչ, ՀՀ քաղաքացիները դուրս կ’ելեն պահանջով, որ իրենց թեկնածուն դառնայ վարչապետ: Երեկոյեան ժամը 19:00ին կրկին ցուցանիշային հանրահաւաք տեղի պիտի ունենայ: Այսօրուան հանրահաւքը ամենամարդաշատն է այս բոլոր օրերու մէջ», ըսաւ Փաշինեան։