Հաշմանդամ Դարձած Ոեւէ Զինուոր Պէտք Չէ Անտեսուի. Հայկուհի Մինասեան


«Փանորամա»․- «Հերացի» համալսարանական  թիւ 1 հիւանդանոցի տարածքին մէջ վիրաւոր զինուորներու համար կառուցուող վերականգնողական կեդրոնին մէջ բուռն շինարարական աշխատանքներ կ՛ընթանան:

«Աջակցութիւն վիրաւոր զինուորներին եւ զինուորական հաշմանդամներին» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Հայկուհի Մինասեան  նշած է, որ  շինարարները գիշեր ու ցերեկ կ՛աշխատին, որպէսզի մինչեւ Յունուար  28 շէնքի շինարարութեան աշխատանքները աւարտեն:

Նշենք, որ հաշմանդամ զինուորներու վերականգնողական կեդրոնի բացումը կը նախատեսուի Յունուար 29ին:  Կեդրոնին մէջ համալիր վերականգնողական բուժում պիտի ստանան տարբեր տարիներուն վիրաւորուած, հաշմանդամ դարձած զինծառայողները, պիտի ցուցաբերուի հոգեբանական աջակցութիւն, իրականացուին նաեւ ուսումնական ծրագիրներ, պիտի փորձեն լուծել նաեւ անոնց գործի խնդիրը:

Հայկուհի Մինասեանի խօսքով`  կեդրոնը պիտի համալրուի գերժամանակակից սարքերով. «Շուտով թանկարժէք սարքեր պիտի բերուին Հայաստան: Ամէն ինչ պիտի ընեն, որպէսզի հաշմանդ զինուորները անհրաժեշտ բուժում ստանան Հայաստանի մէջ: Կը կարծեմ, որ այս կեդրոնի բացումէն ետք զինուորները այլեւս  արտերկիր երթալու կարիք չեն ունենար»:

Հասարակական կազմակերպութեան նախագահը նշած է, որ կեդրոնի ստեղծման գաղափարը յառաջացած է ապրիլեան պատերազմէն ետք, երբ անհրաժեշտութիւն  յառաջացած է մարտական գործողութիւններու ժամանակ վիրաւորուած զինուորներու  բուժումը կազմակերպել արտերկրի մէջ, քանի  որ  Հայաստանի մէջ գործող վերականգնողական կեդրոնները  համապատասխան հնարաւորութիւն եւ յագեցուածութիւն չունին:

«Ապրիլեան պատերազմի օրերուն շատերը կը խօսէին ողնաշարի, գանգուղեղի վնասուածք ստացած զինուորներու բուժումը արտերկրի մէջ կազմակերպելու մասին: Դուրսը վերականգնողական կեդրոններու մէջ բուժումը բաւական թանկ արժէ, իսկ վերականգնողական բուժումը ամիսներու հարց չէ, այլ՝ տարիներու: Ապրիլեան պատերազմէն ետք մասնագէտները կամաւորական սկզբունքով զինուորական հիւանդանոց գացին, անոնք սկսան աշխատելու վիրաւոր զինուորներու հետ, ունեցան այնպիսի արդիւնքներ, որոնք շատերու համար զարմանալի էին: Ծրագիր կազմեցինք, ներկայացուցինք այն ժամանակուան Առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեանին: Որոշուեցաւ ստեղծել այս կեդրոնը եւ աջակցիլ մեր հաշմանդամ զինուորներուն», ըսած է ան:

Անոր խօսքով` աշխատանքներ կատարած են, որպէսզի գտնեն տարբեր տարիներու վիրաւորուած հաշմանդամ զինուորները: «Զինուորներ կային, որոնք տարիներ շարունակ գամուած էին անկողինը, սակայն հիմա վերականգողնական բուժումներէն ետք արդէն ոտքի կանգնած են: Որեւէ զինհաշմանդամ անտեսուած պէտք չէ ըլլայ, ըսած է Հայկուհին` աւելցնելով, որ Հայաստանի մէջ կայ 9000 հաշմանդամ, տարեկան 200-300ով հաշմանդամ զինուորներու թիւը կ՛աւելնայ:

Վերականգնողական կեդրոնին  մէջ մնայուն բուժում կրնան ստանալ 30-40 հաշմանդամ զինուորներ, իսկ շարժական  բուժում` աւելի շատ հաշմանդամներ:

Նշենք, որ վերականգնողական բուժումը կ՛իրականացուի անվճար:

Քառօրեայ պատերազմին Թալիշի մէջ վիրաւորուած Աւետիս Զարգարեանը։