Հասիչէի Ս.Յովհաննու Կարապետ եւ Գամիշլիի Ս.Յակոբ Եկեղեցիներուն Մէջ Յիշատակուեցաւ Ս.Յարութեան Տօնը


«Գանձասար»․- Ապրիլ 16ին, Հասիչէի հայ առաքելական Ս Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. եւ Անմահ պատարագ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով: Տ.Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան իր քարոզին ընմէջէն օրուան պատգամը տուաւ՝ յորդորելով քրիստոնէական հաւատքի ուժին փարիլ ու Քրիստոսի մարդասիրութեան օրինակին հետեւիլ:

Նոյն օրը, առաւօտեան, Գամիշլիի Ս.Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով:

Օրուան խորհուրդն ու պատգամը փոխանցեց հոգշ. դոկտ. Ռուբէն Աբղ.Նալպանտեան՝ հոծ հաւատացեալներու ներկայութեան:

Նախքան պատարագին աւարտը, եկեղեցւոյ թափօրը ՀՄԸՄի փողերախումբին եւ սկաուտական խումբերուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ առաջնորդարանի շրջափակ, ուր շարունակուեցաւ արարողութիւնը:

Աւարտին, փողերախումբը ազգային երաժշտութեամբ խանդավառեց ներկաները, «Կիլիկիա» երգին միացաւ նաեւ հաւատացեալ բազմութիւնը:

Ապրիլ 17ին, Գամիշլիի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ ննջեցեալներու հոգեհանգստեան արարողութիւն։