Հարիւրաւոր Սփիւռքահայ Պատանիներ Կը Մասնակցին «Քայլ Դէպի Տուն» Ծրագիրին


Յուլիս 1-էն Օգոստոս 25, «Քայլ դէպի տուն» ծրագիրով աշխարհի տարբեր կողմերէն՝ Ֆրանսայէն, Պրազիլէն, Զուիցերիայէն, Կիպրոսէն, Իրանէն, Ռուսիայէն եւ շարք մը այլ երկիրներէ Հայաստան եկած հարիւրաւոր պատանիներ՝ Ծաղկաձորի գրողներու տան մէջ կարելիութիւնը պիտի ունենան կատարելագործելու հայերէն լեզուի իմացութիւնը՝ հայոց լեզուի արագացուած դասընթացներու միջոցով, ինչպէս նաեւ առիթը պիտի ունենան ճանչնալու Հայաստանը՝ այցելելով պատմամշակութային յուշարձաններ, հանդիպելով մշակոյթի եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներու:

Ծրագիրին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Յուլիս 29ին, Ծաղկաձորի մէջ:

«Մասնակիցներուն կը սպասէ հիւրընկալ հայրենիքը: Պիտի իրականացուին բազմաթիւ ծրագիրներ, պիտի կազմակերպուին ծանօթութիւններ Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ ապրող հայրենակիցներու հետ: Կը նախատեսուին ճանաչողական այցեր պետական եւ մասնաւոր կրթական հաստատութիւններ», նշեց Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան:

Ան ընդգծեց, որ իրենց գլխաւոր նպատակը Հայաստան-Սփիւռք կապերու ամրապնդումն է:

Ըստ ծրագիրի գործընկեր «Դասաւանդի՛ր, Հայաստան» կազմակերպութեան հիմնադիր եւ ղեկավար Լարիսա Յովհաննիսեանի՝ իրենք հետաքրքրական կրթական ծրագիրներ մշակած են, նկատի ունենալով մասնակցողներուն տարիքը եւ հայոց լեզուի իմացութեան մակարդակը:

«Դասերը ստեղծագործական մթնոլորտի մէջ պիտի անցնին եւ ամէն ինչ պիտի ընենք, որ երեխաները չձանձրանան ու սիրով սորվին», նշեց Յովհաննիսեան:

Ծրագիրը պիտի իրականացուի երկու փուլով: Առաջին փուլին պիտի մասնակցին 209, իսկ երկրորդ փուլին՝ 190 պատանիներ: Նախաձեռնութեան բոլոր ծախսերը կը հոգայ Հայաստանի կառավարութիւնը, որ այս ծրագիրին համար ամավարկէն յատկացուցած է 86 միլիոն դրամ:

«Ուրախ եմ տեսնելով ձեզ այստեղ եւ յուսով եմ, որ ասիկա պիտի ըլլայ ձեր առաջին եւ ոչ վերջին քայլը դէպի հայրենիք: Դուք պիտի կապուիք ձեր հայրենիքին հետ եւ վստահ եմ՝ պիտի պահէք այդ կապը: Եւ օր մըն ալ պիտի գաք ու մշտական բնակութիւն հաստատէք Հայաստան։ Յիշեցէք՝ Հայաստանը ձեր բոլորին տունն է, ուր որ ալ ապրիք: Այս երկիրը ունի ձեր կարիքը, եւ մենք միշտ պիտի սպասենք ձեզի հայրենիքի մէջ», բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարեց Զարեհ Սինանեան:

Ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն, այս տարի մասնակցողները ոչ թէ կը հիւրընկալուին հայաստանցի ընտանիքներու կողմէ, այլ կը մնան ճամբարներու մէջ: