Հարցերը Պէտք է Լուծուին Սահմանադրութեան Ծիրէն Ներս․ Նախագահը Խորհրդակցութիւններ Ունեցած է


Ընդառաջելով Վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանի առաջարկին՝ Ապրիլ 25ի ողջ օրուան ընթացքին՝ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան խորհրդակցութիւններու շարք մը ունեցած է խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ հասարակական-քաղաքական գործիչներու հետ՝ քննարկելու համար երկրին մէջ ստեղծուած իրավիճակը եւ անկէ դուրս գալու ուղիները:

Քննարկումներուն ընթացքին բոլոր մասնակիցները համակարծիք եղած են, որ բարձրացուած հարցերը պէտք է լուծուին Սահմանադրութեան ծիրէն ներս, ներառելով բոլոր սահմանադրական գործընթացները, ընդհուպ մինչեւ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները, անհրաժեշտ պարագային մինչ այդ փոփոխութիւններ կատարելով Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ եւ Սահմանադրութեան հետ կապուած օրէնքներուն մէջ: