«Հեռուստամարաթոն-2018»ը Պիտի Կրէ «Եկէք Արարենք Միասին» Խորագիրը. Թորոնթոյի Դրամահաւաքին Հաւաքուեցաւ 1 Միլիոն Տոլար


Այս տարի «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի կողմէ Լոս Անճելըսի մէջ իրականացուող ամենամեայ հեռուստամարաթոնը տեղի պիտի ունենայ Նոյեմբեր 22ին:

«Հեռուստամարաթոն-2018»ը, որ պիտի կրէ «Եկէք արարենք միասին» խորագիրը, պիտի ընդգրկէ նախորդ տարուան` խորքային հորերու հորատման եւ արեւային ջրատաքացուցիչներու տեղադրման ծրագիրները. Պիտի իրականացուին նաեւ ենթակառուցուածքներու զարգացման ծրագիրներ Հայաստանի մէջ:

 «Հեռուստամարաթոն-2018»ին ընդառաջ` Հոկտեմբեր 21ին, Թորոնթոյի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին տեղւոյն մասնաճիւղի տարեկան դրամահաւաքի ձեռնարկին կարելի եղաւ գոյացնել 1 միլիոն 300 հազար գանատական տոլար (1 միլիոն ամերիկեան տոլար) գումար մը։

Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հովանիին տակ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին հաւաքուած գումարը նոր մրցանիշ մըն էր շրջանին համար եւ անիկա պիտի տրամադրուի Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հիմնադրամին նախաձեռնած կենսական շարք մը ծրագիրներու իրագործման։

Հիմնադրամի երկրորդ նուիրատուն UNIBANK ARMENIA ընկերութիւնն է, որ կառոյցին նուիրեց 15 միլիոն դրամ: