Հերթակա՞ն, Թէ Վերջնական


Աբօ Պողիկեան

Ծանր փորձութենէն ինչպէ՞ս դուրս եկաւ մեր երկիրը: Այո՛, փորձութիւն էր զէնքի միջոցաւ ընկերային արդարութեան եւ ազգային կարեւորագոյն խնդիրներու լուծում պարտադրելու խումբ մը հայորդիներու վտանգաւոր գործողութիւնը:

Յուսահատական թէ այլ հոգեվիճակով ձեռնարկուած նման գործողութիւններ հայկական իրականութեան մէջ ընդունելի չե՛ն կրնար ըլլալ՝ նախ ժողովրդավարական զարգացման գործընթացը վտանգելու, ապա ամբողջ ազգի ներաշխարհին վրայ հայու ձեռքով հայու արեան հեղումին ծանրագոյն նստուածք թողնելուն պատճառով:

Համաձայն ենք ու կ՛ընդգծենք նախագահի ելոյթին մէջ հնչած հաստատումը, թէ՝ «զէնքով եւ բռնութեամբ Հայաստանում հարցեր չեն լուծուելու»։

Այս փորձութենէն անդին անցնելու եւ երկրի հետագայ ընթացքը նշելու իշխանական առաջին դրսեւորումը՝ Հայաստանի նախագահին ելոյթն էր, զոր ան ունեցաւ «հասարակութեան տարբեր շերտերի ներկայացուցիչների՝ մշակոյթի գործիչների, առողջապահութեան ոլորտի, զանգուածային լրատուութեան միջոցների ներկայացուցիչների, հասարակական, քաղաքական գործիչների, Հանրային խորհրդի անդամների, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմինների ներկայացուցիչների, ՀՀ օրէնքով ստեղծուած մշտապէս գործող մարմինների ղեկավարների, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասի ներկայացուցիչների հետ»:

Նախագահը գոհ էր, որ իրաւապահ մարմինները յաջողեցան նուազագոյն զոհերով ու վնասներով հասնիլ այս հանգրուանի «հանգուցալուծման»՝ զինեալ խումբի անդամներու ձերբակալութեան:

Անշո՛ւշտ, եթէ նախագահին յիշատակած դասական հակադարձութեամբ՝ զինեալները ուժի միջոցով չէզոքացնելու քայլին դիմուէր, ապա զոհերուն թիւը շատ աւելի բարձր պիտի ըլլար, եւ անոր քաղաքական եւ քարոզչական հետեւանքները իշխանութեանց համար շա՜տ աւելի ծանր կրնային ըլլալ:

0801serjՈստիկանութեան շարքերէն երկու զոհերու պարագան ցաւով կ՛արձանագրենք եւ հազար երանի կու տանք, որ անոնք նահատակութեան պսակը շահէին Արցախեան շարժումի տարիներուն բազմաթիւ ոստիկաններու նման, թշնամիի դէմ կռիւի ընթացքին:

Նախագահը «գրագէտ» գնահատեց ոստիկանութեան հակազդեցութիւնը՝ գովելով անոր «զսպուածութիւնը», որուն վառ արտայայտութիւնները՝ Խորենացիի ու Սարի Թաղի ցուցարարներուն ու լրագրողներուն վրայ իրականացուած բիրտ յարձակումնե՞րն էին արդեօք:

Չէ՛, նախագահի ուշադրութենէն չէ վրիպած անիկա, որովհետեւ աւելի ուշ, իր ելոյթին մէջ նախագահը կատարած է հետեւեալ արտայայտութիւնը. «Ես շնորհակալ եմ մեր լրագրողներին՝ իրենց անմնացորդ աշխատանքի համար եւ անարիւն հանգուցալուծմանը նպաստելու համար: Ես նաեւ ներողութիւն եմ խնդրում մեր լրագրողներից, Յուլիսի 29ի՝ լոյս 30ի գիշերուայ դէպքերի համար. սա մեր ամենաէական բացթողումն էր այս օրերի ընթացքում: Բոլոր հետեւութիւններն անշուշտ արուելու են: Ձեր ներողամտութիւնը հայցելով՝ միայն լրագրողներին, բայց ոչ իրաւապահներին, խնդրում եմ մոռանալ այդ դէպքերի մասին, քանի որ իրօ՛ք վստահ եմ, որ այլեւս նման բան չի կրկնուելու, եւ նաեւ ուզում եմ, որ այդ դէպքերն այսուհետ անգամ ենթագիտակցական որեւէ ազդեցութիւն չունենան ձեր ազատ գործելաոճի վրայ»:

Արդեօք ոստիկանական ուժերու այսպիսի կոպիտ ու բիրտ գործողութիւններու պարագային նախագահական ներողութիւնն ու չկրկնելու խոստումը բաւարա՞ր են հանգստացնելու համար մարդկային իրաւունքներու պաշտպաններու կամ ընդհանրապէս ժողովուրդին մտահոգութիւնն ու զայրոյթը: Դժուա՛ր թէ։ Իրաւական դաշտի վրայ իսկ, ինչպէս որ նախագահը կը պնդէ, թէ զինեալներուն հանդէպ պիտի գործադրուի օրէնքը, նո՛յնը պէտք է ակնկալուի ոստիկանութեան պատասխանատուներու զանցումներուն պարագային:

Նախագահը, կը թուի, թէ անդրադարձած է այս ո՛չ բաղձալի վիճակին տուն տուող հիմնական գործօններուն, որովհետեւ իր բերնով կը հաստատէ, թէ «եկել է եզրակացութիւններ կատարելու ժամանակը: Այս իրադարձութիւնների ամբողջական վերլուծութիւնը դեռ երկար ժամանակ կը պահանջի: Սակայն մի բան ակնյա՛յտ է. ներհայաստանեան հասարակական եւ քաղաքական կեանքում անհրաժեշտ է արագացնել արմատական փոփոխութիւնների գործընթացը»:

0801serj1Նախագահի խօսքին յաջորդ հատուածը՝ մատը իսկական վէրքին վրայ դնելու ուղղութեամբ կ՛ընթանայ.

«Հիմա՝ հնչող քննադատութեան մասին: Խօսքս, ի հարկէ, ընդգծուած ահաբեկչական ձեռագրով գործող, իրենց մտադրութիւնները հայրենասիրական եւ սոցիալական արդարութեան կոչերի ներքոյ թաքցնող զինեալների մասին չէ՛. խօսքս մեր ժողովրդի մի հատուածի մտահոգութիւնների մասին է: Այո՛, Հայաստանի իշխանութիւնները կատարեալ չեն: Այո՛, Հայաստանում շատ թերի հարցեր եւ բարդ խնդիրներ կան: Մեր նպատակը դրանց լուծումներն արագացնելն է:

«Այս փուլում մեր նպատակը նաեւ ազգային համաձայնութեան իշխանութիւն ձեւաւորելն է, որտեղ լուծումների իրականացումը կը լինի լայն համաձայնութեան դաշտի պատասխանատուութեան ներքոյ: Սահմանադրական բարեփոխումները հէնց դրա մասին էին, հէնց այդպիսի իշխանութիւն ձեւաւորելու հիմքն է դրուել այդ բարեփոխումներով: Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը իրեն չգտած ինչ-որ մէկի՝ դէպի աթոռ սողոսկելու մասին չէ, այն քաղաքական պատասխանատուութեան հնարաւորինս լայն տեղաբաշխման եւ կիսելու մասին է, ինչի ինստիտուցիոնալ (կառուցային-Խմբ.) ողջ հենքը մենք արդէն իսկ ապահովել ենք: Վստահաբար պնդում եմ, որ ընդամէնը ամիսներ անց, մենք ունենալու ենք հէնց այդպիսի՛ կառավարութիւն, հէնց այդպիսի՛ իշխանութիւն:

«Մենք այդ ճանապարհով ենք գնում, եւ այդ ճանապարհը քաղաքական ուժերի, քաղաքական գործիչների դերակատարման մասին է…»:

Այդ ճանապարհը աւելի արագ կտրելու ժողովրդային ակնկալութիւնը կրնա՞յ արդարացնել նախագահը իր հետագայ անմիջական գործողութիւններով: Հնչեցուած խօսքը կարծես առաւել յետաձգումը արդարացնելու կը միտի: Այսինքն՝ քիչ մըն ալ սպասեցէք, մինչեւ որ սահմանադրական փոփոխութիւնները գործադրուին եւ ամէն ինչ իր տեղը գտնէ:

Այս խոստումին հանդէպ թերահաւատութեան ամէն պատճառ ունի ժողովուրդը, եւ կոտրելու համար այդ անվստահութեան ամրութիւնը, նախագահը պարտաւոր է անմիջական քայլերու դիմել, հաւատք ներշնչող գործողութիւններ շղթայազերծել՝ ընկերային արդարութեան հաստատման, անպատժելիութեան մթնոլորտի վերացման եւ կաշառակերութիւնը չհանդուրժելու ուղղութեամբ:

Արցախի հարցով նախագահի ելոյթը կը ջանայ որոշ յստակութիւն տալ վերջերս շրջագայող զրոյցներուն՝ հաւանական զիջումներու վերաբերեալ:

«Եւս մի խնդրի անդրադառնամ, որի մասին բազմաթիւ անգամներ մենք խօսել ենք: Խօսքս Ղարաբաղի հիմնահարցի եւ, այսպէս ասած՝ «հողեր յանձնելու» մասին է: Արդէն թերեւս անհաշուելի են մեր յստակ դիրքորոշման հրապարակային հնչեցումներն անձա՛մբ իմ կողմից: Կրկնո՛ւմ եմ՝ Լեռնային Ղարաբաղի խնդրի կարգաւորման ճանապարհին միակողմանի զիջումներ չե՛ն լինելու: Բացառւո՛ւմ է: Լեռնային Ղարաբաղը երբե՛ք չի լինելու Ադրբեջանի կազմում: Բացառւում է: Մէկ անգամ եւս կրկնում եմ՝ բացառւո՛ւմ է: Ես իմ ողջ գիտակցական կեանքը իրականում նուիրել եմ այս խնդրին: Եւ իմ ժողովրդի համար ընդունելի տարբերակի հասնելու համար մի՛շտ պատրաստ եմ եղել զոհաբերել ոչ միայն ցանկացած պաշտօն, այլեւ կեանքս: Դա այդպէս է եղել երէկ, այդպէս է այսօր, այդպէս է լինելու վաղը»:

Արցախը երբեք մաս պիտի չկազմէ Ատրպէյճանին: Ատիկա յստա՛կ է: Բայց հողային զիջո՞ւմ… նախագահին խօսքը չի բացառեր ատիկա: Ուրեմն՝ մենք կը շարունակենք մտահոգուիլ ու տագնապիլ. ի՞նչ հող կը յանձնենք, ինչո՞ւ, ի՞նչ իրաւունքով: