Հիւսթընի Հայ Համայնքը Յայտնուած է «Հարվի» Ծովամրրկի Կիզակէտին. VOA


«Հարվի» ծովամրրիկը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Թեքսաս նահանգին ահռելի մեծ վնասներ հասցուցած է:

Հիւսթըն քաղաքը սուզուած է մօտ 1 մեթր ջուրի տակ: Հիւսթընի մէջ իրավիճակի եւ այնտեղ բնակող մօտ 3000 հայերու կացութեան մասին «Ամերիկայի ձայն»-ի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին պատմած է Հիւսթընի Սուրբ Գէորգ հայկական եկեղեցւոյ ծխական խորհուրդի ատենապետ Արեգ Սահակեան:

– Կրնա՞ք ըսել, թէ այժմ ո՞ւր էք եւ ի՞նչ վիճակի մէջ կը գտնուի Հիւսթըն քաղաքը:

– Հիմա Հիւսթընի վիճակը շատ վատ է, ժողովուրդին մեծ մասը անօթեւան մնացած է աղէտի պատճառով: Մեր տունը ամբողջովին ջուրի մէջ է, տեղափոխուած ենք մեր ընկերոջ տուն արդէն երկու օրէ: Կարծես բանտարկեալներ ըլլանք:

– Տեղական մարմինները ի՞նչ տեղեկութիւն տրամադրած են ձեզի: Եր՞բ պիտի կարենաք վերադառնալ տուն:

– Մեր ստացած վերջին տեղեկութիւնը այն է, որ եթէ մէկ օրէն անձրեւը դադրի, պէտք է սպասենք եւս երկու օր մինչեւ ջուրը նուազի: Սակայն տարածքներ կան, ուր ջուրի բարձրութիւնը շատ մեծ է եւ ցամքելու համար օրեր կը պահանջուին;

– Իսկ եկեղեցին ներգրաւուա՞ծ է մարդոց օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքներուն մէջ:

– Եկեղեցին միշտ պատրաստ է օգնելու հայ համայնքին եւ թիկունք կանգնելու անոր: Այժմ մեր ծխական խորհուրդի անդամներու մեծ մասին վիճակը անելանելի է: Վստահ չենք, թէ ինչպէս պիտի օգնենք մեր ժողովուրդին, սակայն գիտեմ, որ եկեղեցւոյ հովիւը` Տէր Մարտիրոս Յակոբեան կ՛աշխատի հայ համայնքի անդամներուն հետ հեռախօսով կապ պահպանելով: Կը փորձենք օգնել որքան, որ կրնանք, սակայն այս իրավիճակի մէջ շատ դժուար է այդ ընելը:

– Տեղական իշխանութիւնները պատշաճ օգնութիւն կը ցուցաբերե՞ն մարդոց:

– Անոնք նաւերով կ՛օգնեն ժողովուրդին: Շատեր փակուած մնացած են իրենց տուներուն մէջ եւ ջուրի պատճառով չեն կրնար դուրս ելլել: Այդ առումով իշխանութիւնները օգնութիւն կը տրամադրեն եւ զանոնք դուրս կը բերեն նոյնիսկ ուղղաթիռներով: