ՀՀ Ազգային Ժողովը Վիճակայարոյց Նախագիծը Ընդունելէ Ետք ԲՀԿ եւ ՀՅԴ Նախարարները Կը Հեռացուին Իրենց Պաշտօններէն


Հոկտեմբեր 2ի երեկոյեան Հայաստանի խորհրդարանը 67 կողմ ձայներով ընդունեց «Հանրապետական» եւ «Ծառուկեան դաշինք» խմբակցութիւններու նախաձեռնած փոփոխութիւնը Ազգային ժողովի կանոնակարգ-օրէնքին մէջ, ըստ որուն` եթէ պատգամաւորները չեն կրցած գալ նիստի, ապա նախագահողը նիստը կրնայ նկատել ընդհատուած: Այսինքն, եթէ մինչ այս` վարչապետը հրաժարական տար ու ինչ-ինչ պատճառներով խորհրդարանի նիստը 2 շաբաթ չկայանար, ապա խորհրդարանը իրաւունքի ուժով պէտք է լուծարուէր: Այս լրացումէն ետք նիստի չկայանալու պարագային նախագահողը կրնայ յայտարարել, որ նիստը յետաձգուած է (ոչ թէ` չկայացած): Ըստ այդմ` կը վերանայ Ազգային ժողովի ինքնալուծարման կարելիութիւնը:

Փոփոխութեան կողմ քուէարկեցին «Հանրապետական», «Ծառուկեան» եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները, դէմ՝ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւորները: 

Յիշեցնենք, որ խնդրայարոյց այս նախագիծին շուրջ իրադարձութիւնները զարգացան 1 օրուան ընթացքին: Նախ ներկայացուեցաւ փոփոխութեան նախագիծը: Այնուհետեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հանդիպեցաւ Ազգային ժողովի նախագահին եւ ՀՀԿ խմբակցութեան ղեկավարին հետ, որմէ ետք ուղիղ եթերով յայտարարեց, որ եթէ ՀՀԿն օրուան ընթացքին ետ չկանչէ նախագիծը, պէտք է յաջորդ օրն իսկ հաւաքուիլ խորհրդարանին դիմաց:

Վարչապետ Փաշինեան նշուած օրինագիծի ստեղծման մասնակից քաղաքական ուժերը համարեց հակայեղափոխականներ:

Երբ յայտնի դարձաւ, որ ՀՀԿն արտահերթ նիստ հրաւիրած է, որ օրինակիծը քուէարկութեան դնէ, Փաշինեան ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով հասարակութեան կոչ ուղղեց հաւաքելու Ազգային ժողովին մօտ։  

Ազգային ժողովին մէջ օրինագիծը քուէարկութեամբ անցնելէ ետք, Փաշինեան հաւաքուած ժողովուրդին  առջեւ ելոյթ ունենալով՝ ըսաւ, որ «Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եւ անոր աջակցած ուժերը, որոնք այդ նախագիծը դրած են շրջանառութեան մէջ ու քուէարկած, Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս յայտարարած են հակայեղափոխութիւն: Բայց բոլորս կը տեսնենք, որ ատիկա պիտի չիրականանայ, հակայեղափոխութիւնը Հայաստանի մէջ տեղ չունի, որովհետեւ ժողովուրդը յաղթած է, եւ այդ յաղթանակը ոչ ոք կրնայ խլել․․․ ՀՀԿն պէտք է արմատախիլ ըլլայ Հայաստանի քաղաքական դաշտէն: Հայաստանի քաղաքական դաշտէն պէտք է արմատախիլ ըլլան նաեւ այն քաղաքական ուժերը, որոնք աջակցած են հակայեղափոխութեան»։

Մինչ այդ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը յայտարարեց, որ հաշուի առնելով ներկայիս լարուած եւ ջրբաժաններ գծելու մթնոլորտը` ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր ներկայացուցիչները ետ կը կանչէ Հայաստանի  կառավարութենէն` աւելցնելով, որ աւելի ուշ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հանդէս պիտի գայ հանգամանալից պարզաբանումներով ու յայտարարութեամբ:

Բաղրամեան պողոտային վրայ հանրահաւաքի ընթացքին  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հրապարակաւ ստորագրեց ԲՀԿն եւ ՀՅԴն ներկայացնող նախարարներու եւ մարզպետներու աշխատանքէ հեռացման որոշումները եւ յայտարարեց, որ երբ օրինականանայ նախարարներու եւ մարզպետներու պաշտօնանկութիւնը, ինք պիտի հրաժարի եւ ըստ սահմանադրութեան, Ազգային ժողովը պէտք է ընտրէ նոր վարչապետ:

Փաշինեան յայտնեց, որ ինք վստահ է, որ ժողովուրդը թոյլ պիտի չտայ, որ Ազգային ժողովը իրմէ զատ ուրիշ վարչապետ ընտրէ, հետեւաբար ստիպուած պիտի ըլլայ լուծարուելու, որմէ ետք, այս տարուան նոյեմբերի վերջաւորութեան կամ դեկտեմբերի սկիզբը տեղի պիտի ունենան արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ:

Նշեալ յայտարարութիւնը կատարելէ ետք վարչապետը ուղղուեցաւ Ազգային ժողովի, ուր  բանակցութիւններ վարեց տակաւին շէնքին մէջ գտնուող պատգամաւորներուն հետ:

Ան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեանի աշխատասենեակին մէջ հանդիպեցաւ խորհրդարանական ՀՀԿ, «Ծառուկեան», «Ելք» եւ ՀՅԴ խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Քննարկումներ տեղի ունեցած են ստեղծուած իրավիճակը հանգուցալուծելու ուղղութեամբ: Հոկտեմբեր 2լոյս 3ին, շուրջ երկու ժամ տեւած բանակցութիւններէն ետք վարչապետը լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցով մը նշեց, որ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան Դեկտեմբերին:

Վարչապետը ԱԺ բակին մէջ հաւաքուած բազմութեան առջեւ հանդէս եկաւ ելոյթով եւ մանրամասնութիւններ ներկայացուց խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումէն եւ նշեց, որ խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները կարծես թէ կ՝ընկալեն ժողովուրդին ուղերձը, յարգանքով կը վերաբերին ժողովուրդի դիրքորոշման: Ան նշեց, որ երեք խմբակցութիւններն ալ իրեն բանաւոր հաւաստիացուցած են, որ, անկախ յուշագիրէն, չեն պատրաստւուիր  ո՛չ առաջին, ո՛չ երկրորդ փուլով առաջադրելու վարչապետի թեկնածու: «Իմ տպաւորութիւնը կը պատմեմ հանդիպումէն, եթէ տպաւորութիւնս սխալ է, խորհրդարանական ուժերու ներկայացուցիչները կրնան յետագային իրենց հարցազրոյցներուն մէջ հերքել, եթէ սխալ եմ», յայտարարեց ան: