ՀՀ վարչապետ. Ղարաբաղը Պէտք Չէ Ազրպէյճանի Կազմին Մէջ Ըլլայ, Եթէ Ոեւէ Մէկը Չի Ցանկար Թոյլ Տալ Հայ Ժողովուրդի Նոր Ցեղասպանութիւն


ՆԻՒ ԵՈՐՔ․- Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ելոյթ ունեցած է ՄԱԿի 73րդ Ընդհանուր ժողովին:

Փաշինեան խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման մասին, ըսած է, որ ան կը շարունակէ գերակշռել մեր արտաքին քաղաքական օրակարգը: Արցախի Հանրապետութեան կարգավիճակը եւ անվտանգութիւնը պիտի ըլլան Հայաստանի Հանրապետութեան բացարձակ առաջնահերթութիւնը բանակցային գործընթացին մէջ:

«Հակամարտութիւնը ռազմական ճանապարհով լուծելու որեւէ փորձ ուղղակի սպառնալիք է տարածաշրջանային անվտանգութեան, ժողովրդավարութեան ու մարդու իրաւունքներու համար: Հայաստան պիտի շարունակէ իր կառուցողական ներգրաւուածութիւնը հակամարտութեան կարգաւորման խաղաղ գործընթացին մէջ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու ձեւաչափով, որուն տրուած է հակամարտութեան կարգաւորման միջազգայնօրէն ճանչցուած միակ իրաւագիրը: Ազրպէճան պէտք է փոխէ բանակցութիւններու հանդէպ իր անյարգալից վերաբերմունքը, պէտք է լիովին հրաժարի ցանկացած ռազմական լուծման գաղափարէ եւ իրագործէ բոլոր նախորդ համաձայնագիրները:

Աւելին, եթէ Ազրպէյճան իսկապէս հաւատարիմ է խաղաղ գործընթացին, ապա պէտք է սկսի երկխօսելու այս հակամարտութեան հիմնական ենթակայի` Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Ազրպէճան ամէն առիթով կը յայտարարէ, որ Ղարաբաղը պէտք է ըլլայ իր տարածքին մէկ մասը: Միեւնոյն ժամանակ կը յայտարարէ, որ պիտի չբանակցի Լեռնային Ղարաբաղի հետ: Խնդիրը այն է, թէ ինչպէս կրնայ Ազրպէյճան Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ յաւակնութիւն ներկայացնել առանց նոյնիսկ Լեռնային Ղարաբաղի հետ երկխօսելու: Ատիկա  հնարաւո՞ր է: Ատիկա հնարաւոր է, եթէ միայն Ազրպէյճանի ղեկավարութեան կը հետաքրքրէ ոչ թէ ժողովուրդը, այլ բուն տարածքը: Այսպիսով, ակնյայտ կը դառնայ, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութեան մտադրութիւնը այն է, որ Ղարաբաղը մաքրուի հայերէ, ինչպէս եղաւ Նախիջեւանը: Սա իրաւունք կու տայ Լեռնային Ղարաբաղին ըսելու, որ Ազրպէյճանի մաս կազմելը Ղարաբաղի բնակչութեան համար կը նշանակէ լիակատար բնաջնջում: Հետեւաբար Ղարաբաղը պէտք չէ ըլլայ Ատրպէյճանի կազմին մէջ, եթէ ոեւէ մէկը չի ցանկար թոյլ տալ հայ ժողովուրդի նոր ցեղասպանութիւն:

Ամփոփելով` թոյլ տուէք վերահաստատել. հակամարտութիւնը կրնայ եւ պէտք է կարգաւորուի միայն կողմերու փոխադարձ զիջումներու միջոցով` խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի մթնոլորտի մէջ:

Եւ վերջաւորութեան չափազանց կարեւոր կը համարեմ իմ երախտագիտութիւնը յայտնել Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարին ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան ջանքերուն եւ մօտեցումներուն հանդէպ իր անվերապահ աջակցութեան համար», ըսած է Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿի մէջ ունեցած իր առաջին ելոյթի ընթացքին: