ՀՄԸՄի Սկաուտութեան Աշնանային Բանակում և ՀՄԸՄ Թորոնթօ Սկաուտական Վերամուտ


Աշնանային Բանակում

28-30 Հոկտեմբերին, ՀՄԸՄի սկաուտութեան Երեց եւ Պարմանուհի խումբերը ունեցան իրենց 2016ի աշնանային բանակումը: Որպէս Երէց Փաղանգի  անդամ, ես մասնակցեցայ այս բանակումին եւ շատ հաճելի ժամանակ անցուցի: Եղանակը պաղ ըլլլալով հանդեձ մեր բոլոր ճաշերը դուրսը կերանք, իսկ մեր տնակներուն մէջ ջեռուցման միջոց չկար: Կիրակի առտու բոլորը արդէն մոռցած էին ներս ըլլալու զգացումը: Այս բանակումի ընթացքին շատ բան սորվեցանք, բայց անոնցմէ ամենէն կարեւորը՝ ինչպէս դիմադրել այս վատ պայմաններուն եւ ըլլալ տոկուն սկաուտ:

ՀՄԸՄ Թորոնթօ Սկաուտական Վերամուտ

Ամէն տարի Սեպտեմբեր ամսուն, դպրոցական վերամուտին հետ, կը վերսկսին նաեւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական հաւաքները։ Քոյրեր եւ եղբայրներ ամրան արձակուրդէն ետք իրարու կարօտով եւ ուրախութեամբ կը հաւաքուին ակումբի յարկէն ներս։

Սեպտեմբեր 25ին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի ՀՄԸՄ մարզադաշտէն ներս, տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Թորոնթօ Սկաուտական գործունէութեան պաշտօնական բացումը: Սկաուտները տողանցքով մուտք գործեցին սրահ՝ ներկաներուն ծափահարութեամբ: Տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ սկիզբ առաւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի 2016-2017 տարեշրջանը։

Աւելի քան 240 սկաուտներու ներկայութեամբ շրջանային եւ մասնաճիւղիս անդամներ, վարչականներ ու ծնողները ականատես եղան մասնաճիւղի զօրութեան եւ հաւաքական ուժին: Դրօշակի արարողութիւնէն ետք տեղի ունեցան փոխանցումներ:

Առաջին․ 23 սիրելի Մոկլիներ փոխանցուեցան Արծուիկ Երամին եւ Գայլիկ Վոհմակին:

Երկրորդ․ 30 Արծուիկներ եւ Գայլիկներ միացան Արի/Արենուշ խումբերուն, ուր իրենց կը սպասէ տարբեր աշխարհ մը, հետաքրքրական գիտելիքներով, ինքզինք դաստիարակելու եւ նուաճումներ արձանագրելու առիթներով:

Երրորդ․ 28 Արի եւ Արենուշներ բոլոր սկաուտական կազմին առջեւ խոստացան շարունակել բնութեան եւ կեանքի սէրը, ինչպէս նաեւ դիմագրաւել կեանքի դժուարութիւնները ու միշտ բարիք գործելով՝ լաւապէս կատարել իրենց պարտականութիւնները։ Այս խոստումով փոխանցուեցան Երէց/Պարմանուհի փաղանգին:

Արժանի է նշել որ 12 Երէց-Պարմանուհիներ, իրենց Երդումը արտասանելով, վերանորոգեցին իրենց ուխտը` աշխատելու ի նպաստ ՀՄԸՄի յարատեւ յաջողութեան, ծառայելու հայ ժողովուրդին ու ազգին եւ միշտ հաւատարիմ մնալու ՀՄԸՄի Սկաուտական դաւանանքին, սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն: Հետեւաբար, այս տասներկու երիտասարդները փոխանցուեցան Աւագ Երէց շարքեր:

Ուրախ եւ աշխոյժ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ դրօշակի փակման արարողութիւնը, 240էն աւելի Թորոնթօհայ՝ ՀՄԸՄի Սկաուտներ, խոստացան ըլլալ միշտ կայտառ ու պատրաստ…

Նոյն օրը տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի վերանկախացման առիթով պաշտօնական ձեռնարկ։ ՀՄԸՄ Սկաուտական եւ փողերախումբի կազմերը հպարտութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս տօնակատարութեան՝ տողանցելով եկեղեցիէն մինչեւ դպրոց՝ շրջապատուած մեծ բազմութեամբ։