ՀՄԸՄ Թորոնթօ Մասնաճիւղի Ամառնային Տարեկան Բանակում


ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի բանակումին պատասխանատու կազմը

Յունիս 29էն Յուլիս 7, ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղը իր տարեկան բանակումը կատարեց «Wetaskawin» բանակավայրէն ներս՝ մասնակցութեամբ աւելի քան 120 քոյրերու եւ եղբայրներներու:

ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղը այս տարի կը նշէ հիմնադրութեան 50րդ ամեակը: Յիշելով մասնաճիւղի 50 տարուան անցեալը՝ ընդհանուր սկաուտական կազմը իսկապէս գնահատանքի խօսք կ՛ուղղէ մեր մասնաճիւղի հիմնադիրներուն, որոնք զոհաբերութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կրցան մէջտեղ բերել Թորոնթօ մասնաճիւղը, այնուհետեւ աշխատանք տարին՝ կերտելու գաղութի երիտասարդութիւնը դէպի փայլուն, հայաշունչ ապագայ:

Այս տարուան մեր բանակումը նուիրուած էր ոսկէ ամեակին: Բոլոր սկաուտ քոյրերն ու եղբայրները անհամբեր կը սպասէին այս բանակումին՝ ստանալու նոր գիտելիքներ, վայելելու ամառուան արեւը, ընկերային մթնոլորտը, ջուրով խաղերը եւայլն:

Բանակողները ժամանելով բանավայր՝ խմբակային դրութեամբ կատարեցին սկզբնական աշխատանքները, վրանները լարեցին եւ անցան իրենց ծրագիրներուն: Բանակումի ընթացքին խումբերը ձեռային աշխատանքներով զարդարեցին իրենց բանակավայրը, երէց եւ պարմանուհի փաղանգները՝ 2 օր շարունակ, գերան ալ գերան կապելով, 50ամեակի նուիրուած դրօշակի ձողը բարձրացուցին: Ամէն առտու իւրաքանչիւր խումբի յայտագիրը կը սկսէր սկաուտական մարզանքով, որպէսզի աշխոյժ մարմնով եւ առողջ մտքով օրուան աշխատանքներուն մասնակցին: Տեղի կ՛ունենար վրանի քննութիւն, որպէսզի սկաուտներուն վարժութիւն դառնար իրենց վրանին ներքին ու արտաքին միջավայրը միշտ մաքուր ու օրինաւոր պահել: Նախաճաշէն առաջ, դրօշակի արարողութիւն կը կատարուէր բոլոր խումբերու մասնակցութեամբ:

Սկաուտներու եւ խմբապետական կազմի կողքին աշխատանքներուն մասնակցեցան նաեւ օժանդակ մարմինի կամաւորներ ու խոհարարներ, որոնք սկաուտներուն սորվեցուցին ժամանակը յարգել, ճաշ եփել, խոհանոցի բոլոր գոյքերը դասակարգել եւ մաքրութեան հետեւիլ: Ամէն գիշեր, խմբապետական կազմի հերթապահներու ղեկավարութեամբ՝ պահակութեան կարգեր կը կազմակերպուէր: Պահակութիւնը սկաուտներուն կը սորվեցնէ չարքաշ ըլլալ, արթուն մնալ, բանակավայրը պաշտպանել։

Խումբերը անշուշտ ունէին իրենց իւրայատուկ յայտագիրները: Այս տարի երէցները իրենց հեծանիւները բերած էին եւ հեծելարշաւ կատարեցին անտառներուն մէջ, ուր հետաքրքրական վայրեր եւ պզտիկ լճակներ յայտնաբերեցին: Արի խումբի եղբայրները կազմեցին պզտիկ կողովագնդակի դաշտ մը: Արծուիկ Երամի յայտագիրը կեդրոնացած էր «safari» թեմային շուրջ: Կային նաեւ բոլորին մասնակցութեամբ յայտանգիրներ, օրինակ՝ գիշերային խաղ, «Movie night», պտոյտ դէպի ծովեզերք, խնջոյքի գիշեր, ընդհանուր ռալի, եւայլն: Սկաուտները հաճոյքով, անհամբերօրէն կը սպասէին պատի թերթի ամէնօրեայ լուրերուն, որոնք կը փոխանցէին օրուան պատգամն ու հանելուկը, տեղեակ կը պահէին խոհարարութեան ու պահակութեան ցանկը, ճաշացուցակը, օրուան ու գիշերուան յատուկ յայտագիրները, հերթապահութեան ցանկը:

Հինգշաբթի օր, բանակումի կիսուն, փոքր գայլ եւ արծուիկ խումբերը հասան բանակավայր՝ ստեղծելով աւելի խանդավառ մթնոլորտ մը, մանաւանդ որ անոնց բանակումի մասնակցութեան առաջին տարին էր։ Ուրբաթ, Յուլիս 5ին, ամառնային բանակումի խմբապետական յանձնախումբը կազմակերպեց ընդհանուր ռալի, որուն բոլոր խմբակները մասնակցեցան։ Զանազան խաղերու միջոցով մասնակիցները սորվեցան մրցիլ, իրարու օգնել, հասնիլ առաջնութեան:

Բանակումի խարոյկահանդէսին, ՀՄԸՄ Թորնոթօ մասնաճիղի 50ամեակի առիթով, հրաւիրուած էին մասնաճիւղի երկարամեայ ծառայող նախկին խմբապետ-խմբապետուհիներ, որոնք տարիներ շարունակ ծառայած են միութեան իրենց օրինակելի ներդրումով: Քոյրերն ու եղբայրները իրենց ամբողջական նուիրուածութեամբ մասնաճիւղը տոկուն պահած են եւ յառաջ տարած սկաուտական ոգին՝ միշտ հաւատարիմ մնալով եւ հպարտութեամբ իրագործելով «Բարձրացիր Բարձրացուր» նշանաբանը:

Պաշտօնական փակման ժամանակ տրուեցան մրացանակներ․ նախկին խմբապետ-խմբապետուհիները յայնձեցին վրանի քննութեան լաւագոյն խմբակի մրցանակը, ռալիի ախոյեան խմբակի մրցանակը: Տեղի ունեցաւ նաեւ աստիճանատւչութիւն․Լոռի Գազանճեան եւ Արազ ՏէրՕհան՝ վերանորոգելով իրենց երդումը, ստացան նոր աստիճան: Տանիէլ Մարկորեան, ՀՄԸՄ Գանատա Շրջանային Վարչութեան անունով փոխանցեց իր սրտի խօսքը, գնահատելով բանակումի բոլոր աշխատանքները եւ այն կամաւորները, որոնք կը շարունակեն յաջողցնել ՀՄԸՄի առաքելութիւնը:

Խարոյկը վառեցին նախկին մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետներ Ժանօ Սարխանեան եւ Ռուբինա Սարգիսեան, որոնց հետ ջահը բռնած էին նաեւ փոքր գայլ արծուիկներ: Խարոյկին իմաստալից ջահը կը խորհրդանշէ սկաուտի անմար ոգին, որ մասնաճիւղի 50ամեակի սեմին կը փոխանցուի անցեալէն ներկայ եւ կը շարունակուի դէպի յաջորդ սերունդ՝ ազգային գիտակցութեամբ ու միութենական դաստիարակութեամբ: Խարոյկի մթնոլորտը ճոխացաւ խումբերու կանչերով, երգերով, բուրգով եւ զաւեշտներով:

Արարողութիւնը փակուցեցաւ հրաժեշտի երգով. ցտեսութիւն մըն է եղբայր միայն ցտեսութիւն դարձեալ իրար կը հանդիպինք ու կերգենք միաձայն:

Սկաուտի կեանքին մէջ բանակումի իւրաքանչիւր պահը կը ստեղծէ անմոռանալի յիշատակներ, որոնք երանելիի կը վերածեն բանակումի օրերն ու կեանքը: Անոնք մտերմիկ պահեր են, որոնք պատկանելութեան զգացում կ՛առթեն սկաուտին մէջ, որ իր կարգին կը կրկնապատէ խանդավառութիւնն ու ցանկութիւնը վերստին մասնակցելու յաջորդ բանակումներուն: Բանակումի օրերը կը կերտեն նկարագիր, կ՛ամրապնդեն եղբայրական եւ ընկերային յարաբերութիւններ եւ կը սորվեցնեն չարքաշութիւն:

2018-2019 սկաուտական տարեշրջանը իր աւատրին հասաւ: ՀՄԸՄ Թորոնթոն իր 50ամեակին կը շարունակէ ՀՄԸՄի առաքելութիւնը, կը կազմակերպէ հետաքրքրական, հաճելի, գիտելիքներով լեցուն յայտագիրներ, կը համախմբէ հայ երիտասարդութիւնը իր դրօշին տակ՝ այն յոյսով որ ապագայ սերունդը մեծնայ հայ միջավայրին մէջ, որ ապագայ սերունդը հասուննայ եւ դառնայ տիպար հայ քաղաքացի եւ յատկապէս՝ որ մեր պայքարը երբեք կանգ չ՛առնէ, իր անսասան քայլերով ընթանայ մինչեւ յաղթանակ:

Բարձրացիր Բարձարցուր

Բանակումի մասնակից սկաուտները եւ գայլ-արծուիկները։

Օժանդակ մարմինի կամաւորները

Բանակումէն պատկեր մը