ՀՄԸՄ Թորոնթօ Մասնաճիւղի Ձմեռնային Բանակում


Ձմեռ, Յու­նո­ւար ա­միս. Ձիւն, ցուրտ եւ… բա­նա­կում:

Այ՛ո, շա­տե­րու հա­մար ան­կա­րե­լի բան է, բայց  ՀՄԸՄ Թո­րոն­թո­յի մաս­նա­ճիւ­ղի հա­մար ան­կա­րե­լին կը դառ­նայ կա­րե­լի, երբ իր նո­ւի­րեալ սկաու­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րով, խմբա­պե­տա­կան կազ­մով եւ չար­քաշ 183 գայլ, ար­ծո­ւիկ, ա­րի, ա­րե­նոյշ եւ ե­րեց պար­մա­նու­հի կը դառ­նան մեկ հա­ւա­քա­կան ուժ: 12-14 Յու­նո­ւար շա­բա­թա­վեր­ջի ըն­թաց­քին, ընդ­հա­նուր սկաու­տա­կան կազ­մը ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ ձմեռ­նա­յին դպրոց բա­նա­կու­մին ՙCamp Samac՚ բա­նա­կա­վայ­րէն ներս:

Ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան, Հայ Ե­րի­տա­սար­դա­կան Կեդ­րո­նէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ խում­բե­րու հա­ւա­քը նախ­քան բա­նա­կա­վայր մեկ­նի­լը. ե­րեց­ներն ու պար­մա­նու­հի­նե­րը ստանձ­նե­ցին  գոյ­քե­րու, պա­յու­սակ­նե­րու եւ ու­տե­լիք­նե­րու դա­սա­ւո­րու­մը` փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու մէջ:

Խում­բե­րը բա­նա­կա­վայր հաս­նե­լէ ետք, ստանձ­նե­ցին ի­րենց տնակ­նե­րը եւ բա­նա­կու­մի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը կա­տա­րե­ցին ՙՅա­ռաջ Նա­հա­տակ՚ քայ­լեր­գով: Ա­պա, տե­ղի ու­նե­ցաւ խմբակ­նե­րու կազ­մու­թիւն, ուր ա­մէն խմբակ կո­չո­ւե­ցաւ ՀՄԸՄ­ի հիմ­նա­դիր­նե­րու ա­նուն­նե­րով :

Իւ­րա­քան­չիւր խումբ ու­նէր իր յա­տուկ յայ­տա­գի­րը, որ կը պա­րու­նա­կեր ազ­գա­յին եւ սկաու­տա­կան թե­մա­նե­րով դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ, եր­գեր, սկաու­տա­կան խա­ղեր, լու­սար­ձա­կով պատ­րաս­տո­ւած նիւ­թեր եւ ձե­ռա­յին աշ­խա­տանք­ներ:

Յա­ջորդ ա­ռա­ւօտ, սկաուտ­նե­րը աշ­խու­ժու­թեամբ ի­րենց սկաու­տա­կան մար­զան­քը կա­տա­րե­ցին: Նա­խա­ճա­շէն ետք, գայ­լիկ-ար­ծո­ւիկ­նե­րը եւ ա­րի-ա­րե­նուշ­նե­րը կա­տա­րե­ցին փող­կա­պի տու­չու­թեան ա­րա­րո­ղու­թիւն:

Գայ­լիկ-ար­ծո­ւիկ­նե­րը ի­րենց փոքր տա­րի­քով բայց բարձր գի­տակ­ցու­թեամբ վե­րա­նո­րո­գե­ցին ի­րենց խոս­տու­մը, ինչ­պէս նաեւ կրկնե­ցին վոհ­մա­կին օ­րէն­քը եւ ար­ժա­նա­ցան ի­րենց դե­ղին փող­կա­պին: Ա­քել­լան եւ մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պե­տը շնոր­հա­ւո­րե­ցին ան­դամ­նե­րուն` մաղ­թե­լով ի­րենց յա­ջո­ղու­թիւն եւ բա­րի ծա­ռա­յու­թիւն  ՀՄԸՄ­ի շար­քե­րէն ներս. նոյն­պէս ա­րի-ա­րե­նուշ­նե­րը ի­րենց խոս­տու­մը վե­րա­նո­րո­գե­ցին եւ ստա­ցան ի­րենց կա­պոյտ փող­կապ­նե­րը խոս­տա­նա­լով, որ յանձ­նա­ռու պի­տի ըլ­լան յա­ւե­լեալ պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րու եւ պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րու, ինչ­պէս նաեւ տէր պի­տի կանգ­նին խոս­տու­մին եւ ա­ռօ­րեայ բա­րի գոր­ծեր կա­տա­րե­լու սո­վո­րու­թեան:

Ձմե­ռո­ւան եւ ձիւ­նի ա­ռի­թը օգ­տա­գոր­ծե­լով խում­բե­րը պատ­րաս­տե­ցին սայ­լակ­ներ եւ ի­րար հետ մրցե­լով  hա­ճե­լի եւ ու­րախ մթնո­լորտ ստեղ­ծո­ւե­ցաւ: Սկաուտ­նե­րը նաեւ ծա­նօ­թա­ցան եւ սոր­վե­ցան ՀՄԸՄ­ի 100ա­մեա­կի նո­ւի­րո­ւած քայ­լեր­գը: Հա­սած էր խա­րոյ­կին ժա­մը․ ճիշդ էր, որ օ­դը քիչ մը ցուրտ էր, բայց այդ մէ­կը պատ­ճառ չե­ղաւ, որ խա­րոյ­կը չի­րա­կա­նա­նայ: Ե­րեց եւ պար­մա­նու­հի փա­ղանք­նե­րը խա­րոյ­կը պատ­րաս­տե­ցին․ խա­րոյ­կը սկսաւ կան­չե­րով ու շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ ազ­գա­յին եր­գե­րով եւ զա­ւեշ­տով: Այդ բո­լո­րը ա­ւե­լի ջերմ եւ մտե­րիմ մթնո­լորտ ստեղ­ծեց ան­դամ­նե­րուն մի­ջեւ: Ար­դէն ճրագ­մա­րին ժա­մը հա­սած էր եւ սկաուտ­նե­րը պետք է պատ­րաս­տո­ւէին յա­ջորդ օ­րո­ւան:

Բա­նա­կու­մի փակ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Ով Հայ Ա­րի» քայ­լեր­գով:

Վե­րա­դար­ձի ժա­մը հա­սած էր․ սկաուտ­նե­րը ձեռք ձեռ­քի շղթայ կազ­մած ցտե­սու­թեան եր­գը եր­գե­ցին ՙցտե­սու­թիւն մըն է եղ­բայր միայն ցտե­սու­թիւն դար­ձեալ ի­րար կը հան­դի­պինք ու կ­՛եր­գենք միա­ձայն՚:

Սկաուտ­նե­րը վե­րա­դար­ձան նոր գի­տե­լիք­նե­րով եւ գե­ղե­ցիկ յի­շա­տակ­նե­րով, իսկ ա­մե­նէն կա­րե­ւո­րը՝ խոս­տա­ցան ՙԲարձ­րա­ցիր, Բարձ­րա­ցուր՚ նշա­նա­բա­նով ուղ­ղո­ւիլ դէ­պի յա­ռաջ: