ՀՄԸՄ Թորոնթօ Մասնաճիւղի Սկաուտական Վերամուտ


Ամէն տարի Սեպտեմբեր ամսուն դպրոցի վերամուտին հետ՝ կը վերսկսի նաեւ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական հաւաքները։ Քոյրեր եւ եղբայրներ ամռան արձակուրդէն ետք կարօտով եւ ուրախութեամբ կը հաւաքուին ակումբի յարկէն ներս։ Հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄ Թորնոթոյի վարչութեան, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ Թորոնթոյի սկաուտական խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, այս տարի եւս մասնաճիւղը իր  պաշտօնական վերամուտը կատարեց Սեպտեմբեր 24ին, Հայ Երիտասարդական կեդրոնի ՀՄԸՄի մարզադաշտէն ներս: Յայտագրի բացումին շեփորախումբը իր հզօր ներկայութիւնը բերաւ՝ մթնոլորտը աւելի սկաուտական եւ ռազմական ոգիով լեցնելով։ Աւելի քան 240 սկաուտներ անոնց հետեւելով տողանցքով մարզադաշտ մտան կարգապահ շարքերով, միանման քայլերով, կոկիկ տարազով եւ դրօշակներով:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Հայաստանի քայլերգով, ներկայ էին ՀՄԸՄ Գանատայի շրջանային վարչութեան, սկաուտ խորհուրդի եւ խմբապետական կազմի անդամներ, ինչպէս նաեւ մասնաճիւղիս վարչութեան եւ սկաուտ խորհուրդի անդամներ: Ծնողներ ու բարեկամներ նոյնպէս իրենց մասնակցութիւնը բերին արարողութեան:

Բաման խօսք առաւ խորհուրդի ատենապետուհի Թալին  Չիլինկիրեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն իրենց շարունակական քաջալերանքին եւ յաջողութիւն մաղթեց բոլոր տարազաւորներուն եւ խմբապետական կազմին։ Թորոնթոյի վարչութեան ատենապետուհի Սեւան Հաճի Արդինեան եւ Շրջանային խմբապետ Արուշ Պէրպէրեան իրենց խօսքին մեջ շեշտեցին, թէ 2018 թուականին կը նշենք միւթեանս 100ամեակը, որուն մեր մասնակցութիւնը պիտի բերենք համաՀՄԸՄական 11րդ բանակումին Հայաստանի մէջ: 100ամեակի սէմին, ՀՄԸՄը եղած է այդ միութիւնը, որ զոհողութիւն կը սորվեցնէ, հայրենասիրութին եւ նուիրում ազգին եւ գաղութին համար եւ տակաւին երիտասարդ է ՀՄԸՄը գիտակից, կայտառ անդամներով եւ խմբապետական կազմով:

Թալին Չիլինկիրեան յայտարարեց, որ այս տարեշրջանիմ մասնաճիւղի խմբապետը կը նշանակուի Վարդան Քարկոցեան: Շրջանային խմբապետ Արուշ Պէրպէրեան յանձնեց Վարդանին մասնաճիւղի խմբապետի պաշտօնը՝ մաղթելով  անոր եւ մասնաճիւղին յաջողութիւն եւ փայլուն աշխատանք։

Ապա տեղի ունեցաւ  խմբապետական կազմի աստիճանատուչութիւն: Խմբապետի օգնականի աստիճան ստացան Նուպար Նախնիքեան, Նարեկ Զարկարեան, Էտվին Երիցեան, Անտրէ Քազարեան, Արա Քալուստեան եւ Լորի Քազանճեան, Լորա Տոնոյեան եւ Անի Յովհաննէսեան: Փոխխմբապետի  աստիճան ստացան Շանթ Մոմճեան, Տարոն Տէրտէրեան, Ճորճ  Պիուս, Կարօ Քլպօզեան, Բալիկ Մուրատեան, Նէնսի Քապաքեան եւ Մեղրի Մեսրոպեան: Խմբապետի  աստիճան ստացան Մարիա Չամիչեան եւ Կարին Եագուպեան:

Աստիճանատուչութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ փոխանցումներ. Փոխանցումը սկաուտներուն համար ամենէն յիշատակելի պահն է․ քիչ մը յուզմունք, որովհետեւ պիտի բաժնուին իրենց քոյրերէն եւ եղբայրներէն։ Տարիներ միասին ժամանակ անցուցած, բանակումներ, արշաւներ, գործունէութիւներ եւ հաւաքոյթներու մասնակցած, իսկ միւս կողմէն ուրախութիւն եւ խանդավառութիւն, որովհետեւ պիտի միանան յաջորդող միաւորին կամ փաղանգին՝ աւելի գիտակից դառնալով իրենց աշխատանքներուն, աւելի մասնագիտացած գիտելիքներով եւ պարտաւորութիւն զգալով իրենց սկաուտական եւ ազգային աշխատանքներուն: Ամենահպարտանալի եւ զգացական պահն էր, երբ գայլ-արծուիկ, արի-արենուշ, երեց-պարմանուհիներ եւ աւագ երեցներ ՀՄԸՄի եւ Հայաստանի դրօշակներուն առաջ իրենց սկաուտական խոստումը եւ երդումը արտասանեցին՝ գիտակցելով, որ հաւատարիմ եւ օգտակար պիտի ըլլան ազգին ու հայրենիքին՝ ՀՄԸՄի հիմնադրութեան ջահը փոխանցելու յառաջիկայ սերունդներուն՝ Պատուաբեր Անցեալէն Յաղթական Ապագայ եւ Բարձրացիր Բարձրացուր նշանաբաններով:

Գործունէութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:

Դեպի 100ամեակ

Բարձրացիր Բարձրացուր