ՀՄԸՄ Թորոնթօ Մասնաճիւղի 2019-ի Աշնանային Բանակումը


Բանակումի մասնակցած ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի Արի Արենուշ եւ Երեց պարմանուհիները

ՀՄԸՄ Թորոնթօ մասնաճիւղի Արի, Արենուշ եւ Երեց պարմանուհիները իրենց աշնանային բանակումը կատարեցին 25-27 Հոկտեմբեր 2019-ին «Woodland Trails» բանակավայրէն ներս:

Մասնաճիւղի հիմնադրութեան 50-ամեակին նուիրուած բանակումին մասնակցեցան աւելի քան 90 քոյրեր եւ եղբայրներ: Ուրբաթ՝  25 Հոկտեմբերի երեկոյեան, սկաուտները Հայ Կեդրոնէն ուղղուեցան դէպի բանակավայր: Նախ կարգապահութեամբ եւ իրար օգնելով տեղաւորուեցան, ապա տնակներուն մէջ խմբակային դրութիւնը կատարեցին եւ բանակումի ընդհանուր կանոններուն ու օրէնքներուն ծանօթացան: «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով բացման արարողութենէն, դրօշակի արարողութենէն ետք խումբերը անցան իրենց յայտագիրներուն:

Յայտագիրները կազմուած էին այնպէս, որ սկաուտները իրենց սորված գիտելիքները գործնականօրէն գործադրեն բանակումի ընթացքին եւ սկաուտի չարքաշ կեանքին վարժուին:

Յաջորդ առաւօտ բոլոր սկաուտները աշխուժութեամբ կատարեցին իրենց սկաուտական մարզանքները: Նախաճաշէն ետք իւրանքանչիւր խումբ շարունակեց գործադրել իր ծրագրած յայտագիրը:

Արիները լսեցին դասախօսութիւն՝ կապերու եւ հանգոյցներու մասին եւ զանոնք գործնականօրէն իրագործեցին գերաններու վրայ: Անոնք սորվեցան նաեւ կացինի եւ սղոցի գործադրութեան ձեւերը, ապա անցան գործնական հանգրուանին: Արենոյշ քոյրերը ձեռային աշխատանքներով ճոխացուցին իրենց յայտագիրը: Զանազան նիւթերու շուրջ ունեցան դաստիարակչական աշխատանքներ, օրինակ՝ նախնական օգնութիւն եւ կրակ վառելու տարբեր ձեւեր:

Պարմանուհի Փաղանգի սկաոււտներու յայտագիրին մէջ շեշտուեցան բանակում ծրագրելու հանգրուաններն ու մանրամասութիւնները: Արենոյշ խումբին հետ միասին, անոնք կատարեցին քայլարշաւ՝ ոսկեաշուն բնութեան մէջ: Երէց Փաղանգի եղբայրները զարգացուցին իրենց սկաուտական գիտելիքները՝ սորվելով կողմնացոյցի գործածութիւնը քարտէսի վրայ, ինչպէս նաեւ հասակ եւ հեռաւորութիւն չափելը:

Բոլոր սկաուտները ստացան ազգային եւ միութենական դասախօսութիւններ իրենց ազգային գիտակցութիւնը ամրապնդելու եւ սկաուտական ոգին բարձրացնելու համար:­

Ճաշի պատրաստման աշխատանքներուն օժանդակեցին Աւագ երէցները, որոնց համար ասիկա առաջին փորձառութիւնն էր իբրեւ խոհարարներ: Կիրարեցին նաեւ իրենց «Ծառայող» նշանաբանը եւ միշտ պատրաստ եղան օգտակար դառնալու՝ բանակումի յաջողութեան համար:

Բանակումի շաբաթ գիշերը ծանօթ է բոլորին իբրեւ խարոյկի ժամ: Խումբերու սկաուտները փայտեր հաւաքեցին, խարոյկին կրակարանը պատրաստեցին։ կողք- կողքի, մեծ եւ փոքր, սկսան սկաուտական կանչերով ու պարերով վառել խարոյկը՝ լուսաւորելով ամբողջ բանակավայրը: Անձրեւը նոյնիսկ չկրցաւ յուսահատեցնել ճոխ ու խանդավառ մթնոլորտը:

Կիրակի օրը, նորագիր Արենուշները ստացան իրենց կապույտ փողկապները: Քոյրերը դրօշակներուն առջեւ ծունկի եկած՝ կատարեցին իրենց առաջին սկաուտական խոստումը: Հպարտութեամբ խոստացան՝ հաւատարիմ ըլլալ Աստուծոյ, ծառայել Ազգին ու Հայրենիքին, օգնել բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին օգնութեան եւ հնազանդուիլ ՀՄԸՄ-ի դաւանանքներուն:

Բանակումի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ բոլոր մասնակիցներու ներկայութեամբ:

Վերադարձի ժամը հասած էր. սկաուտները շղթանման իրարու ձեռք բռնած երգեցին «Ցտեսութիւն մըն է եղբայր, միայն ցտեսութիւն, դարձեալ իրարու կը հանդիպինք ու կ՛երգենք միաձայն»: Սկաուտները վերադարձին նոր գիտելիքներով, գեղեցիկ յուշերով, մանաւանդ «Բարձրացիր բարձրացուր» գաղափարով խոստացան ուղղուիլ դէպի յառաջ:

Արենոյշներու խումբը

Արիներու խումբը

Պարմանուհիներու խումբը

Արշաւի մասնակցած Պարմանուհիներն ու Արենոյշները

Երէցները