ՀՄԸՄ-ի Արցախի Մասնաճիւղի Հանդիսաւոր Բացումը՝ Ստեփանակերտի Մէջ


Օգոստոս 22-ին, Ստեփանակերտի Վերածնունդի Հրապարակին վրայ, պաշտօնական արարողութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Արցախի մասնաճիւղին հիմնադրութեան պաշտօնական բացումը։

Հանդիսութեան ներկայ էին Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ Արք․ Մարտիրոսեան, պետական այրեր եւ արտերկրէն եւ Հայաստանէն ժամանած հիւրեր։

Արարողութիւնը սկիզբը սկաուտական շեփորախումբի առաջնորդութեամբ հրապարակ մուտք գործեցին դրօշները Արցախի, Հայաստանի եւ 25 երկիրներու, ուր ՀՄԸՄ-ը կը գործէ իր 110 մասնաճիւղերով։ Տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի, սկաուտական դրօշի եւ միութեան կանոնագիրի յանձնում՝ նորաստեղծ մասնաճիւղի վարչութեան։ Դրօշները օրհնեց Արցախի թեմի Առաջնորդ Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան, որ այս առիթով ըսաւ, որ ՀՄԸՄ-ը համաշխարհային եւ համահայկական կազմակերպութիւն մըն է, որ 100 տարիէ կը գործէ՝ ազգին համար կրթելով հայրենասէր ու ծառայասէր երիտասարդներ, որոնք միշտ պատրաստ են յաղթահարելու որեւէ դժուարութիւն։
«Չափազանց ուրախ եմ, որ վերջապէս ՀՄԸՄ-ը կը գործէ հայրենի Արցախ աշխարհին մէջ», նշեց Պարգեւ Սրբազան, մաղթելով ամենայն բարիք, հայրենասիրութիւն, հաւատք եւ ազգային միասնութիւն՝ յօգուտ մեր ազգին, այն կարգախօսով, զոր մեզի կտակած են Վարդանանք, ապրելու եւ գործելու «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց»։

Արցախի Հանրապետութեան պետնախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ մեծապէս գնահատեց աշխարհով մէկ սփռուած հայ երիտասարդութիւնը միաւորելու ՀՄԸՄ-ի պատասխանատուութիւնը եւ մաղթեց, որ Արցախի նորաստեղծ մասնաճիւղը ըլլայ այդ առաքելութեան շարունակողը, մարզական եւ սկաուտական զանազան միջոցներով Արցախի երիտասարդութեան մօտ վառ պահելու համար ազգային դիմագիծի համապատասխան՝ հայրենասիրական ոգին։

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան ըսաւ, որ 101 տարեկան միութեան համար սովորական իրադարձութիւն մը չէ Արցախի մէջ մասնաճիւղի մը հիմնադրութիւնը, որովհետեւ մասնաճիւղը սովորական մասնաճիւղ մը չէ, ինչպէս աշխարհի տարածքին հայկական որեւէ համայնքի մէջ ստեղծուող մասնաճիւղ։ «Անցնող 30 տարիներուն, Արցախը եղած է կիզակէտը համայն հայութեան։ Հայութիւնը ոչինչ խնայած է Արցախը հզօր, իսկ արցախահայութիւնը ամուր տեսնելու համար։ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը, իր կարգին, Արցախը դարձուցած է մնայուն ուշադրութեան առարկայ։ Արցախը իր կարեւոր տեղը ունեցած է միութեան դաստիարակչական ծրագիրներուն մէջ։ ՀՄԸՄ-ականներ հասակ առած են Արցախի սէրով, Արցախին ծառայելու եւ ի հարկին Արցախին համար զոհուելու պատրաստակամութեամբ։ Ու չմոռնանք, որ ՀՄԸՄ իր նահատակները ունի Արցախեան պայքարին. Վարդան Բախշեանը, Վաչէ Ռոստմեանը, Վիգէն Զաքարեանը եւ ուրիշներ իրենց արեամբ գրեցին Արցախի նորօրեայ մեր պատմութիւնը։ 

«Ու երբ միութիւն մը դաստիարակութեամբ, զոհաբերութեամբ Արցախի հետ կ’ըլլայ, բնական է, որ ան նաեւ Արցախի մէ՛ջը ըլլայ։ Կազմակերպական ներկայութիւն եւ միութենական գործունէութիւն ունենայ։ Բան մը, որ երկար տարիներ կարելի չէր իրագործել զանազան պատճառներով», յայտնեց Մկրտիչեան։

Շարունակելով, Գառնիկ Մկրտիչեան յայտնեց, որ այսօր բոլորին հայեացքները ուղղուած են այստեղ, արցախցի իրենց քոյր-եղբայրներուն։ Բոլորը յաջողութիւն կը ցանկան նորաստեղծ մասնաճիւղին եւ անխտիր բոլորը իրենց բովանդակ կարելիութիւնները կը դնեն մասնաճիւղին տրամադրութեան տակ, որպէսզի ան ամրանայ, հզօրանայ, իրմով մեր ժողովուրդն ու պետականութիւնը ամրանան ու հզօրանան»։

Խօսքը եզրափակելով, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ընդունեց նորաստեղծ մասնաճիւղի սկաուտներուն երդումը։

Պաշտօնական խօսքերու աւարտին, արարողութիւնը փակուեցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շեփորախումբին ազգային-հայրենասիրական եղանակներով։

Ապա ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Բագրատ Եսայեան եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան այցելութիւն մը տուին նախագահ Բակօ Սահակեանին եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՄԸՄ-ին ցուցաբերած իր աջակցութեան համար։