ՀՄԸՄի 100ամեակի Տօնակատարութիւնները Աւարտին Հասան


“Ազդակ”․- Յուլիս 29ի երեկոյեան, յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով իրենց աւարտին հասան  ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւններն ու համաՀՄԸՄական 11րդ բանակումը, որոնք ամբողջ տասը օր մէկդարեայ «կամաւոր բանակ»ին խօսքն ու գործը ծանօթացուցին հայրենի հայութեան, հայ մարմնակրթութեան 100 տարուան աւանդներուն վերարժեւորումը կատարեցին եւ Հայաստանին յիշատակ ձգեցին 100ամեակի յուշակոթողը Բիւրականի մէջ, Վահան Չերազի արձանը` Գիւմրիի մէջ, իսկ ՀՄԸՄի դրօշը` Ծիծեռնակաբերդի յուշարձան-թանգարանին մէջ:

100ամեակի Յաղթանակի Ճաշկերոյթ-Պարահանդէսը

100ամեակի տօնակատարութիւնները աւարտեցան Յուլիս 29ի երեկոյեան «Փարաւոն» ճաշարանին մէջ կատարուած յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսով` հովանաւորութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան եւ կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի վարչութեան:

Ճաշկերոյթին մասնակցեցան 2000 ՀՄԸՄականներ` համաՀՄԸՄական բանակումի մասնակիցներ, հիւրեր, բարեկամներ, բարերարներ եւ 100ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով աշխարհի զանազան երկիրներէն Հայաստան եկած ՀՄԸՄականներ: Ճաշկերոյթը խանդավառեցին երգիչներ Հրաչ Կայծակեան, Յակոբ Մկրտիչեան, Սեւակ Ամրոյեան, Նարէ Գէորգեան, Ռուբէն Սասունցի, Կապի Կալոյեան, Գոհար Յովհաննիսեան, Արաբօ եւ Ներսիկ Իսպիրեաններ:

 

Յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսէն օր մը առաջ, Յոլիս 28ին, պաշտօնական հանդիսութեամբ մը Բիւրականի մէջ իր աւարտին հասաւ համաՀՄԸՄական 11րդ բանակումը:

Հայաստանի մէջ կատարուած համաՀՄԸՄական եօթը բանակումներու պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, նաեւ` միութեան 100ամեայ պատմութեան մէջ գեղեցիկ նախընթաց մը ստեղծելով, բանակումին փակման հանդիսութեան ներկայ գտնուեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, որ նաեւ հայրապետական իր պատգամը ուղղեց բանակումին մասնակից 1200 սկաուտներուն:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր պատգամին մէջ նշեց, որ դարերով հայ մարդը կերտեց հայ հողը: Կառուցեց բերդեր, ամրոցներ եւ տաճարներ: Ստեղծեց մշակոյթ եւ հոգեւոր արժէքներ, որոնց ապաւինած` մեր ժողովուրդը դիմագրաւեց իր դէմ ցցուած բոլոր դժուարութիւնները: Ան ըսաւ, թէ շնորհիւ իր հաւատքին ու մշակոյթին, հայ ժողովուրդը վերապրեցաւ ամէնէն դաժան փորձութիւններէն: Վերապրեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ահաւոր ոճիրէն, ու թէեւ եղեռնահար, ան կրցաւ իր յաղթանակներով վերակերտել անկախ պետականութիւն:

Գարեգին Բ. կաթողիկոս իր խօսքի աւարտին գնահատանքը յայտնեց ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան` այսքան մեծաթիւ սկաուտներ Հայաստան բերելու եւ զանոնք իրենց երկրին ու ժողովուրդին կապելու համար: «Դուք պիտի ըլլաք այս երկրին եւ անոր ժողովուրդի ապագային կերտողները», եզրափակեց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը:

Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան, Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Մոհամետ Ալի Իպրահիմ, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու հիմնադրամի համանախագահ Գաբրիէլ Չէեմպերճեան, ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ ու բազմահարիւր ծնողներ:

Այս առիթով խօսք առաւ սփիւռքի փոխնախարար Բաբգէն Տէր Գրիգորեան եւ ըսաւ, որ նախարարութեան պատգամը յստակ է. եկէ՛ք Հայաստան, կեանքի՛ կոչեցէք «Դէպի երկիր» կարգախօսը: Մա՛ս կազմեցէք պետականաշինութեան հոլովոյթին: Հայաստանը ո՛չ միայն ձեր հայրենիքն է, այլ նաեւ` ձեր երկիրն է իր պետականութեամբ: Հայրենիքը սիրով կը սպասէ ձեզ: Մենք միասին պիտի կերտենք մեր ազգի լուսաւոր ապագան, մենք միասին պիտի կառուցենք նոր Հայաստանը:

Ապա, տեղի ունեցաւ սկաուտական «Արարատեան» կարգի տուչութիւն` բանակումի նախօրեակին յատուկ դասընթացքի մասնակցած խմբապետներու, որոնցմէ 23ը կարգի փողկապին արժանանալէ ետք արժանացան նաեւ կարգի մետալին եւ վկայականին, ձեռամբ` ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամ, «Արարատեան» կարգի դաստիարակ ու խմբապետ Կարպիս Գապասագալեանի:

Վկայականներու եւ մետալներու տուչութեան մասնակցեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Վաչէ Նաճարեան, Օշին Փիրումեան, Բագրատ Եսայեան եւ Գառնիկ Մկրտիչեան:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վաչէ Նաճարեան եւ ըսաւ, թէ բանակողներուն պարտականութիւնն է բանակումին յիշատակները մասունքի նման տանիլ շրջաններ եւ տարածել ո՛չ միայն ՀՄԸՄի շրջանակին մէջ, այլ նաեւ հոն, ուր հայ կայ: Այս միութիւնը, որ ունեցած է Վարդան Բախշեանի եւ Վիգէն Զաքարեանի նման անդամներ, յաւերժ պիտի ձգտի իր նպատակներուն իրականացման:

Խօսք առին նաեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Օշին Փիրումեան,  վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան եւ բանակումի ընդհանուր խմբապետ Թալին Օրտողլեան: Ան ըսաւ, թէ համաՀՄԸՄական բանակումները այն եզակի առիթներն են, ուր տեղայնականութիւնը մէկդի կը դրուի, կը մոռցուի, թէ ո՞վ, ո՞ր երկրէն եկած է կամ ի՞նչ ոճով հայերէն կը խօսի: Բոլորը կը խմբուին ՀՄԸՄի սկաուտական դրօշին ներքեւ` դառնալով համահաւասար ՀՄԸՄականներ: Իր խօսքը բանակողներուն ուղղելով` Օրտողլեան ըսաւ. «Ձեզմէ իւրաքանչիւրը պէտք է իմանայ, որ 24 երկիրներու 110  մասնաճիւղերու եւ միաւորներու մէջ ունի քոյրեր եւ եղբայրներ, որոնց դռները միշտ բաց պիտի ըլլան ամէն ՀՄԸՄականի դիմաց»:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամները յուշանուէրներ յանձնեցին բանակումին խմբապետական եւ գործադիր կազմերու անդամներուն, «Արարատեան» կարգի դաստիարակ, խմբապետ Կարպիս Գապասագալեանին, «Մարզիկ»ի խմբագիր Վիգէն Աւագեանին եւ շրջաններու պատուիրակութիւններու պատասխանատուներուն:

Փակման հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ երեկոյեան ժամը 7:30ին, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ բանակումի մասնակիցներուն կողմէ «Ցտեսութիւն» երգի կատարումով:

Պաշտօնական հանդիսութենէն ետք, մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր բանակողները իրենց ուրախութիւնը, երգն ու պարը շարունակեցին հայրենի եւ յատկապէս Լիբանանէն եկած երգիչներու խանդավառ երգերով: Երեկոն ազգային-յեղափոխական երգերով փակեց Գառնիկ Սարգիսեան:

Դրօշներու Փոխանցումը

ՀամաՀՄԸՄական բանակումի փակման առընթեր, ՀՄԸՄի 100ամեակի տօնակատարութիւններուն աւարտը կատարուեցաւ խորհրդանշական հանդիսութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ շաբաթ, Յուլիս 28 ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00ին, Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին մօտ, ուր հանդիսաւորապէս վար առնուեցան 10 օր շարունակ ծածանած Եռագոյնն ու ՀՄԸՄի դրօշները: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներ, ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի խումբ մը սկաուտներ: Հանդիսութեան յատուկ փայլք տուաւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿի շեփորախումբը` ղեկավարութեամբ Գօգօ Գույումճեանի:

Վար առնուած դրօշներէն ՀՄԸՄի դրօշը պաշտօնապէս յանձնուեցաւ Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէնի ժամանակաւոր գործակատար Նարինէ Մարգարեանին` իր տեղը գտնելու համար թանգարանին մէջ, մինչ Եռագոյնը յանձնուեցաւ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեանին` զայն ՀՄԸՄի Պէյրութի թանգարանին մէջ մնայուն ցուցադրութեան արժանացնելու համար: