ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան Պատանիները Այցելեցին Հայաստան


ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան պատանիներու այցը Ծիծեռնակաբերդ

Յուլիս 11 եւ 12-ին, ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամ 44 պատանիներ եւ 7 պատասխանատուներ ու վարիչներ Քեպէգէն, Օնթարիոյէն եւ Վանգուվըրէն մեկնեցան Հայաստան, մասնակցելու երկու շաբաթներու վրայ երկարող 9րդ հայրենագնացութեան։

Շրջապտոյտի ընթացքին պատանիները այցելեցին Հայաստանի պատմական տեսարժան վայրերը։ Խումբը երեք օրով հանգրուանեց նաեւ Արցախ։  Պատանիները առիթ ունեցան հանդիպելու տեղական պատանեկան միութեան անդամներուն հետ եւ ունեցան աշխատանքային ձեռնարկներ:

Այս իմաստով, Ընդհանուր Վարիչ Մարմինը իր երախտագիտական խոր զգացումները կը յայտնէ հայաստանագնացութիւնը համակարգող յանձնախումբի անդամներուն՝ իրենց հետեւողական աշխատանքին համար, ծնողներուն՝ մեր առաքելութեան հանդէպ իրենց հաւատքին ու վստահութեան եւ պատկան մարմիններուն եւ գաղութներու անդամներուն իրենց ցուցաբերած անվերապահ աջակցութեան համար:

Կարելի է տեսնել պատանիներուն նկարները, այցելելով եւ հետեւելով ARF Junior Organization of Canada դիմատետրի էջի Armenia 2019 ալպոմին:

Ստորեւ քանի մը տպաւորութիւններ, պատանիներէն՝

Պատանիներով Հայաստան այցելութիւնս ամէնայիշատակելի ճամբորդութիւնս է: Արցախը ամէնատպաւորիչ վայրն էր: Լեռները… դէպի Արցախ ճամբու վրայ եւ Արցախի լեռները…  Մեր ճամբորդութեան ամէնահաճելի պահերը փոխադրակառքին մէջն էին, երբ կ’ըմբոշխնես հայրենի բնութիւնը եւ նոյն ատեն կը լսես հայրենաշունչ երգեր ու ընկերներով միասին կ’երգեՍ: Բոլորս միասին ստեղծեցինք շատ սերտ կապեր, ունեցանք ներքին կատակներ: Շատ սիրեցի ճաշարաններն ու անոնց մէջի քէֆերը, երգերն ու պարերը: Իսկ մեզի ընկերակցող վարիչները շատ հոգատար էին։ Անոնք եղան թէ պատասխանատու եւ թէ ընկեր բոլորիս:

– Գսրմէն Տին (Թորոնթօ)

Այս այցելութիւնը պատանեկան կեանքիս ամէնէն անմոռանալի փորձառութիւններէն մէկն էր։ Շատ տպաւորուեցայ Արցախի Զոհուած Զինորներու Թանգարանով։ Յիշատակելի էր «Թապուլէ»ի մեր ընթրիքը, երբ խումբով ձեռք-ձեռքի տուած յեղափոխական երգեր երգեցինք։ Նաեւ շատ հաճելի գտայ դէպի Սեւանայ Լիճ ու Գառնիի տաճար մեր այցը: Վերջապէս, մեր պտոյտը անմոռանալի փորձառութիւն էր, որ միշտ մեզի հետ կը մնայ: Իրարու հետ մեր մշակած կապերը յաւիտենական են, ու յիշատակները անմոռանալի:

– Էմմա Մաթոսեան (Թորոնթօ)

 

Այս ամառ բախտաւոր էի առիթը ունենալով պատանեկան միութիւններով Հայաստան ճամբորդելու: Անցեալին Հայաստան այցելած եմ ու վստահութեամբ կրնամ ըսել, որ այս մէկը ամենէն սիրած եւ յիշատակելի ճամբորդութիւններէն էր։ Այս այցելութիւնը աւելի հաճելի էր նախորդներէն դաշնակցական մթնոլորտին ու խանդավառ վարիչներուն շնորհիւ. վերջապէս Գանատայի տարբեր մասնաճիւղերու պատանիները հաւաքուած էին իրենց հայրենիքին մէջ։  Հայաստանի մէջ ըլլալով՝ շրջապատուած էինք շատ գեղեցիկ վայրերով, որոնցմէ ամէնէն տպաւորիչը եւ անձնապէս սիրելին Գաւառն էր։ Հոն, որբանոց այցելութիւնը յուզիչ էր, որովհետեւ դիմաւորուեցանք բազմաթիւ ժպտուն հասակակիցներով, որոնցմէ մէկը ձեռքս բռնելով ինծի որբանոցը պտտցուց՝ ցոյց տալու իր անկողինը ու դասարանը։

  • Գառնի Քիւփէլեան (Թորոնթօ)

 

ՀՅԴ  Գանատայի Պատանեկան Միութեան Ընդանուր Վարիչ Մարմինի կազմակերպած հայաստանագնացութիւնը առիթ տուաւ ինծի երկրորդ անգամ հայրենիքս տեսնելու , ուր ապրեցայ անմոռանալի յիշատակներ և երեւոյթներ, որոնք իմ հետ պիտի մնան յաւիտեան։ Անձնապէս, պատմական տեսարժան վայրերու այցելութեան կողքին, ունեցաւ երկու տպաւորիչ այցելութիւններ, որոնք մեծ ազդեցութիւն ձգեցին վրաս, առաջինը՝  Գիւմրիի որբանոցն էր․ շատ հաճելի ժամանց ունեցանք, խօսեցանք, խաղցանք, և ծանօթացանք երեխաներու առօրեային, քիչ մը ցաւալի էր տեսնել փոքրիկներ իրենց ծնողներէն հեռու։ Հոն՝ ես բախտաւոր զգացի, որ կ՛ապրիմ ընտանիքիս հետ, որոնք կ՛ապահովեն ամէն պէտքերս, իսկ երկրորդը՝ Ստեփանակերտի զօրանոցի այցելութիւնն էր, երբ զինուորներուն հետ երգեցինք ու ձեռք ձեռքի տուած պարեցինք․ հոն զգացի, որ երբ պետք ըլլայ, իրենց կողքին պետք է նոյնպէս հայրենիքը պաշտպանենք։ 

  • Լոռի Քիւլլահեան (Վանքուվըր)

 

During my trip to Armenia, I was very fortunate to have seen my motherland alongside my friends. We visited so many historical sites like Sartarabad, the Genocide Memorial monument, and Madenataran. We also had the privilege of driving to Artsakh which took 8 hours after a few days of being in Yerevan. While we were there we went on the longest zipline called the Wings of Tatev. My favourite part of the trip was visiting the orphanage and seeing the faces of the children light up in front of us as we handed them food. I had been to Armenia before and seen most of the places we visited, however this time it felt different because I was there with kids my age and I could connect with them as their presence made me feel like I was a part of something important. Finally, I would like to thank all the variches and my parents for being able to fund and send me on the trip and giving me a memorable experience.

  • Գառնի Քէօշկէրեան (Վանքուվըր)

2019ի ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան համագանատական հայաստանագնացութիւնը առիթ դարձաւ, որ մենք տարբեր տեսակետներէ նայինք մեր հայրենիքի հարստութիւններուն, որոնք շատ տպաւորեց մեզմէ իւրաքանչիւրին։ Օրինակի համար, Խոր Վիրապ այցելելէ ետք բոլորս ականատես եղանք տարիներու ընթացքին մեր ըմբռնած գիտելիքներուն՝ Գրիգոր Լուսաւորիչի ապրելակերպին։ Այս փորձառութիւնը մեզի յիշեցուց կեանքի դժուարութիւններուն մասին, որոնց մենք իբրեւ պատանիներ չենք հանդիպած։ Նոյնպէս մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ մեր վրայ այն օրը, երբ այցելեցինք որբանոց եւ կրկին անդրադարձանք, թէ որքան բախտաւոր ենք մենք բաղդատմամբ որբերու ծանր կացութեան։ Գաւառի որբանոցի այցելութեան ժամանակ, ամբողջ խումբը ազդուած փոքրերուն իրավիճակէն, ընկերային յարաբերութիւններ հաստատեցինք անոնց հետ։ Երբ մեկնելու ժամը մօտեցաւ, ոչ մէկ պատանի փափաք ունէր բաժնուելու իրենցմէ։ Շատ հաճելի ժամանակ անցուցինք պզտիկներուն հետ։ Շարունակելով մեր Արցախի պտոյտը հանդիպեցանք բանակ նոր ընդունուած 18 տարեկանի զինուորներուն, որոնց հետ ժամանակ անցուցինք եւ պզտիկ նուէրներ տուինք։ Անոնք մեզի ցոյց տուին զօրանոցին տարբեր բաժինները եւ թէ ինչպէս դժուար պահերու ալ երգելով եւ պարելով կը զուարճանան։ Մեր յարգանքը կը մատուցենք ոչ միայն անոնց, որոնք անվերջ կը պաշտպանեն մեր սահմանները, այլ նաեւ անոնց, որոնք նահատակուած են ապագայ սերունդներուն համար։ Վերջին օրը, պատանիներու խումբ մը որոշեց այցելել Եռաբլուր, յարգանքի տուրք մատուցելու այն ազատամարտիկներուն եւ զինուորներուն, որոնք զոհուեցան հայ ժողովուրդին համար, ապահովելով իրենց լաւ կեանք եւ խաղաղութիւն։ Ընդհանուր առմամբ մեր հայաստանագնացութիւնը շատ դրական ազդեցութիւն ունեցաւ մեր վրայ, որ տարիներ շարունակ պիտի ամրապնդէ մեր կապը հայրենիքի եւ հայ ժողովուրդին հետ։ Շնորհակալութիւն կ՝ուզենք յայտնել Պատանեկան Միութեան այս հրաշալի առիթին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր վարիչներուն, որոնք երկար ժամեր տրամադրեցին այս ծրագիրը մեզի համար իրականացնելու։

  • Լուսին Խշխշեան. Նարoտ Թասլաքեան, Ալիք Աւետիսեան, Էլիսա Վերէլի (Մոնթրէալ)

 

Գանատայի Պատանեկան Միութիւններու

Ընդհանուր Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Գանատայի Պատանեկան Միութեան անդամները Սարդարապատի մէջ