Հոկտեմբեր 7ին Սկիզբ Առին Ֆրանսախօս Երկիրներու Գագաթնաժողովին Նուիրուած Միջոցառումները


ՕՐ ԱՌԱՋԻՆ․- Երեւանի մէջ Հոկտեմբեր 7ին սկիզբ առին Ֆրանսախօս երկիրներու միջոցառումները, որոնց աշխատանքներու սկիզբը ազդարարուեցաւ Մշտական խորհուրդի նիստով` Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժանի կողմէ:

Ֆրանսախօս երկիրներու երգչախումբը Շառլ Ազնաւուրի հետ Երեւանի մէջ, տեղի ունենալիք ձեռնարկներու ծիրէ ներս պիտի կատարէր «Լա Պոհեմ» երգը, խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարեց գլխաւոր քարտուղար Միշէլ ժան:

Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղար Միշէլ Ժան ելոյթի ընթացքին։

«Մեծ ցաւ ապրեցանք, երբ անցած Երկուշաբթի մեզմէ հեռացաւ Շարլ Ազնաւուրը: Ֆրանքոֆոնիայի երգչախումբը կը պատրաստուէր «Լա Պոհեմ»ը  երգել իր հետ այստեղ», նշեց ան:

Ժան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն` ջերմ ընդունելութեան համար` միաժամանակ կարեւոր համարելով անցած գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները:

«Ես կ՛ուզեմ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովուրդին ու իշխանութիւններուն արտայայտել մեր երախտագիտութիւնը: Մենք թանկ կը գնահատենք անոնց ջերմ ընդունելութիւնը, հիւրընկալութիւնն ու առատաձեռնութիւնը: Սա լաւ հնարաւորութիւն է նաեւ ողջունելու անցած գարնանը Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեան խաղաղ բնոյթը: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը օրինակելի իրադարձութիւն է», ըսաւ գլխաւոր քարտուղարը:

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան եւ Գանատայի Զբօսաշրջութեան նախարար Մելանի Ժոլի հանդիպման ընթացքին։

Նոյն օրը ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան  հանդիպում ունեցաւ Գանատայի զբօսաշրջութեան, պաշտօնական լեզուներու եւ Ֆրանսապօս երկիներու կազմակերպութեան նախարար Մելանի Ժոլիի հետ, որ Հայաստան կը գտնուի մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու  նախարարական 35րդ համաժողովի եւ 17րդ գագաթաժողովի աշխատանքներուն:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը  քննարկեցին Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան երեւանեան գագաթնաժողովի ծիրէն ներս ունենալիք աշխատանքներու ծրագրին, նախատեսուող յարակից միջոցառումներուն եւ ներկայացուելիք փաստաթուղթերուն առնչուող հարցեր:

Նախարարները անդրադարձան երկկողմ օրակարգի շարք հարցերու` համոզում յայտնելով, որ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրիւտոի Հայաստան կատարելիք այցը նոր լիցք եւ բովանդակութիւն պիտի հաղորդէ երկու բարեկամ երկիրներու համագործակցութեան համար:

Ֆրանսախօս երկիրներու աւանը՝ Ազատութեան հրապարակին վրայ։

Ազատութեան հրապարակին վրայ հանրութեան առջեւ բացուեցաւ ֆրանսախօս երկիրներու աւանը, ուր կը ներկայացուցի Ֆրանսապօս երկիրներու մշակութային բազմազանութիւնը, որ նաեւ երեւանեան գագաթնաժողովի օրակարգի կարեւոր թեմաներէն է: Մասնակիցներուն յատկացուած տաղաւարներու միջոցով հնարաւորութիւն կ՛ընձեռուի ցուցադրելու ֆրանսախօս երկրներու մշակոյթն ու կենցաղը: Այս տարի Ֆրանքոֆոնիայի աւանը կը կրէ «Ապրիլ ու ստեղծել միասին» կարգախօսը:

Աւանին մէջ Գանատայի տաղաւարը այցելուներուն կը ներկայացնէ կրթական ոլորտի իր հնարաւորութիւնները եւ Գանատայի գրեթէ բոլոր ուսումնական հաստատութիւններու մասին տեղեկութիւններ։

«Երիտասարդութիւնը, ուսումը մեզի համար շատ կարեւոր են: Կը ներկայացնենք Գանատայի մշակութային բազմազանութիւնը», ըսած է տաղաւարի ներկայացուցիչը:

Ֆրանասախօս երկիրներու աւանին մէջ Գանատայի տաղաւարը։

Ան նկատել տուած է, որ շատեր հետաքրքրուած են Գանատայի մէջ ուսանելով: Տաղաւարին մէջ ներկայացուած են ծանուցման գրքոյկներ, որոնք տեղեկութիւններ կու տան երկրի ուսումնական հաստատութիւններու մասին:

«Հայաստանի տաղաւարը կը ներկայացնէ տասը մարզերու եւ Արցախի մշակոյթը, պատմութիւնը, բարիքները:  «Մենք փորձած ենք հնարաւորութեան չափ պատկերաւոր ներկայացնել մեր մարզերը, մշակոյթը, պատմութիւնը, բարիքները, այն ամէնը, ինչ որ մեր հիւրերը, մարզեր այցելելով, կրնան տեսնել: Այնպէս ըրած ենք, որ տաղաւար այցելելէ յետոյ այս օրերուն Հայաստան գտնուող մեր ֆրանսախօս ընկերները յետագային անպայման վերադառնան մեր երկիր` որպէս զբօսաշրջիկ», ընդգծեց Զբոսաշրջութեան պետական կոմիտէի պետ Գոհար Ալոյեանը:  

Ներկայացուած են իրաքանչիւր մարզի առանձնայատկութիւնները, օրինակ՝ Արմաւիրի մարզէն ներկայացուած են չիրերը, Տաւուշի մարզէն` էթնիկ պատշգամներէն հատուածներ, Շիրակի մարզէն` Աւետիք Իսահակեանի օրօրոցը, իսկ  Արարատի մարզէն Արարատեան դաշտի բերք ու բարիքները: Ներկայացուած է նաեւ գորգագործութիւն, խաչքարագործութիւն:

Գոհար Ալոյեան յայտնեց, որ Զբօսաշրջութեան կոմիտէի աջակցութեամբ մցանկացողներուն համար օրական երեք տարբեր պտոյտներ կը կազմակերպուին Հայաստանի զբօսաշրջային վայրեր:

Լուսանկարները՝ “Արմենփրես”ին