Հողին Պատգամը


Հ. Համազասպ Քէշիշեան

Սիրելինե՛րս,

Ձեզ «իմ սիրելիներս» կ՛անուանեմ, որովհետեւ ձեզի կը պատկանիմ իբրեւ ընտանիքի անդամ` ձեզմէ առաջ ձեր հայրերուն ու նոյնիսկ ձեր նախահայրերունը ըլլալով, որոնցմէ դուք զիս ժառանգեցիք: Արդարեւ, անոնք զիս ունենալու համար ոչ մէկ ճիգ ու տառապանք խնայած են: Զիս իրենց սեփականը ընելու համար ուրիշներու մօտ օրականով աշխատած են ոչինչ վարձատրութեամբ, համբերած են անոնց խիստ ու երբեմն դաժան վերաբերումին: Յաջողած են համեստ գումար մը հաւաքել ու զիս գնել:

Այդ ժամանակ ես չոր ու խոպան դաշտ էի, անոնք շուրջս մաքրեցին, ծառեր տնկեցին, հոգատարութեամբ ինձմով զբաղեցան` ծառերը ոռոգելով, ճիւղերը յօտելով, անոնց շուրջը փորելով, եւ ես  իրենց ցուցաբերած սիրոյն ու կապուածութեան փոխարէն` անոնց քաղցրահամ պտուղներ, բանջարեղէն ու բերք տուի, այնքան առատ, որ սկսան շուկայ տանիլ ու վաճառել, որուն միջոցով կրցան տուն շինել, անասուն պահել, իրենց զաւակները դպրոց ու մինչեւ համալսարան ուղարկել, խանութ բանալ: Անոնց քրտինքը, որ իմ վրաս կը ծորար, կարծես ինծի համար կենսանիւթ ըլլար, որով աւելի զօրացած` կը փոխադարձէի ծառերը ուռճացնելով, որ իրենց առատ բերք տան: Իրենց մայրն էի, իրենց մտերիմ բարեկամն ու նոյնիսկ, համարձակօրէն կ՛ըսեմ, իրենց հայրենիքը:

Աւա՜ղ, այսօր անոնք չկան, ես ձերն եմ հիմա, բայց տարիներէ ի վեր մեր յարաբերութիւնը սառած է, առաջուան պէս (երբ ձեր ողորմած հոգի հայրերը ողջ էին, եւ դուք տակաւին երեխայ` անոնց հետ մօտս կու գայիք, կը վազվզէիք, ծառերէն պտուղները փրցնելով եւ ախորժակով լափլփելով կ՛ուտէիք, քանի մը խնձոր ալ կը քաղէիք իրենց օգնելու համար) այսօր մօտս այցելութեան չէք գար, ծառերս չորցած են, կրկին նախկին խոպան դաշտը դարձած եմ. ի՞նչ է արդեօք ձեր միտքը, մտահոգ եմ, թերեւս կ՛ուզէք ինձմէ ձերբազատի՞լ: Այդ կը մտածեմ, քանի որ անցեալները մօտս եկաք ոչ թէ զիս խնամելու կամ ինձմէ ձեր կարօտը առնելու համար, այլ օտար մարդոց հետ էիք, ու խօսեցաք միլիոններու շուրջ, թիւերը ելան իջան, ու յետոյ… լաւ չհասկցայ անցուդարձը… բայց կռահեցի, սրտի ցաւով կ՛ըսեմ այս բառերը, որ կ՛ուզէք զիս այդ մարդոց ծախել: Ինչո՞ւ արդեօք: Ինչո՞ւ կ՛ուզէք անպայման զիս այդ օտարներուն յանձնել: Ինչո՞վ ձեզ չեմ գոհացուցած: Զիս հերկեցիք, խնամեցիք եւ ես փոխադարձաբար ձեզ պէտք եղածով չվարձատրեցի՞:

Գուցէ այս օրերուս պահանջներն ու ծախսերը շատցած ըլլան ու նոյնիսկ` կրկնապատկուած, եւ դուք կը մտածէք, թէ միայն ինծի վստահելով` չէք հասցներ ապահովել ձեր պէտքերը: Որոշ չափով կը ջանամ հասկնալ ձեր մտորումները: Ես ալ կը փափաքիմ, որ բան մը չպակսի ձեզի, ամուսնանաք, զաւակներով օրհնուիք, անհրաժեշտէն չզրկուիք, նիւթական ապահով ապագայ մը ունենաք: ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ-ն ու ՆԻՒԹԱԿԱՆ-ը յիշեցի, որովհետեւ անոնք ապրելու հիմնական պէտքերն են այսօր: Եթէ անհրաժեշտին համար զիս ծախելու ըլլաք, ես պատրաստ եմ ձեր սիրոյն օտարինը դառնալ, միայն դուք տեղ հասնիք, երջանիկ ըլլաք… Սակայն ձեր երազածը յաճախ շա՜տ հեռու է անհրաժեշտէն. գեղեցիկ, լաւ որակի ինքնաշարժ, գեղեցիկ ու ընդարձակ յարկաբաժին եւ նոյնիսկ հսկայ եւ մեծկակ սենեակներով առանձնատուն ու շատ գրպանի դրամ, որպէսզի շռայլօրէն ծախսէք, վայելէք եւ ուրախանաք, կարեւոր նկատուիք ձեր շուրջիններէն, գործաւոր չմնաք, այլ գործատէր դառնաք, իսկ ասկէ աւելի վատը` դրամ կուտակէք, ամբարէք ու դիզէք, վասն ինչի՞, արդեօք այդպէսով ձեր կեանքը կ՛իմաստաւորուի՞, եւ դուք աւելի երջանիկ կը դառնա՞ք:

Այժմ ձեր ուշադրութեան պիտի յանձնեմ քանի մը կենսական բաներ, զորս դուք կորսնցուցած էք, այսօր չունիք, եւ ոչ ալ ձեր «յարգի» դրամով կրնաք զանոնք ունենալ, այն արժէքները, որոնք ձեր հայրերունն էին:

Ձեր հայրերը քիչով գոհանալու կարողութիւնն ունէին, որմէ դուք զուրկ էք: Անոնք երբեմն նոյնիսկ իրենց սեփական տունը չունէին, ստիպուած կ՛ըլլային պապենական տունը իրենց եղբայրներուն հետ բաժնեկցիլ եւ որքա՜ն իրարու հետ սիրով էին.  շատ անգամ անհրաժեշտն ալ չկար իրենց ձեռքին տակ, սակայն հաւասարապէս գոհունակ կ՛ապրէին ու բնաւ չէին դժգոհեր, որովհետեւ միշտ Աստուծոյ ապաւինած կ՛ըլլային եւ հակառակ իրենց աղքատիկ վիճակին` միշտ զուարթերես, ժպտադէմ ու առոյգ էին:

Ձեր հայրերը յարգանք ունէին դիմացինին, տարեցին ու տակաւին` հոգեւորականին: Իրենց յարգանքն ու անշահախնդիր սէրը, վստահութիւնը, հաւատարմութիւնը, եղբայրսիրութիւնը, խնդակցութիւնն ու կարեկցութիւնը, աջակցութիւնն ու քաջալերանքը, որ իրենց շուրջիններուն կը ցուցաբերէին, զիրենք կը դարձնէին հասարակութեան մէջ փնտռուած, մեծարուած ու պատկառելի անձեր:

Ձեր հայրերը համբերատար էին, անխոնջ, ձեզի պէս շուտով գործէն ձանձրոյթ չէին զգար եւ ոչ ալ դժուարութիւններէն կը վհատէին, որովհետեւ հզօր կամքի տէր էին անոնք, նոյնիսկ քարին հետ մաքառելով` քարաստանը մրգաստանի ու ծաղկաստանի կը վերածէին ու երբեք սկսած գործը անաւարտ չէին ձգեր:

Ձեր պապերը բարեպաշտ էին, ամէն կիրակի կը մրցէին, թէ ո՛վ առաջինը եկեղեցի պիտի հասնէր ու իր աւանդական տեղը գրաւէր: Իրենց օրը կը սկսէին եւ կ՛աւարտէին խաչակնքելով, «ԵԱ՜ ԱՍՏՕԾ» ըսելով` գործի կը մեկնէին, ու շատերը, տակաւին ականջիս մէջ կը դառնայ իրենց մելանուշ ձայնը,  «Առաւօտ լուսոյ» երգելով եզներով կը հերկէին, պտուղները կը քաղէին, խոտերը կը հնձէին…

Ձեր հայրերը աւանդապաշտ էին, իրենց պապերէն ժառանգած հայրենաւանդ սովորութիւնները գանձի նման կը պահէին եւ բծախնդիր էին զանոնք ուղիղ կերպով ու լիովին կիրարկելու եւ այդ աւանդութիւնները իբրեւ գանձ իրենց զաւակներուն կտակելու: Եւ որքա՜ն հաճոյքով ու համարձակ կը խօսէին իրենց իւրայատուկ բարբառը (որ ըստ երեւոյթին, դուք այսօր չէք գիտեր, կամ ալ` շատ թերի կերպով ու ամէնէն խղճալին` կ՛ամչնաք զայն խօսելու, որ ձեզ ՔՕՅԼԸՔՑԱ` գիւղացի չանուանեն,  այլ` այս դարու կամ մեր օրերու մարդը):

Ձեր պապերը երկդիմի մարդիկ չէին, այլ` անկեղծ, համարձակութիւնը ունէին դէմ կենալու անարդարութեան, զրպարտութեան կամ պարսաւանքի: Գիտէին տէր կանգնիլ տկարին, աղքատին, չքաւորին ու անտեսուածին եւ երբեմն ալ իրենց ունեցածէն բաժին հանել անոնց:

Ձեր պապերուն ամենահաճելի պահերը երեկոյեան իրարու տուած այցելութիւններն էին, զուարճանալու, անցեալի օրերը յիշելու, իրենց նախնիներուն աւանդածը երիտասարդներուն պատմելու համար. եւ չէին զգար, թէ ինչպէ՛ս ժամերը կ՛անցնէին, այնքան մտերիմ էին իրարու: Իսկ դուք հիմա հազուադէպօրէն կը հանդիպիք իրարու, հեռատեսիլ եւ արբանեակ կայ այսօր, համացանց ու արհեստագիտութիւն… աշխարհը ձեր մօտ ունիք: Իսկ եթէ մարդոց հանդիպիք, անոնք կա՛մ ձեր արենակից հարազատներն են, կա՛մ ալ ձեր շահի ընկերները:

Ձեր պապերը դաստիարակել գիտէին, իրենց որդիներուն փոքր տարիքէն հողին կը կապէին` անոնց ի պատիւ ծառ մը տնկելով, եւ դեռ աւելի՛ն,  անոնց կը սորվեցնէին հողին տէր կանգնիլ եւ հողին համար նոյնիսկ կեանքը տալ: Շնորհիւ ինծի` անոնց զաւակը արժէքներու տէր կը դառնար եւ, նիւթականի կողքին, հոգեպէս ալ կը հարստանար:

Ձեր հայրերը շատ անգամ անուս ու անգրագէտ ըլլալով հանդերձ, գիրին ու մշակոյթին հանդէպ պաշտամունք ունէին: Մանաւանդ հայերէն գիրքը, թերթն ու պարբերաթերթը իրենց համար սրբութիւն էին, երեկոները տան մէկ կողմը ընկողմանած,  նախընտրաբար` կրակարանին մօտիկ, գիրք կը կարդային ու ամէն ճիգ կ՛ընէին այդ սէրը նաեւ իրենց որդիներուն փոխանցելու: Բոլոր գիւղական տօներուն, մշակութային ձեռնարկներուն կը մասնակցէին` ազգային պատկանելիութեան պարտք զգալով այդ:

Ձեր հայրերը երբեմն մօտս կու գային լոկ կազդուրուելու, հանգստանալու եւ ինձմէ ուժ ստանալու համար եւ ո՛չ միայն զննելու, թէ բերք ունի՞մ, թէ՞ ոչ, պիտանի՞ եմ, թէ՞ արդէն անպէտ…

Ձեր նախնիք այս բոլոր հարստութիւններուն տէր էին, որովհետեւ կապուած էին ինծի` հողին, զիս կոչելով իրենց «Մայրենի հողը»:

Դառնանք մեր ցաւալի ներկային: Երեւակայենք պահ մը, որ զիս վաճառեցիք, ձեր փափաքածներուն հասաք, եւ այդ օտարները իմ վրաս ալ (շատ մը իմ քոյրերուս ու եղբայրներուս ճակատագրին նման) կառուցեցին շէնքեր, ու ես արտ ըլլալէ դադրեցայ: Այն ատեն պիտի ստիպուիք պտուղը, բանջարեղէնը շուկայէն բերել, ծորակներու պղտոր ջուրը խմել կամ ալ խանութներէն գնել, ա՛լ պիտի չունենաք իմ ընդերքէս բխած պաղ ու զուլալ ջուրը: Եւ գոհունակութիւնը պիտի չզգաք, որ այդ ամէնը ձեր հողին արտադրութիւնն է, քանի որ ուրիշինը պիտի սպառէք ու պիտի անդրադառնաք, որ ատով դեռ աւելի աղքատցեր էք:

Որքա՜ն կը տենչամ ձերը մնալ, քանի մեր կապը երբեմն դարէ մը աւելի հին է, ձեզ ձեր հայրերուն նման իմիններս կը նկատեմ, ձեզ կը սիրեմ ու կը գնահատեմ, բաւ է, որ այս մէկը փոխադարձ ըլլայ: Զիս լաւ մը մշակեցէք ու խնամեցէք եւ արդիւնքը պիտի տեսնէք, պիտի զգաք իմ արժէքս, պիտի վայելէք իմ բարիքներս, բաւ է, որ այցելէք ինծի, մօտս ձեր տուները շինէք, ձեր փոքրերը ծառերուս տակ խաղան, մօտս մեծնան ու իմ օրհնութիւնս ստանան, ու ես կը վստահեցնեմ ձեզ, որ երջանիկ պիտի ապրիք, իմ ուժովս պիտի գործէք ու յաջողութիւններու հասնիք:

Մնամ ձեզի միշտ հաւատարիմ`
ՁԵՐ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԸ