«Հոն Տուն Ու Խանութ Ունինք, Ամէն Բան Ձգեցինք, Եկանք»,Կը Պատմեն Թել Ապիատէն Հալէպ Հասած Հայորդիները


 «Գանձասար»,- Հոկտեմբեր 11-ին Հալէպի «Գանձասար» թերթը հանդիպում մը ունեցած է Թել Ապիատէն Հալէպ հասած Սարգիս Նազարեանի եւ Վանէս Քեչէրեանի հետ՝ տեղեկանալու այնտեղի կացութեան եւ անոնց դիմագրաւած դժուարութիւններուն։

Անոնք յայտնած են, որ Թել Ապիատ կը բնակէին, սակայն երբ սկսած է սուրիական պատերազմը, անոնք իրենց ընտանիքները փոխադրած են Հալէպ՝ ապահովական նկատառումներով։ Այր մարդիկը Թել Ապիատ աշխատանքի համար կը մեկնին, որովհետեւ այնտեղ ունին հողեր, զորս կը մշակեն, իսկ Նազարեան ելեկտրագործական խանութ մըն ալ ունի։

«Թել Ապիատի հայերը գրեթէ հողագործութեամբ կը զբաղին։ Անոնցմէ շատերուն ընտանիքները Հալէպ տեղափոխուած են պատերազմի տարիներուն։ Մենք կ՚երթայինք-կու գայինք Թել Ապիատ՝ մեր հողերը մշակելու։

«Նախքան պատերազմը մեր գործը շատ լաւ էր։ Կ՚աշխատէինք ու մեր արդար վաստակը կը վայելէինք։ Սուրիոյ պատերազմի տարիներուն նոյնիսկ մեր արտերը բերք տուին։ Մենք մնացինք ու աշխատեցանք այնտեղ։ Բայց երբ օրեր առաջ թրքական յարձակումը սկսաւ, կրակ տեղաց Թել Ապիատի վրայ։ Թրքական օդանաւերը երկինքէն, իսկ զինուորական ուժեր եւ թրքական հրասայլերը ցամաքէն կը կրակէին Թել Ապիատի եւ յարակից գիւղերուն ուղղութեամբ։ Այդտեղ մնալը կենաց մահու խնդիր էր, չէինք կրնար մնալ։ Ամէն բան այնտեղ ձգեցինք ու երեք օր առաջ դուրս ելանք Թել Ապիատէն։ Մէկ գիշեր քնացայ Արաբունարի մէջ, ընկերոջս խանութը։ Ռմբակոծումի ահաւոր ձայներ կը լսուէին։ Դժոխային գիշեր մը անցուցինք»,  ըսած է Քեչէրեան աւելցնելով, որ Արաբունար միայն մէկ հայ մնացած է՝ Խաչիկ անունով, հոն կ՚աշխատի, ընտանիքը Հալէպ է։ Թրքական սահմանին մօտ Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան գիւղերը բուռն հրթիռակոծման կ՚ենթարկուին։

Հայ ընտանիքներէն մաս մը Հալէպ , մաս մըն ալ Ռաքքա եւ Գամիշլի ապաստանած է։

Նազարեանի համաձայն՝ 1945-ականներուն մեծ թիւով հայեր կ՚ապրէին Թել Ապիատ։ Գիւղը ճիշդ թրքական սահմանին վրայ է։ «Մենք 40 տարիէ ի վեր Թել Ապիատ կ՚ապրինք, պատերազմի տարիներուն մեր ընտանիքները Հալէպ փոխադրեցինք։ Մենք հոն տուն ու խանութ ունինք։ Ամէն բան ձգեցինք, եկանք։ Այստեղ շատ լաւ դիմաւորեցին մեզ։ Հիմա կացութիւնը անորոշ է, սպասման վիճակի մէջ ենք», ըսած է Նազարեան։