Հրապարակային Դաստիարակչական Դասախօսութիւն Ատամներու Առողջապահութեան Մասին


Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ ՀՕ­Մի Թո­րոն­թո­յի ՙՌու­բի­նա՚ Մաս­նա­ճիւ­ղի Դաս­տիա­րակ­չա­կան Յանձ­նա­խում­բին եւ Հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ Օն­թա­րիո­յի Գա­նա­տա­հայ Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թեան (ACMAO)ի, տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­պա­րա­կա­յին դաս­տիա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն մը Փետ­րո­ւար 11ի յետ­մի­ջօ­րէին, Թո­րոն­թո­յի Հայ Կեդ­րո­նին մէջ:

Դա­սա­խօ­սու­թեան նիւթն էր` ՙԲե­րա­նի, Լին­տի եւ Ա­տա­մի Հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու Կան­խար­գի­լում՚:

ՀՕ­Մի Դաս­տիա­րակ­չա­կան Յանձ­նա­խում­բի ան­դամ Լու­սին Ման­կա­սա­րեա­նի բաց­ման խօս­քով սկսաւ մի­ջո­ցա­ռու­մը: Ան հա­կիրճ ձե­ւով ներ­կա­յա­ցուց եր­կու Ա­տամ­նա­բոյժ դա­սա­խօս­նե­րուն՝ Տոքթ․ Ա­նի Հա­սըր­ճեա­նի եւ Տոքթ․ Գրի­գոր Պէ­պէ­ճեա­նի կեն­սագ­րա­կան գի­ծե­րը։

Լսա­տե­սո­ղա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւ­նը սկսաւ Տոքթ․ Հա­սըր­ճեա­նի նե­րա­ծա­կա­նով։ Ան ը­սաւ, թէ ՀՕ­Մի եւ ACMAOի ծրագ­րե­րուն մաս կը կազ­մեն նմա­նօ­րի­նակ դաս­տիա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ։ Ան­ցեա­լին Բժշկա­կան Ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը եւ մաս­նա­ւո­րա­բար ACMAOի Հի­ւան­դա­պա­հու­հի­նե­րու Բա­ժան­մուն­քը, ա­ռող­ջա­պա­հա­կան նիւ­թե­րով եւ Health Fairով« հրա­պա­րա­կա­յին դաս­տիա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պած է հան­րու­թեան հա­մար։ Այժմ կա­րի­քը նկա­տե­լով դար­ձեալ նմա­նօ­րի­նակ դա­սա­խօ­սա­կան շար­քեր պի­տի կազ­մա­կեր­պո­ւին։

Դա­սա­խօ­սու­հին ա­ւել­ցուց․ ՙԱր­դի Բժշկու­թիւ­նը մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կու տայ եւ ա­մէն ժա­մա­նակ­նե­րէ ա­ւե­լի հիմ­նո­ւած է հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու ա­ռաջ­քը առ­նե­լու,  այ­սինքն՝ կան­խար­գի­լե­լու եւ նա­խազ­գու­շու­թեան վրայ՚:

Ա­պա ան յայտ­նեց, թէ ՙԺպի­տը մար­դոց ա­մե­նա­թան­կա­գին հարս­տու­թիւն­նե­րէն մէկն կա­րե­լի է նկա­տել։ Հա­գո­ւածք, մա­զի ձեւ կրնան ժա­մա­նա­կավ­րէպ դառ­նալ, սա­կայն մեր ժպի­տը մեր մա­սին շատ բան կ­’ար­տա­յայ­տէ եւ եր­բէք չի դադ­րիր նո­րա­ձե­ւու­թե­նէ։ Ա­ռողջ եւ մա­քուր ակ­ռա­ներ ու­նե­նա­լը ըն­կե­րա­յին գանձ մըն է։ Ու­շագ­րաւ ժպի­տը ար­ժէ­քա­ւոր հարս­տու­թիւն է եւ մե­ծա­պէս կը նպաս­տէ եւ կ­’ար­տա­ցո­լաց­նէ մեր ու­րա­խու­թիւ­նը եւ դրա­կան ինք­նավս­տա­հու­թիւ­նը։ Ժպի­տով կը յա­րա­բե­րինք դուր­սի աշ­խար­հին հետ եւ այդ շատ բան կ­’ը­սէ մեր մա­սին, ո­րով­հե­տեւ ժպի­տը մեր նե­րաշ­խար­հի պա­տու­հանն է։ Ե­թէ մեր բե­րա­նը վա­տա­ռողջ է եւ ակ­ռա­յի ցաւ ու­նե­նանք, մեր տրա­մադ­րու­թիւ­նը կը քան­դո­ւի, մեր ժպի­տը կ­’ան­հե­տա­նայ, չենք կրնար բնա­կա­նոն եւ սննդա­րար ու­տել, ծա­մել եւ մար­սել եւ մեր մարմ­նի վա­տա­ռող­ջու­թեան պատ­ճառ կը հան­դի­սա­նայ։ Մեր բե­րա­նը ա­ռողջ պա­հե­լը բա­նա­լին է մեր մար­մի­նը ա­ռողջ պա­հե­լու՚:

Ա­ւելց­նե­լով Տոքթ․ Հա­սըր­ճեան ը­սաւ, թէեւ Հա­յե­րէն լե­զո­ւով ՙԱ­տամ­նա­բոյժ՚ բա­ռը ա­տամ­նե­րը բու­ժող կը նշա­նա­կէ, սա­կայն ար­դի ա­տամ­նա­բոյ­ժը որ­պէս Ա­ռա­ջին Դաս կը սոր­վի եւ վկա­յո­ւած ժա­մա­նակ կ­’ուխ­տէ ՙTo Conserve Tooth Structure՚ այ­սինքն ՙՊահ­պա­նել Ակ­ռա­յի Կա­ռու­ցո­ւած­քը՚։ Այս կը նշա­նա­կէ դար­մա­նե­լէ ա­ւե­լի ա­ռաջ կա­րե­ւոր է ա­ռողջ ա­տամ­նե­րը յա­ւերժ պա­հե­լու ջանք եւ աշ­խա­տանք տա­նիլ, ան­հա­տին եւ ա­տամ­նա­բոյ­ժին եր­կուս­տէք հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ եւ թե­լադ­րու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւե­լով։

Ակ­ռա­յի փտտախ­տի, լին­տի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու եւ բեր­նի քաղց­կե­ղի կան­խար­գիլ­ման մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տրո­ւե­ցան։

Ակ­ռա­նե­րու եւ լին­տի զա­նա­զան խա­ւե­րը եւ կազ­մո­ւած­քը ցոյց տա­լէ ետք, ներ­կա­նե­րը նկար­նե­րու ընդ­մէ­ջէն տե­ղե­կա­ցան, թէ ա­տա­մի փտտախ­տը կը պա­տա­հի, երբ ճա­շե­րու քաղցր շա­քա­րը եւ մեր բե­րա­նի ման­րէ­նե­րը կը միա­նան եւ թթու կը յա­ռա­ջա­նայ£ թթուն ա­տա­մի հետ խո­րոչ­ներ կամ ակ­ռա­յի փտտախտ կը յա­ռա­ջաց­նէ։

Sugar+Bacteria=Acid

Acid+Healthy Tooth=Cavities (Sick Tooth)

Լին­տի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը կը յա­ռա­ջա­նան երբ ակ­ռա­յին եւ լին­տին մի­ջեւ ճա­շի պա­տա­ռիկ­ներ կը մնան եւ ման­րէ­նե­րը ճա­շը թթո­ւի (Acidic Plaque) կը վե­րա­ծեն եւ լին­տը կը կրծեն։ Երբ լին­տը ա­րիւ­նի կը նշա­նա­կէ Gingivitis (Լին­տի մեղմ բոր­բո­քում) կայ։ Ճշգրիտ խո­զա­նա­կե­լով եւ ա­տամ­նա­թել (Dental Floss) օգ­տա­գոր­ծե­լով եւ յա­ճա­խա­կի (6 ա­մի­սը ան­գամ մը) ա­տամ­նա­բու­ժա­րան այ­ցե­լե­լով կա­րե­լի է դար­մա­նել Gingivitisը։ Սա­կայն, ե­թէ ան­հա­տը ան­հոգ գտնո­ւի բոր­բո­քու­մը կը յա­ռա­ջա­նայ եւ ա­ւե­լի լուրջ լին­տի հի­ւան­դու­թեան կը վե­րա­ծո­ւի, նախ Early Periodontitis, ա­պա Moderate Periodontitis եւ վեր­ջա­պէս՝ Advanced Periodontitis, ուր ակ­ռա­նե­րը կորսնց­նե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը բարձր է եւ լին­տի հի­ւան­դու­թիւ­նեանց մաս­նա­գէ­տի խնամ­քը անհ­րա­ժեշտ է։

Ու­րեմն ա­տամ­նե­րը ճշգրիտ ձե­ւով խո­զա­նա­կե­լու եւ ա­տամ­նա­թե­լով լաւ մաք­րե­լու կող­քին, կա­նու­նա­ւո­րա­բար ա­տամ­նա­բոյ­ժի այ­ցե­լու­թիւ­նը ա­մե­նա­կա­րե­ւոր բանն է, որ ան­հատ մը կրնայ ը­նել բե­րա­նի, լին­տի եւ ա­տա­մի հի­ւան­դու­թիւն­նե­րը կան­խար­գի­լե­լու հա­մար։ Բեր­նի ման­րակր­կիտ քննու­թիւն­նե­րը կ­’օ­ժան­դա­կեն ախ­տա­ճա­նա­չու­մը ը­նե­լու եւ կա­սեց­նե­լու, բար­դու­թիւն­ներ ստեղ­ծո­ւե­լէ ա­ռաջ:

Սննդա­րար ու­տես­տե­ղէն­ներ ու­տե­լը շատ կա­րե­ւոր է, ո­րով­հե­տեւ կ­’ը­սո­ւի, թէ լաւ ու­տե­լը բա­նա­լին է լին­տե­րը ա­ռողջ պա­հե­լու։ Կա­րե­ւո­րը այն է, թէ սննդա­րար ու­տե­լիք­նե­րը կը նպաս­տեն նաեւ մեր ընդ­հա­նուր ա­ռող­ջու­թեան։

Շա­քա­րը ակ­ռա­նե­րուն վնաս կու­ տայ, ու­րեմն կա­րե­ւոր է զայն չա­փա­ւոր ու­տել. նա­խընտ­րել բան­ջա­րե­ղէն­ներ, պտուղ, ըն­դե­ղէն, կաթ­նե­ղէն, մսե­ղէն ե­ւայլն եւ հե­ռու մնալ քաղցր եւ կպչուն ու­տե­լիք­նե­րէն։ Ա­տամ­նե­րը խո­զա­նա­կել նա­խա­ճա­շէն ետք եւ քնա­նա­լէ ա­ռաջ եւ ե­թէ կա­րե­լիու­թիւն կայ նա­խընտ­րե­լի է լո­ւալ իւ­րա­քան­չիւր ճա­շէ ետք։

Տե­սե­րիզ­նե­րով ցու­ցադ­րո­ւե­ցան խո­զա­նա­կե­լու, ա­տամ­նա­թե­լը օգ­տա­գոր­ծե­լու ցուց­մունք­ներ եւ գա­նա­տա­կան Սննդա­կա­նո­նի Canadian Food Guideի մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ, ինչ­պէս նաեւ ալ­քո­հո­լի եւ ծխա­խո­տի վնաս­նե­րու մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ եւ կա­սեց­ման թե­լադ­րու­թիւն­ներ։

Երկ­րորդ բա­ժի­նը յատ­կա­ցո­ւած էր կան­խազ­գու­շաց­ման մի­ջոց­նե­րու եւ մա­նուկ­նե­րու խնամ­քին։ Տոքթ․ Գրի­գոր Պէ­պէ­ճեան բա­ցատ­րեց Հան­րու­թեան հա­մար Ջու­րի մէջ Fluorideի դե­րին մա­սին: Ան ը­սաւ, թէ ժո­ղո­վուր­դի գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը կը նպաս­տէ ա­ւե­լի հո­գա­տար ըլ­լա­լու ա­տամ­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան նկատ­մամբ։

Բա­ցատ­րե­լով մա­նուկ­նե­րու ա­տամ­նե­րու խնամ­քին մա­սին, Տոքթ․ Պէ­պէ­ճեան խօ­սե­ցաւ, թէ ինչ պէտք է ը­նել։ Կա­նու­նա­ւոր քննու­թիւն­նե­րը եւ ա­ռա­ջին ա­տամ­նա­բոյ­ժի այ­ցե­լու­թիւ­նը պէտք է ըլ­լայ ա­տամ­նե­րը դուրս գա­լէ 6 ա­միս ետք։ Լսա­տե­սո­ղա­կան մի­ջոց­նե­րով ան ցոյց տո­ւաւ ա­տամ­նե­րը դուրս գա­լու շար­քը, տա­րի­քի փո­փո­խու­թիւն­նե­րը եւ թէ ինչ­պէ՞ս ծ­նող­քը ա­չա­լուրջ կրնայ ըլ­լալ։

Ան հաս­տա­տեց կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ման­կա­կան ա­տամ­նե­րու ա­ռող­ջու­թեան ը­սե­լով, ե­թէ հոգ տա­նինք ա­տամ­նե­րուն կրնանք ցա­ւէ, բոր­բո­քում­նե­րէ եւ բար­դու­թիւն­նե­րէ խու­սա­փիլ։ Ե­թէ մա­նու­կը կան­խա­հաս ա­տամ­նե­րը կորսնց­նէ խօ­սակ­ցու­թիւ­նը կը փո­խո­ւի, հո­գե­բա­նա­կան բար­դու­թիւն­ներ կրնայ ու­նե­նալ, ճա­շը չկա­րե­նալ լաւ ծա­մել եւ Orthodonticsի հար­ցեր յա­ռա­ջաց­նել։ Կա­րե­ւոր է մա­նու­կը ա­տամ­նա­բոյ­ժին տա­նիլ փոքր հար­ցե­րը շու­տով դար­մա­նե­լու հա­մար եւ ա­ռանց ցա­ւի փոր­ձա­ռու­թեան փոք­րի­կին մօտ դար­մա­նա­տան հան­դէպ դրա­կան մօ­տե­ցում զար­գաց­նե­լու հա­մար:

Դա­սա­խօ­սու­թեան վեր­ջա­ւո­րու­թեան ե­ղան գնա­հա­տա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­ներ եւ ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ կրկնել նման դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ։