Թորոնթոյի ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի 41-րդ Առաջին Զանգը Հնչեց


Սեպտեմբեր 3-ին՝ ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի բացման օրը, Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած աշակերտութենէն պատկեր մը։

Սեպտեմբեր է դարձեալ` Վերամուտի եւ դպրոցական կեանքի վերադառնալու գործընթաց: Տնօրէնութիւն, ուսուցչակազմ, աշակերտութիւն եւ ծնողք կը վերադառնան նպատակաուղղուած աշխատանքի, եւ իւրաքանչիւրը ունի իր առջեւ դրուած մարտահրաւէրներն ու յանձնառութիւնները:  Նոյնն է պարագան Թորոնթոյի ՀՕՄի «Ռուբինա» Մանկամսուրի, Պապայեան մանկապարտէզի, Գոլոլեան նախակրթարանի եւ Լափոյեան Երկրորդական Վարժարանին, որուն 41-րդ վերամուտի զանգը հնչեց երեքշաբթի 3 Սեպտեմբեր 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանը, իր 640 աշակերտներով եւ 73 անձնակազմով ու պաշտօնեաներով, թորոնթոհայ միակ ամէնօրեայ կրթական հաստատութիւնն է, որ առաւելագոյն ճիգերով կը շարունակէ իրագործել հայապահպանման իր վեհ առաքելութիւնը:

Վարժարանի Կոկոն դասարանէն մինչեւ 12-րդ կարգի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն ընկերակցութեամբ, ուղղուեցան Ս․ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցի, ուր դիմաւորուեցան թորոնթոհայ եկեղեցիներու հոգեւոր հովիւներու եւ ներկայացուցիչներու, Վարժարանի տնօրէնութեան, Կրթական մարմինին եւ ծնողներուն կողմէ: Վերամուտի պաշտօնական արարողութեան ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի, ՀՅԴ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի, ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի, Համազգայինի «Գլաձոր» Մասնաճիւղի, ՀՄԸՄ Թորոնթոյի, Հայ Երէցներու Ընկերակցութեան եւ Ս․ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ներկայացուցիչները:

Ս․ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վարդան Վարդապետ Թաշճեանի բարի գալուստի խօսքով եւ աղօթքով սկսաւ բացման արարողութիւնը:

Վարժարանի Կրթական Մարմինի ատենապետ Վազրիկ Շարապխանեան ողջունեց աշակերտներու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու գալուստը եւ 2019-2020 ուսումնական 41-րդ տարեշրջանը պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց: Ան յայտնեց, որ վարժարանը տարուէ տարի վերելքի մէջ է, բան մը՝ որ կը պարտի անցեալի եւ ներկայ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, քարտուղարական կազմերուն եւ կրթական մարմիններուն, որոնք ճիգ չխնայեցին ու չեն խնայեր որ վարժարանը յաջողի ջամբել Գերազանց Ուսում, Տիպար Նկարագիր եւ Ազգային ու Հայկական Գիտակցութիւն, դպրոցական ապահով միջավայրի մը մէջ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի բոլոր բարերարներուն եւ «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէութեան, Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ եւ ուղեկից միութիւններուն իրենց շարունակական անվերապահ աջակցութեան ու հոգատարութեան՝ կրթական այս օճախին վերելքին համար:

Տնօրէն Ռաֆֆի Սարգիսեան

Ապա խօսք առաւ Տնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան, որ յայտնեց, թէ մեծ պատիւ է 18 ամսեայ հայ մանուկէն մինչեւ 18 տարեկան հայ երիտասարդին գուրգուրալ, դաստիարակել, հոգին ազնուացնել, հայկական շունչով սնուցանել եւ անոր ապագայի մարտահրաւէրները դիմագրաւելու պատրաստել: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, որոնք վարժարանին կը պարգեւեն այդ հոգեպարար առիթը: Սարգիսեան աւելցուց, որ վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչակազմը պատրաստ են ծառայելու աշակերտութեան: Աւարտին, ուժ եւ կորով մաղթեց ուսուցիչներուն եւ յարատեւ յաջողութիւն՝ աշակերտներուն:

Ս․ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Վարդան Վարդապետ Թաշճեանի եւ Հայ Կաթողիկէ Ս․ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Եղիա Ծայրագոյն Վարդապետ Գիրէջեանի սրտի խօսքերով եւ Տէրունական աղօթքով ու Պահպանիչով փակուեցաւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի 41-րդ վերամուտի արարողութիւնը, որմէ ետք աշակերտները ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ ուղղուեցան իրենց դասարանները՝ յաջողութիւններով լեցուն ուսումնական նոր տարեշրջան մը սկսելու համար:

Տնօրէնութիւն