ՀՕՄի Արցախի Մասնաճիւղը Տաք Ճաշ եւ Օրնութիւն Կը Հասցնէ Սահմանին Կանգնած Զինուորին


ՀՕՄի Արցախի մասնաճիւղը այցելած է առաջնագիծ՝ Հայրենեաց Պաշտպանի օրուան առիթով:

ՀՕՄուհիները առաջնագիծի վրայ կանգնած զինուորին համար՝ մայրական ջերմութեամբ ու հոգատարութեամբ՝ պատրաստած են տոլմա, աղցան, նրբաբլիթ, գաթա եւ անձամբ հասցուցած զօրամաս ու դիրքեր:

«Ծրագիրը մշտական է, արդէն 5րդ տարին ըլլալով Արցախի ՀՕՄուհիները կ՝այցելեն սահմանապահ զինուորին: Բոլոր ուտելիքները պատրաստուած են մեր մայրերու ձեռքերով, տնական են, մեր հոգին ու սէրը դրած ենք, որպէսզի զինուորը այսօր ինքզինք զգայ իր տան մէջ», ըսած է ՀՕՄի Արցախի մասնաճիւղի ատենապետուհի Կարինէ Դադայեանը եւ աւելցուցած, որ հայ կինը, հայ մայրը, ամբողջ ժողովուրդը սատար կանգնած են զինուորին, որ պատիւով կը կատարէ իր վրայ դրուած պարտականութիւնը:

«Այսօր ամենակարեւորը մեզի համար դիրքապահ զինուորն է եւ մեր այցելութեան նպատակը նաեւ այն է, որ դիրքապահ զինուորը գիտնայ իր առաքելութեան կարեւորութիւնը», նշած է Ստեփանակերտի ՀՕՄի «Սօսէ» մանկապարտէզի տնօրէնուհի Նելլի Ղուլեան:

Ծրագիրը շարունակական է եւ ՀՕՄուհիները պատրաստ են յառաջիկային եւս իրենց մայրական սէրն ու օրհնանքը հասցնելու հայրենիքի պաշտպաններուն: