ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի «Տոհմիկ Օր» Ձօնուած՝ Նախիջեւանի


Զե­փիւռ Տոր­նա


Շա­բաթ Հոկ­տեմ­բեր 28ի ե­րե­կո­յէան Թո­րոն­թո­յի Հայ Կեդ­րո­նը ե­ռու­զե­ռի մէջ էր: Շուրջ 315 հա­յոր­դի­ներ փու­թա­ցած էին ըմ­բոշխ­նե­լու այս բա­ցա­ռիկ ե­րե­ւոյթ հան­դի­սա­ցող տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը՝ Հայ Օգ­նու­թէան Միու­թէան «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի -րդ ­տոհ­միկ Օ­րը,  որ այս տա­րի նո­ւի­րո­ւած էր Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ իր հինգ գա­ւառ­նե­րուն: ՀՕՄը իր ա­ռա­քե­լու­թեան ճամ­բով, հա­յա­պահ­պան­ման եւ ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րու պա­հան­ջա­տի­րա­կան ո­գիով, ան­գամ մը եւս Տոհ­միկ Օ­րե­րու կազ­մա­կեր­պու­թեամբ՝ տէր կը կ’անգ­նէր Հայ ազ­գի պատ­մա­կան բնա­կա­վայ­րե­րու բարձր ար­ժէք­նե­րուն եւ հա­րուստ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թէան, զա­նոնք կը վե­րա­կեն­դա­նաց­նէր մեր յի­շո­ղու­թէան մէջ եւ կը փո­խան­ցէր ե­կող սե­րունդ­նե­րուն:

Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հը պատ­շա­ճօ­րէն զար­դա­րո­ւած էր Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ հինգ գա­ւառ­նե­րու՝ Գող­թան, Երն­ջակ, Նա­խի­ջե­ւան, Ճա­հուկ-Շա­հա­պոնք եւ Շա­րու­րի քար­տէ­սով, սրա­հի պա­տե­րուն վրայ տե­ղադ­րո­ւած էին Նա­խի­ջե­ւա­նի ու գա­ւառ­նե­րու ա­նուն­նե­րը եւ «Նա­խի­ջե­ւա­նը Տա­րածք Չէ, ԱՅԼ՝ Հայ­րե­նիք» լո­զուն­քը, բո­լորն ալ յա­տուկ պաս­տառ­նե­րու վրայ սի­րա­յօ­ժա­րօ­րէն պատ­րաս­տո­ւած՝ Զոհ­րապ Թա­թի­կեա­նի կող­մէ: Ան նաեւ պատ­րաս­տած էր 17 խաչ­քա­րե­րը, ո­րոնք գոր­ծա­ծո­ւե­ցան գե­ղա­րո­ւես­տա­կան յայ­տագ­րի ըն­թաց­քին: Սրա­հին մէկ ան­կիւ­նը ցու­ցադ­րու­թեան դրո­ւած էին զա­նա­զան փոքր խաչ­քա­րեր, հայ­կա­կան ի­րեր, Հա­յաս­տա­նի մէջ լոյս տե­սած Նա­խի­ջե­ւա­նի մա­սին շարք մը գիր­քեր, ՀՕՄի տոհ­միկ օ­րե­րու 24 տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին լոյս տե­սած գիր­քե­րը, վի­ճա­կա­հա­նու­թեան նո­ւէր­նե­րը, ո­րոնց մէկ մա­սը բե­րո­ւած էին Հա­յաս­տա­նէն եւ լուռ ա­ճուր­դի դրո­ւած հայ­կա­կան ե­լեկտ­րա­կան թո­նի­րը: Սե­ղան­նե­րու կեդ­րո­նը զե­տե­ղո­ւած էին Հա­յաս­տա­նէն բե­րո­ւած հայ­կա­կան գե­ղե­ցիկ ա­րո­ւես­տի գործ՝ փայ­տեայ խաչ­քա­րեր:

Ձեռ­նար­կը քա­ջա­լե­րող բա­րե­կամ­ներ, ան­դամ­ներ եւ հիւ­րեր ժա­մը 7ին սկսած էին հաս­նիլ Կեդ­րոն: Սրա­հի մուտ­քին գիր­քի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­ները ներ­կա­նե­րուն կը բաժ­նէին Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ հինգ գա­ւառ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած գիր­քե­րը: Եր­կար ա­միս­նե­րու պրպտում­նե­րու եւ հա­մադ­րու­մի աշ­խա­տան­քը բծախնդ­րօ­րէն կա­տա­րած էր գիր­քի յանձ­նա­խում­բը ու լոյս ըն­ծա­յած այս բո­վան­դա­կա­լից գիր­քը: Գիր­քի կող­քի է­ջին հո­վա­նա­ւորն էր Ռի­թա Պէք­մէ­զեան-Շամ­լեա­նը, եւ Նա­խի­ջե­ւան նա­հան­գի հո­վա­նա­ւոր­ներն էին Տէր եւ Տիկ․ Նա­զար եւ Նի­նա Չա­թա­լէան­նե­րը:

Հայ­կա­կան տա­րա­զով յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ներ­կա­նե­րը կը հիւ­րա­սի­րէին սրա­հի մուտ­քին եւ կը հրամց­նէին կե­ռա­սի խմիչք եւ նու­շով քաղց­րե­ղէն: Ներ­կայ էին Ս․ Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ` Հայր Գե­ղարդ Ծ․ Վրդ․ Քիւս­պէ­կեա­նը, Հայ Կա­թո­ղի­կէ Ս․ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Ե­կե­ղեց­ւոյ հո­վիւ` Հայր Ե­ղիա Գի­րէ­ջեա­նը, ՀՅԴ «Ս ․ Թէհ­լի­րեան» Կո­մի­տէի հեր­թա­պահ Վա­չէ Գը­լը­պո­զեա­նը, ՀՕՄի Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան ան­դամ Վար­սե­նիկ Սար­գի­սէա­նը, ՀՕՄի Գա­նա­տա­յի Շրջա­նի Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Ա­նի Օ­հանեա­նը եւ վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը,  ո­րոնք ժա­մա­նած էին Մոնթ­րէա­լէն, Հա­միլ­թը­նէն եւ Թո­րոն­թո­յէն:

Օ­րո­ւան յայ­տա­գի­րը սկսաւ Տոհ­միկ Օ­րո­ւան յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պե­տու­հի Հու­րի Նա­ճա­րեա­նի բաց­ման խօս­քով: Ան ներ­կա­նե­րուն բա­րի գա­լուստ մաղ­թե­լէ ետք, հե­տե­ւեալ ձե­ւով ար­տա­յայ­տո­ւե­ցաւ «․․․ Նա­խի­ջե­ւա­նը հայ­րե­նի­քի այն բե­կորն է, որ հա­զա­րա­մեակ­ներ ե­ղած է հա­յու­թեան բննօ­րան, ուր հայ ժո­ղո­վուր­դը ապ­րած եւ ստեղ­ծա­գոր­ծած է բարձր մշա­կոյթ եւ զար­գա­ցու­ցած բար­գա­ւաճ տնտե­սու­թիւն: Ա­րաքս գե­տի ա­փին եր­կա­րող 5․500 քա­ռա­կու­սի քի­լո­մեթր կազ­մող այս գե­ղա­տե­սիլ տա­րած­քը, Ար­ցա­խի հետ միա­սին 1923ին ա­նար­դա­րօ­րէն Ազր­պէյ­ճա­նին յանձ­նո­ւե­ցաւ․․․ Ա­ւա՜ղ,­ այ­սօր հա­յա­թա­փո­ւած է Նա­խի­ջե­ւա­նը եւ են­թար­կո­ւած ա­հա­ւոր մշա­կու­թա­յին ե­ղեռ­նի: Ա­ւա՜ղ, ­հոն դադ­րած են Գող­թան եր­գե­րը, լռած է 220է ա­ւե­լի հայ­կա­կան վան­քե­րու եւ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու զան­գակ­նե­րու ղօ­ղան­ջը․․․ քան­դո­ւած եւ փշրո­ւած են 27․000ի հաս­նող հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան կո­թող­նե­րը, յու­շար­ձան­նե­րը, տա­պա­նա­քա­րե­րը, 10․000է ա­ւե­լի մեր հի­նա­ւուրց ու հիաս­քանչ խաչ­քա­րե­րը․․․ Նա­խի­ջե­ւա­նի Տոհ­միկ Օ­րո­ւան ո­գե­կոչ­ման ընդ­մէ­ջէն կու գանք ի­րա­զեկ դառ­նա­լու մեր պա­պե­նա­կան ժա­ռան­գին, պա­հան­ջա­տէր ըլ­լա­լու մեր ար­դար ի­րա­ւուն­քին եւ զայն փո­խան­ցե­լու մեր ներ­կայ ու գա­լիք սե­րունդ­նե­րուն․․․ Հպարտ ըլ­լանք մեր ինք­նու­թեամբ, բարձր պա­հենք հա­յու ո­գին, տէր կանգ­նինք մեր ազ­գա­յին ժա­ռան­գու­թեան, հա­ւա­տանք մեր ար­դար ի­րա­ւունք­նե­րուն եւ գոր­ծենք մէկ ազգ եւ մէկ ամ­բող­ջա­կան հայ­րե­նիք նշա­նա­բա­նով»:

Ան նաեւ ու­րա­խու­թեամբ յայ­տա­րա­րեց, որ այս ձեռ­նար­կի հա­սոյ­թէն մաս­նա­ճիւղս հա­զար տո­լար նո­ւի­րո­ւած է նա­խի­ջե­ւա­նա­գէտ պատ­մա­բան Ար­գամ Այ­վա­զեա­նին իր վեր­ջին գիր­քին «Նա­խի­ջե­ւան՝ Բնաշ­խար­հիկ Պատ­կե­րա­զարդ Հան­րա­գի­տակ»ի տպագ­րու­թեան հա­մար, որ լոյս տե­սած էր ան­ցեալ ա­միս:

Պատ­կե­րի­զի վրայ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցաւ Այ­վա­զեա­նի եւ Լու­սիկ Ա­գու­լե­ցիի շնոր­հա­ւո­րա­կան պատ­գամ­նե­րը:

Ա­պա խորհր­դան­շա­կան խաչ­քա­րե­րով մուտք գոր­ծե­ցին ՀՄԸՄի ա­րի­ներն ու ա­րե­նոյշ­նե­րը եւ ԳԵՄի ան­դամ­նե­րը՝ ներ­կա­յաց­նե­լով «Խաչ­քա­րե­րու Կան­չը» կեն­դա­նի պատ­կեր մը: Պատ­շաճ ե­ղա­նա­կի ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ մե­նա­պար մը կատարեցին Ռու­բի­նա Սար­գի­սեա­նը եւ Յով­հան­նէս Յա­րու­թիւ­նեա­նը՝ հա­մադ­րութեամբ Լո­ռի Նա­ճա­րեա­նի:      

Հայր Գե­ղարդ Ծ․ Վար­դա­պետ Քիւս­պէ­կէա­նը եւ Հայր Ե­ղիա Ծ․ Վար­դա­պետ Գի­րէ­ջեա­նը կա­տա­րե­ցին սե­ղա­նի օրհ­նու­թիւ­նը, որ­մէ ետք Հայր Գե­ղար­դը տո­ւաւ իր սրտին խօս­քը: Ան գնա­հա­տեց ՀՕՄի Թո­րոն­թո­յի «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւղն ու իր Տոհ­միկ Օ­րո­ւան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը, որոնք եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր հա­ւա­տար­մօ­րէն կը շա­րու­նա­կեն տօ­նա­կա­տա­րել հայ­կա­կան ա­ւան­դոյթ­նե­րուն եւ հա­րուստ մշա­կոյ­թին նո­ւի­րո­ւած այս տա­րե­կան ձեռ­նարկ­նե­րը: Ան շա­րու­նա­կեց ը­սե­լով՝ որ այս տա­րո­ւան ձեռ­նար­կը կը յի­շեց­նէր թէ Նոյ Նա­հա­պե­տին ըն­տա­նի­քը էջք կա­տա­րած էր «Նախ-Ի­ջե­ւան», նոր սկիզբ մը, աշ­խար­հին մէջ տա­րա­ծո­ւե­լու նոր յոյս մը տա­լով եւ թէ այս օ­րո­ւան տօ­նա­կա­տա­րու­թիւ­նը կը զու­գա­դի­պէր «Գիւտ Խա­չի» տօ­նին: Ան ը­սաւ․ «Երբ կը խօ­սինք Նա­խի­ջե­ւա­նի մա­սին․․․ կու գանք մենք մեզ յու­սադ­րե­լու եւ ներշն­չե­լու թէ խա­չը ո՛չ ­կը թա­ղո­ւի, խա­չը ո՛չ ­կը քան­դո­ւի, խա­չը ո՛չ ­կը կոր­սո­ւի: Ե­թէ Հե­ղի­նէ թա­գու­հին չորս դա­րէն ետք գտաւ Քրիս­տո­սի խա­չա­փայ­տը, այդ ալ մե­զի կու գայ ը­սե­լու, թէ յոյ­սը ա­մօ­թով չի ձգէր մեզի: Նա­խի­ջե­ւա­նը յի­շե­լը յոյ­սով լից­քա­ւո­րո­ւիլ է․․․ Այս առ­թիւ կու գամ իմ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւնս յայտ­նե­լու ՀՕՄի Թո­րոն­թո­յի «Ռու­բի­նա»  մաս­նա­ճիւ­ղին՝ այս սքան­չե­լի բա­նա­կին, որ ոչ թէ միայն ան­ցեա­լի պատ­մու­թիւ­նը կը յի­շեց­նէ մեզի, այլ կու գայ ներ­կա­յի մէջ մեր ինք­նու­թիւ­նը ամ­րաց­նե­լու եւ դէ­պի ա­պա­գայ մեզ յոյս ներշն­չե­լու․․․»:

Պատ­մա­կան վա­ւե­րագ­րա­կան պատ­կե­րիզ մը, պատ­րաս­տո­ւած Եր­կիր Մի­տիա­յի կող­մէ՝  «Նա­խի­ջե­ւա­նը այս­քան մօտ եւ այս­քան հե­ռու»՝ հա­մադ­րո­ւած ու ամ­փո­փո­ւած ձե­ւով ցու­ցադ­րո­ւե­ցաւ: Ա­պա ներ­կա­նե­րը կար­գով հրա­ւի­րո­ւե­ցան մօ­տե­նա­լու շքե­ղօ­րէն զար­դա­րո­ւած սե­ղան­նե­րուն ստա­նա­լու հա­մար հոն զե­տե­ղո­ւած հա­մեղ ու­տե­լիք­նե­րը: Սե­ղա­նին վրայ կա­րե­լի էր գտնել խո­րո­ված ոչ­խա­րը, մի­սով պատ­րաս­տո­ւած փի­լա­ւը, տար­բեր տե­սա­կի խո­րո­ված­ներ, մի­ջու­կով կո­լո­լա­կը (քէօֆ­թէ), տե­րե­ւի տոլ­ման եւ աղ­ցա­նի տե­սակ­ներ, բո­լո­րը պատ­րաս­տո­ւած Նուռ Ըն­տիր Ու­տե­լի­քի (Noor Fine Food) կող­մէ:

Ճա­շի ըն­թաց­քին ա­շու­ղա­կան եր­գե­րու մէկ­նա­բան Մհեր Մի­նա­սեա­նը իր հմա­յիչ ձայ­նով ներ­կա­նե­րուն հրամ­ցուց ա­շու­ղա­կան եր­գե­րու շարք մը, որ կու գար վեր­ջին քա­նի մը հա­րիւր տա­րի­նե­րու ընդ­մէ­ջէն, իւ­րա­քան­չիւր բաժ­նին հետ ան տո­ւաւ նաեւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ այդ շար­քի ա­ւան­դա­կան եր­գե­րու մա­սին: Ստեղ­նա­շա­րի վրայ ի­րեն ըն­կե­րակ­ցե­ցաւ Րաֆ­ֆի Շա­նո­յեա­նը: Ճա­շէն ետք ազ­գա­յին տոհ­միկ ե­րաժշ­տու­թեամբ ե­լոյթ ու­նե­ցաւ Հո­րո­վել նո­ւա­գա­խում­բը՝ ղե­կա­վա­րու­թեամբ Ջի­ւան Ստե­փա­նեա­նի եւ ո­րուն մե­ներգ­նե­րով ըն­կե­րա­ցաւ գե­ղե­ցիկ ձայ­նով օժ­տո­ւած Ար­մե­նիա Սար­գի­սեա­նը:

Մին­չեւ ուշ գի­շեր Մհեր Մի­նա­սեա­նը իր եր­գե­րով խան­դա­վա­ռեց մթնո­լոր­տը եւ ո­գե­ւո­րեց ներ­կա­նե­րը, ո­րոնք մե­նա­պա­րե­րով եւ աշ­խոյժ շուրջ­պա­րե­րով մաս­նակ­ցե­ցան ու­րա­խու­թեան:

Ներ­կա­նե­րը մէկ­նե­լէ ա­ռաջ ու­րա­խու­թեամբ ի­րենց գնա­հա­տան­քը յայտ­նե­ցին ՀՕՄի Տոհ­միկ Օ­րո­ւան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րուն՝ շատ լաւ կազ­մա­կեր­պո­ւած այս ձեռ­նար­կին հա­մար, ման­րա­մաս­նու­թեամբ ու­սում­նա­սի­րո­ւած եւ բծախնդ­րօ­րէն պատ­րաս­տո­ւած գիր­քին հա­մար եւ  մեր պատ­մա­կան ու հա­րուստ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ այս­քան յա­ջող տա­րե­կան ձեռ­նարկ­նե­րով ներ­կա­յաց­նե­լու մաս­նա­ճիւ­ղիս հե­տե­ւո­ղա­կան ջան­քե­րուն հա­մար:

ՀՕՄի «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի ան­դամ­նե­րը ան­գամ մը եւս բա­ցա­ռիկ ձեռ­նարկ մը յա­ջող­ցու­ցած ըլ­լա­լու գո­հու­նակ զգա­ցու­մով մեկ­նե­ցան տուն:

 

Պրպտում­նե­րու իբր աղ­բիւր գոր­ծա­ծո­ւած գիր­քե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը հայ­րե­նի­քի մէջ լոյս տե­սած պատ­մա­բան, մա­տե­նա­գէտ,  նա­խի­ջե­ւա­նա­գէտ եւ մշա­կոյ­թի գոր­ծիչ Պր․ Ար­գամ Այ­վա­զեա­նի աշխատասիրութիւններն էին: Գիր­քը 239 է­ջե­րու մէջ կը բո­վան­դա­կէր պաշ­տօ­նա­կան շնո­րա­հա­ւո­րագ­րեր, զորս ու­ղար­կած էին Հա­յաս­տա­նի նախ­կին Դես­պան Ար­մէն Ե­գա­նեա­նը, Գա­նա­տա­յի Հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Բաբ­գէն Ար­ք. Չա­րեա­նը, Ս․Աս­տո­ւա­ծա­ծին Ե­կե­ղեց­ւոյ Հո­գե­ւոր Հո­վիւ Գե­ղարդ Ծ․ Վրդ․ Քիւս­պէ­կեա­նը, Թո­րոն­թո­յի ՀՅԴ «Ս․ Թէհ­լի­րեան» Կո­մի­տէն, Նա­խի­ջե­ւա­նի Հայ­րե­նակ­ցա­կան Միու­թեան Նա­խա­գահ Մելս Մկրտչեա­նը, ՀՕՄի Թո­րոն­թո­յի «Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թիւ­նը եւ Տոհ­միկ Օ­րո­ւան յանձ­նա­խում­բը: Գիր­քը  կը նե­րա­ռէր նաեւ նա­խա­բան մը ու­ղար­կո­ւած Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու Ազ­գա­յին Ա­կա­դե­միա­յի Պատ­մու­թեան Ինս­տի­տու­տի Տնօ­րէն Ա­շոտ Մել­քո­նեա­նի կող­մէ եւ այլ վա­ւե­րագ­րա­կան յօ­դո­ւած­ներ պատ­մա­բան­նե­րու եւ նա­խի­ջե­ւա­նա­գէտ­նե­րու կող­մէ,  ինչ­պէս՝ Ար­գամ Այ­վա­զեան, Յով­հան­նէս Ա­լեք­սա­նեան, Թով­մաս Պօ­ղո­սեան եւ Նա­խի­ջե­ւան­ցի Լու­սիկ Ա­գու­լե­ցի: Գիր­քին ծա­ւա­լուն մա­սը կ­’ընդգր­կէր Հա­յե­րէ­նով եւ Անգ­լե­րէ­նով գրո­ւած պատ­մա­կան եւ աշ­խար­հագ­րա­կան տե­ղե­կու­թիւն­ներ Նա­խի­ջե­ւա­նի եւ իր գա­ւառ­նե­րու, հայ­կա­կան ճար­տա­րա­պե­տա­կան  կո­թող­նե­րու, խաչ­քա­րե­րու, որմ­նան­կար­չա­կան ա­րո­ւես­տի մա­սին եւ ա­նոնց բազ­մա­թիւ գու­նա­ւոր եւ սեւ ճեր­մակ նկար­նե­րը, ո­րոնք ա­ւա՜ղ­ այ­սօր գիր­քե­րու մէջ մնա­ցած են միայն: Տեղ գտած էին նաեւ Նա­խի­ջե­ւան­ցի ա­կա­նա­ւոր դէմ­քե­րու կեն­սագ­րու­թիւն­նե­րը եւ հո­վա­նա­ւոր­նե­րու ա­նուն­նե­րը: