ՀՕՄի Թորոնթոյի Վարժարանի Ամավերջի Հանդէսները


ՀՕՄի Լափոյեան Երկրորդական վարժարանի 13րդ հունձքի աւարտական հադէսը տեղի ունեցաւ Յունիս, 16ին, երեկոյեան ժամը 7:00ին, Թորոնթոյի Հայ Երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային» թատերասրահին մէջ:

Ներկայ էին Գանատայի Թեմի առաջնորդ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, Տէր Գեղարդ Ծայրագոյն Վարդապետ Քիւսպէկեան, Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեան, Վարժարանի Կրթական մարմնի ատենապետ Սեւակ Քիւփէլեան, տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողներ, հարազատներ եւ բարերարներ:

Արարողութիւնը բացուեցաւ 22 շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքով: Անոնք բեմ բարձրացան եւ Գանատայի ու Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգներէն վերջ գրաւեցին իրենց տեղերը:

Հանդիսավարները հրաւիրեցին երեք աշակերտներ ընթերցելու հրաժեշտի եւ երախտիքի խօսքը: Արազ Տէր Օհան՝ հայերէն, Րէմի Կրկէս՝ անգլերէն եւ Դաւիթ Դաւիթեան՝ ֆրանսերէն լեզուներով իրենց եւ դասընկերներուն անունէն շնորհակալութիւն յայտնեցին ծնողներուն, ուսուցիչներուն, տնօրէնութեան եւ բոլոր անոնց, որ օգնած են իրենց հասնելու կեանքի այդ կարեւոր հանգրուանին: Արազ իր ուղերձին մէջ գրած էր. «Կեանքի ընթացքին շատ դժուարութիւններ պիտի ունենանք, ըլլայ համալսարանի մէջ, կամ գործի մէջ, բայց վստահ եմ, թէ պիտի կարենանք դիմադրել, որովհետեւ այս դպրոցը հոյակապ ձեւով պատրաստած է մեզ»։

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ վարժարանի տնօրէն տոքթ. Արմէն Մարտիրոսեան: Ան շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ծնողները եւ բոլոր ներկաները եւ իր խօսքին մէջ շեշտեց ներկայ ժամանակաշրջանին լաւագոյն ուսում ստանալու կարեւորութիւնը եւ անհրաժեշտութիւնը:

Վարժարանի Կրթական մարմնին կողմէ խօսք առաւ պրն. Ալֆրէտ Պօղոսեան: Ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին Կրթական մարմնի կատարած աշխատանքները եւ շնորհաւորեց ներկաները:

Ապա տնօրէնին հրաւէրով բեմ բարձրացան բոլոր ուսուցիչները, եւ կատարուեցաւ վկայականներու եւ մրցանակներու բաշխման արարողութիւնը:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեան, որ շնորհաւորեց բոլորը այս բացառիկ առիթով, իր հայրական օրհնութիւնը տուաւ շրջանաւարտներուն եւ աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

Երեսուներեք աշակերտ–աշակերտուհիներ ,  հրաժեշտ տուին  Գոլոլեան  Միջնակարգին

Յունիս 23ի երեկոյեան, Թորոնթոյի երիտասարդական համալիրի Համազգային թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ  ՀՕՄի Գոլոլեան  Միջնակարգի  շրջանաւարտներու  հանդէսը, ներկայութեամբ ՝ Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեաց  եկեղեցւոյ  հոգեւոր  հովիւ հայր Գեղարդ ծայրագոյն վարդապետ Քիւսպէքեանի,  Սողոմոն Թէհլիրեան կոմիտէութեան  և Հայ Կեդրոնէն  ներս գործող պատկան  միութիւններու ներկայացուցիչներու,  Կրթական մարմնի անդամներու, Տնօրէնութեան – փոխտնօրէնութեան, ուսուցիչներու,  բարերարներու,  ծնողներու,  հարազատներու և դպրոցասէրներու , որոնք  եկած էին  ներկայ  ըլլալու իրենց զաւակներուն կամ սիրելիներուն  շրջանաւարտութեան  հանդէսին ։ Մթնոլորտը  ողողուած էր վարակիչ ջերմութեամբ։

Երեսուներեք շրջանաւարտներու  հանդիսաւոր մուտքէն,  ապա Գանատայի և Հայաստանի օրհներգներէն ետք ,  օրուան հանդիսավար,  հայերէն լեզուի ու պատմութեան ուսուցչուհի  և դաստիարակ  տիկին Յասմիկ Պապեանի բացման խօսքէն ետք,  կատարուեցաւ  խմբական արտասանութիւն մը, ներկայացնելով փունջ մը քերթուածներ, ձօնուած՝ Մեսրոպ Մաշտոցին  և մեր գոյատեւման  հիմնաքարը եղող՝ հայոց լեզուին։

Դասարանին կողմէ իրենց երախտիքի խօսքը կարդացին երեք աշակերտուհիներ ՝ Քարօլին Շահվերտեան (հայերէնով), Անի Պոյաճեան (անգլերէնով ) և Նարօտ  Գըլըպոզեան (ֆրանսերէնով)  ։ Երեք  աշակերտուհիներն ալ յետադարձ ակնարկով վերապրեցան  իրենց անցեալի քաղցր յիշատակները  և նոր մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու,  նոր նուաճումներ արձանագրելու  վճռակամութեամբ  շնորհակալութիւն յայտնեցին վարժարանի պատասխանատուներուն , ծնողներուն և բարերարներուն, որոնք նեցուկ կանգնած են  մեր վարժարանին և կը շարունակեն  օգտակար հանդիսանալ անոր վերելքին։

Վարժարանի տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեան  շնորհաւորեց ծնողներն ու  շրջանաւարտները,  բարի երթ մաղթեց անոնց  դէպի երկրորդական ու  համալսարան , յորդորելով՝  որ անոնք  ըլլան ուսումնատենչ,  ձգտին լաւագոյնին , բարիին ու ճշմարիտին , դառնալով տիպար քաղաքացիներ և տիպար հայեր, իրենց աչքերը միշ՛տ սեւեռելով  Արարատին։ Ապա  Արմէն Մարտիրոսեան կատարեց  մրցանակներու և վկայականներու բաշխումը , որմէ ետք  հայր  Գեղարդ  ծայրագոյն վարդապետ Քիւսպէքեան  շնորհաւորական խօսքով և պահպանիչով  փակեց հանդիսութիւնը։

Յունիս 21ին տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Պապայեան մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի ամավերջի հանդէսը:

Աշակերտներուն ծնողներն ու հարազատները մեծ խանդավառութեամբ ներկայ էին վկայելու մեր աշակերտներուն առաջին ամավերջի հանդէսը մեր վարժարանի յարկին տակ:

 

Հանդիսատեսները առիթը ունեցան դիտելու մանկապարտէզի առօրեան ցոլացնող տեսաերիզ մը, ապա Արեւիկի «Հայաստան» երգով 59 շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիներ պարելով բեմ բարձրացան եւ ներկայացուցին երգերու, արտասանութեան եւ պարի ծաղկեփունջ մը՝ մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով. այսպէս յաջորդաբար կատարուեցաւ «Մանկապարտէզի քայլերգ» (երգ), «Shine Your Way» (երգ), , «Les Chansons de Notre Enfance» (երգ), «Shine Your Way» (երգ), Փոքրերի Աշխարհ¦ (ºñ·), «Երբ Մեծնամ – When I Grow Up» ապագայի անհատական փափաք, սահիկի ընկերակցութեամբ:

Բեմ բարձրանալով՝ վարժարանիս փոխտնօրէն Րաֆֆի Սարգիսեան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտներն ու իրենց ծնողները, գնահատեց ուսուցիչներուն անվերապահ աջակցութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց հայ մանկապարտէզի կարեւորութիւնը․ «Սիրելի ծնողներ, hայ մանկապարտէզը կը ներկայանայ որպէս այդ անխորտակ հիմքը, որուն յենած՝ ձեր զաւակները պիտի դառնան օրինակելի հայեր եւ քրիստոնեաներ, պիտի դառնան հայ համայնքներու ղեկավարներ, հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահապաններ, հայ դատի զինուորներ:

«Մինչեւ այնժամ որ հայ վարժարաններ կանգուն են եւ իրեն կառչած են հայ ընտանիքներ, եւ անոր պահապան են հայ բարերարներ, նուիրեալ դաստիարակներ եւ համայն հայութիւնը` հայու ոգին պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ մեր ժողովուրդին սիրտը պիտի շարունակէ բաբախել»։

Շրջանաւարտ աշակերտները վկայականներ ստացան եւ հրաժեշտ տուին «Հայ մշակոյթ» արտասանութեամբ, «Հրաժեշտի երգ», «A Prayer for Peace» արտասանութեամբ եւ «Մնաս բարով» ուղղերձով, որմէ ետք Ս. Աստուածածին Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գեղարդ ծայրագոյն վարդապետ Քիւսպէկեան փոխանցեց իր սրտին խօսքը, ապա աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

Տեղին է յիշել, որ Կիրակի, Յունիս 11ին, 59 շրջանաւարտները, պահելու համար աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ սովորութիւնը, ներկայ եղան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սուրբ պատարագի մատուցման, հաղորդուեցան եւ երգեցին «Եկեղեցին հայկական»ը՝ խոր յուզում եւ ուրախութիւն պատճառելով իրենց ծնողներուն եւ հաւատացեալ ներկաներուն: