ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզի Ծաղիկ Դասարանի Ամավերջի Հանդէս


19 Յունիս 2019-ի երեկոյեան, Համազգայինի Թատերասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Պապայեան Մանկապարտէզի Ծաղիկ դասարանի ամավերջի հանդէսը`նուիրուած վարժարանի հիմնադրութեան 40ամեակին:  

Աշակերտներուն ծնողներն ու հարազատները մեծ խանդավառութեամբ ներկայ էին` վկայելու մեր աշակերտներուն առաջին ամավերջի հանդէսը մեր վարժարանի յարկին տակ:

Վարժարանիս առաջին տնօրէն Մարգար Շարապխանեանին գրած «ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Քայլերգ»ի եղանակով, 36 շրջանաւարտ աշակերտ-աշակերտուհիներ բեմ բարձրացան եւ երեք տարբեր լեզուներով ներկայացուցին երգերու, արտասանութեան եւ պարի ծաղկեփունջ մը՝ ստեղծելով հուզիչ բայց խանդավառ մթնոլորտ:

Աւարտական հանդէսի պաշտօնական մասը սկսաւ «ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի Քայլերգ»ով, որուն յաջորդեց «Մայրենի Դպրոց» արտասանութիւնը։ Ապա բեմ բարձրացաւ վարժարանիս Տնօրէն Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան․ ան շնորհաւորեց բոլոր աշակերտներն ու իրենց ծնողները եւ գնահատեց ուսուցիչներուն անվերապահ աջակցութիւնը: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ շնորհաւորեց նաեւ ՀՕՄի Ամէնօրեայ Վարժարանի 40ամեակը եւ շեշտեց մեր վարժարանին եւ մանկապարտէզին քաrասուն երկար տարիներու առաքինութիւնը եւ յատկանշական ներդրումը  Թորոնթոհայ գաղութի կեանքին մէջ: «Մինչեւ այնժամ որ հայ վարժարաններ կանգուն են եւ անոնց կառչած են հայ ընտանիքներ, եւ անոր պահապան են հայ բարերարներ, նուիրեալ դաստիարակներ եւ համայն հայութիւնը` հայու ոգին պիտի շարունակէ  գոյատեւել եւ մեր ժողովուրդին սիրտը պիտի շարունակէ բաբախել», ըսած ան:

Տնօրէնին խօսքի աւարտէն ետք, յայտագիրը շարունակուեցաւ հետեւեալ հերթականութեամբ. անգլերէն լեզուով երգ/պար «Shake It Off» եւ «Dynamite»,  սահիկներու ցուցադրութիւն «Memories of Kindergarten», «Հայր Մեր» (շարական), Ծնկըլ-Մընկլ (երգ), «Մեսրոպ Մաշտոցին» (արտասանութիւն), «Հնչիւն» (երգ), «L’oiseau et l’enfant» (երգ),  «New York» (երգ), եւ «Հրաժեշտ» (երգ):

Տնօրէնը փոխտնօրէնին՝ Զէլա Սարմազեան- Գագուսեանի  հետ միասնաբար կատարեցին վկայականներու բաշխումը, որմէ ետք տնօրէնը ներկաներուն ներկայացուց Ծաղիկ դասարանի ուսուցչական կազմը եւ յատուկ շնորհակալութիւն յատնեց անոնց:

Տեղի ունեցաւ Ծաղիկ դասարանին կողմէ պատրաստուած տեսերիզի ցուցադրութիւն մը, ապա շրջանաւարտ աշակերտները «Եարխուշտա» տպաւորիչ հայկական պարով հրաժեշտ տուին ներկաներուն:

Սուրբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Վարդան վարդապետ Թաշճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը եւ աղօթքով փակեց հանդիսութիւնը:

Տեղին է յիշել, որ Ուրբաթ, 14 Յունիսի առաւօտեան, 36 շրջանաւարտները, պահելու համար աւանդութիւն դարձած գեղեցիկ սովորութիւնը, յաճախեցին Ս. Աստուածածին Եկեղեցի եւ հաղորդուեցան: Անոնք իրենց աղօթքներով խոր յուզում եւ ուրախութիւն պատճառեցին իրենց ծնողներուն եւ հաւատացեալ ներկաներուն: