ՀՕՄի Ռուբինա Մասնաճիւղի Կանանց Միջազգային Օր


Նանոր Շոհմէլեան

Մարտ 5ին Westin Prince պանդոկի սրահը լեցուն է 365 հայ կիներով, որոնք եկած են միասնաբար տօնելու Կանանց Միջազգային Օրը, ներկայացնելով եւ քաջալերելով հայ կիներու յաջողութիւնները՝ զանազան ասպարէզներու մէջ:

Սրահի գաւիթին մէջ ուշագրաւ է լուսանկարի խցիկը, ուր լուսանկարիչ Քրիս Ժոլին կը նկարէ ներկաները իրենց ընկերուհիներուն կամ ընտանիքի անդամներուն հետ: Յոտնկայս հիւրասիրութենէ ետք, կ’անցնինք սրահ: Սրահին մէջ, սեղաններու կեդրոնը կան գեղեցիկ ծաղիկներու սարքաւորումներ եւ համեղ շոքոլաներ պատրաստուած Succulent Chocolatesի կողմէ, առաւել՝ տեղեկութիւններու փոքրիկ գրքոյկ մը օրուայ ձեռնարկին իմաստին, յայտագրին եւ նուիրատուներռւ մասին:

Ձեռնարկի հանդիսավարներն են Նայիրի Թիլիմեան՝ հայերէնով եւ Հուրի Շիթիլեան՝ անգլերէնով:  Օրուան բանախօսն է Փամէլա Փոստեան Ճէֆրին, որ Հիմնադիր եւ Տնօրէնն է «The Pamela Jeffery Group» ին, Գանատայի Բազմազանութեան խորհուրդին եւ հիմնադիրը՝ Կանանց Գործադիր Ցանցին « Women’s Executive Network »: ԱՆ նաեւ ներառնուած է Գանատայի Ամենէն Ազդեցիկ Կանանց Լաւագոյն 100 ցանկին մէջ (Canada’s Most Powerful Women: Top 100 Award):

Ճեֆրիի հայրը, Ռոնալտ Փոստեան՝ հանգամանօրէն ներկայացնելէ ետք զինք բեմ կը հրաւիրէ զայն:  Ան կը պատմէ իր փորձառութիւնները շեշտը դնելով երեք թեմաներու վրայ, հնարամտութիւն, risk եւ յարաբերութիւններ, որոնք հիմնական դեր կը կատարեն մեր առօրեայ կեանքի ճանապարհին: Ան նաեւ կը շեշտէ անհրաժեշտութիւնը ծառայութեան՝ առանց փոխադարձը ակնկալելու:  Իր խօսքի աւարտին՝ պաստառի վրայ ցուցադրեց յաջող կիներէ հաղորդագրութիւններ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհիներ Թենի Մովել եւ Հուրի Շիթիլեան, ՀՕՄի ”Ռուբինա” Մասնաճիւղի Ատենապետուհի Իրեն Թիլիմեանի հետ բանախօսին կը յանձնեն յուշանուէր եւ ծաղկեփունջ մը:

Այս արդէն 8րդ տարին է որ ՀՕՄի ”Ռուբինա” Մասնաճիւղը այսպէս մեծ տարողութեամբ կը տօնէ Կանանց Միջազգային Տօնը: Այս տարուան միջազգային թեման «լինել համարձակ փոփոխութեան» «#BeBoldforChange» իւրացուցած էին, զայն դարձնելով յաջողած հայուհիներ կայացնելու առիթ:

Դասախօսութեան կը յաջորդէ ճաշկերոյթը, որու ընթացքին ներկաները հաճոյքով կ’ունկնդրեն կիթարահար Հայկ-Աշոտ Պեյլերեանի կատարողութեամբ կտորներ: Ապա ներկաները կը ծանօթանան սրահին մէջ ցուցադրուած Թորոնթահայ երեք գործարարներու աշխատանքներուն: Ռուպինա Քէօշկերեան «rk designs», Նարինէ Պոյաճեան «Flowers by N.G» եւ Նիքոլ Գույումճեան «AtlasTrove»: Նաեւ տեղի կ’ունենայ վիճակահանութիւն: Ամէն ինչ կ’ընթանայ հեզասահ եւ ժամանակին: Ապա տեղի կ’ունենայ տեղեկատուական փոխանցման պահ: Հանդիսավարներ բեմ կը հրաւիրեն Թորոնթահայ երեք հայ կիներ, որոնք կը ներկայացնեն երեք տարբեր մարզեր:Կասիա Րիսոր, ամբողջական սննդաբան (holistic nutritionist) եւ անձնական մարզիչ: Անի Ասիք՝ Եոկայի ուսուցիչ, և Էմմա Պասմաճեան՝ բուժքոյր: Նիստը կը վարէ Հուրի Եղիազարեան: Անոնք կուտան խորհուրդներ կնոջ մտաւոր, ֆիզիքական եւ հոգեկան բարօրութեան համար: Տեղեկատուական փոխանցման մասնակից կիները կը ստանան ծաղկեփունջեր:

Ձեռնարկի վերջաւորութեան, հանդիսավարները շնորհակալութիւն կը յայտնեն ձեռնարկին կազմակերպման նպաստող բոլոր անձերուն ու կազմակերպութիւն-ներուն: