ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Տարեկան Տօնավաճառը


ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի տարեկան տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 5-6ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնէն ներս։

2016ի տօնավաճառի յանձնախումբը իր ենթայանձնախումբերով մօտ 10 ամիսներու ընթացքին ծրագրեցին սոյն ձեռնարկը։ ՀՕՄի տարիներու նուիրեալ ընկերուհիները առնուազն շաբաթական հանդիպումներով ոչ մէկ ճիգ խնայեցին անգամ մը եւս յաջողցնելու այս տարուան տօնավաճառը, որ կը համարուի մասնաճիւղիս տարեկան ամենակարեւոր ձեռնարկներէն մէկը:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս սոյն տօնավաճառին հասոյթը պիտի տրամադրուի ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանի բարգաւաճման։

hom2

Այս տարի տօնավաճառը ունեցաւ մանուկներու յատկացուած բաժին մը։ Մինչ ծնողները գնումներով զբաղած էին, իրենց զաւակները կ՝ունենային նոյնքան լաւ ժամանակ:

Շաբաթ առաւօտ տեղի ունեցաւ բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ աւագ քահանայ Տէր Կոմիտաս Փանոսեան, եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, ՀՅԴ կոմիտէութեան, ՀՕՄի Գանատայի շրջանի  եւ քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներ։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տօնավաճառի յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Լորա Մաւլեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք, մասնաւորապէս շեշտեց սոյն ձեռնարկին վսեմ նպատակը, որն է թիկունք կանգնիլ մեր հայապահպանման գլխաւոր բերդին՝ մեր դպրոցին։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնաճիւղիս նուիրեալ եւ անձնազոհ ընկերուհիներուն՝ իրենց աշխատանքին համար , ինչէս նաեւ կոմիտէութեան եւ կեդրոնի տնօրէնութեան իրենց աջակցութեան համար։

ՀՅԴ կոմիտէութեան փոխ հերթապահ ընկ. Արմէն Կետիկեան շեշտեց ՀՕՄի առաքելութիւնն ու տարած աշխատանքը սոյն գծով, ապա Տէր Կոմիտաս Փանոսեան աղօթքով օրհնեց եւ ձեռնարկին յաջողութիւն մաղթեց ։ ՀՕՄի վարչութեան խօսքը փոխանցեց  ընկ. Իռէն Թէլիմին, որ ներկայացուց 2016 տարեշրջանի տօնավաճառի բացման ժապաւէնի հատուման արժանացած ընկերուհի Արփի Աճեմեանը։

ՀՕՄի տարիներու վաստակաւոր ընկերուհի Արփի Աճեմեան ծնած եւ մեծցած է Լիբանան։ Գանատա փոխադրուած է 1961ին, իր ընտանիքին հետ; Հայրը՝ Յարութիւն Մանուկեանը, եղած է ՀՅԴ Գանատայի հիմնադիրներէն։ Արփիին մայրը՝ Հայկուհի Մանուկեանը, եւ եօթը ընկերուհիներ, 1963ին, համախմբուելով հիմնած են ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը, Թորոնթոյի մէջ։

Ընկհ. Արփի քառասուն տարիներէ աւելի իր ծառայութեամբ նուիրուած է հայ գաղութին՝ ստանցնելով զանազան պաշտօններ, որոնցմէ յիշենք՝ ՀՕՄի վարժարանի կրթական մարմին եւ տնօրինութիւն,  ՀՕՄի շրջանային վարչութեան փոխատենապետ, ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ իր անդամակցութիւնը բերած է երիտասարդականին, Համազգային եւ ՀՄԸՄին։

Այս տարուայ տօնավաճառը իւրայատուկ էր 25է աւելի հայ եւ օտար գործատէրերու եւ ընկերութիւններու մասնակցութեամբ։ Անոնք բացառիկ առիթը ունեցան ցուցադրելու եւ վաճառելու իրենց ապրանքը մօտ 1500 այցելուներու։

hom4

Տօնավաճառի յանձնախումբի անդամները եւ  ՀՕՄի ընկերուհիները պատրաստած էին համեղ հայկական տնային ճաշեր եւ անուշեղէններ, որոնք ամբողջութեամբ սպառուեցան այցելուներուն կողմէ:

Հոս տեղին է յիշել նորահաստատ սուրիահայ ընկերուհիներուն նուիրական մասնակցութիւնը տօնավաճառի զանազան աշխատանքներուն:

Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս տօնավաճառը ունեցաւ վիճակահանութիւն, որուն տոմերը ամբողջութեամբ սպառեցան եւ  բախտաւորները ստացան զանազան պարգեւներ։

Տօնավաճառը իր երկու օրուայ ընթացքին յաջողութեամբ պսակուեցաւ։

Դեկտեմբեր 11ին տեղի պիտի ունենայ ՀՕՄի Փոքրիկ Տօնավաճառը Հայ Կեդրոնին մէջ: Հրաուիրուած է բոլոր թորոնթոհայութիւնը:

Հ.Օ.Մ.ի  Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւն