ՀՕՄի Ռուբինա Մասնաճիւղի Տօնավաճառ -2018


ՀՕՄի պազարի յանձնախումբը, վարչութեանց պատասխանատուներ՝ Միրելլա Թանոյեանի հետ, Նոյեմբեր 3, Հայ Կեդրոն:

Հայ Օգնութեան Միութեան Ռուբինա Մասնաճիւղի տօնավաճառը տեղի ունեցաւ Նոյեմբեր 3  եւ 4, 2018ին,  Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ:

Բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ ներկայութեամբ՝ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր հովիւ Կոմիտաս աւագ քահանայ Փանոսեանի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան «Սողոմոն Թէհլիրեան» Կոմիտէի հերթապահ Սեւակ Քիւփէլեանի, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ Սիլվի Օհանեանի եւ Նաթալի Մանուկեանի, ՀՕՄի Ռուբինա մասնաճիւղի վարչութեան, քոյր Միութիւններու ներկայացուցիչներու, բազմաթիւ ՀՕՄուհիներուն եւ ՀՕՄի գործունէութիւնը քաջալերող հայրենակիցներու։

Տօնավաճառի յանձնախումբի ատենապետուհի Զարուկ Չատրեան կատարեց բացման խօսքը։  Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի յանձնախումբին, իրենց երկար ամիսներու աշխատանքին համար, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄի ընկերուհիներուն, ինչպէս նաեւ՝ նուիրատուներուն։ Տօնավաճառի հասոյթը կը տրամադրուի ՀՕՄի առաքելութեան ծառայող ձեռնարկներուն, ըլլան անոնք Հայրենիքին կամ մեր անմիջական հաւաքական կեանքին մէջ, յատկապէս՝ ՀՕՄի Ամէնօրեայ վարժարանին։  Ապա, ընկերուհին հրաւիրեց Սեւակ Քիւփէլեանը, որ արտասանեց իր խօսքը Հայ Կեդրոնի մէջ գործող քոյր միութիւններու կողմէ։

Վարդուկ Պարտաքճեան՝ ՀՕՄի Ռուբինա մասնաճիւղի վարչութեան փոխատենապետուհին,  ներկայացուց օրուան պատուոյ հիւրը՝ Միրելլա Թանոյեանը եւ դրուատելով անոր տարած բազմամեայ աշխատանքը ՀՕՄ-ի զանազան յանձնախումբերուն մէջ, հրաւիրեց զայն, որպէսզի կտրէ տօնավաճառի բացման ժապաւէնը։ 

Տէր Կոմիտաս Փանոսեան օրհնեց տօնավաճառը յաջողութեան մաղթանքներով։

Տօնավաճառը ճոխ էր հայկական աւանդական ճաշերով, համադամ խորովածներով, հայաստանեան քաղցրաւէնիներով, ինչպէս նաեւ՝ գորգերով եւ զանազան տեսակի արդուզարդերով։ 

Տօնավաճառի վերջաւորութեան յայտարարուեցաւ վիճակահանութեան արդիւնքները։

Ռուբինա մասնաճիղի տօնավաճառէն պատկերներ։