ՀՕՄի Տոհմիկ Օր Նուիրուած՝ Հայոց Թագաւորական Տոհմերուն


Տոհմիկ Օրուան յանձնախումբի անդամները՝ հայկական տարազներով

Զեփիւռ Տորնա


Աննախընթաց երեկոյ մը: Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը, Դեկտեմբեր 1ի երեկոյեան Տոհմիկ Օրը տօնախմբեց զուգադիպութեամբ զոյգ ամեակներու․ այս տարի Տոհմիկ Օրերու 25րդը կը տօնուէր, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակը կը նշուէր։ Հետեւաբար, Տոհմիկ Օրը նուիրուեցաւ Հայոց Պետականութեան հիմքը հանդիսացող Թագաւորական Տոհմերուն՝ Ուրարտական կամ Վանի, Արտաշէսեան, Արշակունեաց, Բագրատունեաց եւ Կիլիկիոյ թագաւորութեանց:

 Հայկական թագաւորութիւններու զինանշաններով դրօշները

Ներկայ էին Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Գեղարդ Ծայր. Վարդապետ Քիւսպէքեան, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս Արա Մկրտչեան, Օնթարիօ Նահանգի խորհրդարանի երեսփոխան Արիս Պապիկեան եւ 400է աւելի ազգայիններ:

Հայ Կեդրոնի սրահը պատշաճօրէն զարդարուած էր՝ նիւթ ունենալով պատմական արքայական տոհմերը: Սրահի դուրսի բաժնի պատին վրայ կը տեսնուէր Հայաստանի քարտէսը՝ եզերքը բոլորուած հայոց 15 թագաւորներու պատկերներով, որոնց քով զետեղուած պաստառին վրայ կը կարդացուէր «Հայոց Փառքը» եւ պատկերուած հինգ թագաւորութիւններու զինանշանները:

Սրահի մուտքին զետեղուած էր յաղթանակի կամար մը վրան Արտաշէսեան զինանշանով եւ յաւերժութեան նշանով: Պատերը եզերուած էին Էրեբունի բերդի պատի ոնմնանկարի երիզի պատկերով, իսկ բեմի պատին վրայ ուղղահայեաց իջած էին հինգ պաստառներ, իւրաքանչիւրը ներկայացնելով արքայական տոհմերէն մէկուն զինանաշանը՝ Մեծ ու Փոքր Մասիս լեռներու ֆոնին:

Սեղաններու կեդրոնը զետեղուած էր փայտի վրայ փորագրուած Հայաստանի զինանշանը եւ Օպսիդաքարի (Obsidian) վրայ դրօշը, որոնք Երեւանէն բերուած էին յատկապէս այդ օրուան համար: Սրահին մէկ անկիւնը յատկացուած էր թագաւոր, թագուհիներու նկարներու եւ Հայաստանէն բերուած իրերու ցուցադրութեան: Սեղան մըն ալ տրամադրուած էր Տոհմիկ Օրերու առթիւ հրատարակուած բոլոր գիրքերու ցուցադրութեան:

Այս տարուան նիւթին առընչուելով՝ մանաւանդ նկատելի էր հայկական տարազներով ներկաներու պատկառելի թիւը: Տարազաւոր անդամները սրահի մուտքին հրամցուցին բալով պատրաստուած խմիչքը եւ ընկոյզով լեցուած արմաւներ: Իսկ սեղաններուն վրայ իւրաքանչիւր անձի համար տրամադրուած էր Հայաստանի դրօշով եւ զինանշանով պատրաստուած կուրծքի զարդասեղ մը:

Այս տարի կրկին գիրքի յանձնախումբը եւ ենթայանձնախումբը, երկար ամիսներու ուսումնասիրութիւններէ ետք, բծախնդիր աշխատանքով պատրաստած էին հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բովանդակալից եւ պատկերազարդ գիրք մը, որ ամփոփ ձեւով կը ներկայացնէր հայ ազգի ծագումին եւ հայոց արքայական տոհմերու 4000 տարուան հարուստ պատմութիւնը: Գիրքին խմբագիրներն էին Հուրի Նաճարեան, Զեփիւռ Տորնա եւ Տոքթ. Սօնա Բուչիկեան-Սարգիսեան:

Ձեռնարկը սկսաւ գիրքի գինեձօնով: Յանձնախումբի փոխատենապետուհի Զեփիւռ Տորնա ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ ետք հակիրճ կերպով ներկայացուց գիրքը եւ ըսաւ. «Յոյսով ենք, որ կ’ըմբոշխնէք այս բովանդակալից եւ երկլեզու գիրքը եւ զայն կը պահէք ու կը փոխանցէք եկող սերունդներուն, իբր Հայոց Պատմութեան եւ Հայոց Արքայական տոհմերու, թագաւոր, թագուհիներու անմիջական եւ ամփոփ տեղեկութիւն: Ազգային պատմութեան հանդէպ սիրով եւ հաճոյքով պատրաստուած այս գիրքը կը մաղթենք, որ կ’արժանանայ նաեւ ձեր սիրոյն եւ գուրգուրանքին»։ Ապա ան հրաւիրեց Տէր Գեղարդ Ծայր. Վարդապետ Քիւսպէքեանը, որ կատարեց գիրքին գինեձօնը:

Տոհմիկ Օրուան յանձնախումբի ատենապետուհի Հուրի Նաճարեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Տոհմիկ Օրուան յանձնախումբի ատենապետուհի Հուրի Նաճարեան, որ ըսաւ, թէ Հայոց Պետականութեան վերականգման 100ամեակին առթիւ Հայոց Արքայական Տոհմերուն ձօնուած 25րդ Տոհմիկ Օրը կու գայ աւելնալու հայաբոյր ձեռնարկներու այն շղթային, զոր Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղը շարունակաբար կը ներկայացնէ ժողովուրդին եւ մաղթեց, որ 25 օղակները տարուէ տարի աւելնան եւ հասնին 50ի ու աւելիին… «Սիրելինե՛ր, այսօր դուք ստացաք այս տարուան գիրքէն օրինակ մը, որ իր մէջ կը պարփակէ հայ ժողովուրդին պատմութիւնը իր ծագումէն մինչեւ վերջին թագաւորութիւն՝ Հայոց Պետականութեան վերականգնում, որ 100 տարիներ առաջ, ազգովին ոտքի կանգնած, միասնաբար կերտեցինք՝ առաջնորդութեամբ Արամ Մանուկեանի…. Կ’ողջունենք Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100ամեակը, թող որ մեր 4000ամեայ պատմութիւնը ըլլայ այն հիմնաքարը, որուն վրայ պիտի կառուցենք դէպի ապագայ մեր տեսլական հայրենիքը՝ արդար, հզօր ու բարգաւաճ, «Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Մշակոյթ» նշանաբանով համախմբուած անոր շուրջ: Կ’ողջունենք նաեւ մեր մայրաքաղաք Երեւանի 2800ամեակը…. թող որ Երեւանը միշտ ծաղկի եւ զարգանայ:

«Յարգանք ու պատիւ մեր պատմութեան էջերը կերտող հայոց թագաւորական տոհմերուն, որոնք մեզի պարգեւեցին միաձոյլ ու հայալեզու ծովէ ծով Հայաստան, փառքի օրեր, ուրոյն մշակոյթ, կրօնք եւ հայոց ոսկեղինիկ այբուբենը: Թո՛ղ որ Մեծն Տիգրանի աննկուն կամքը, քաղաքական ռազմավարական ոգին եւ արդարամիտ պայծառութիւնը, առաջնորդող եւ օրինակելի ուժը հանդիսանայ ապագայ բարգաւաճ եւ հզօր հայրենիքի կերտման գործընթացքին… թո՛ղ որ Փառանձեմ, Զապէլ եւ Աշխէն թագուհիներու կեանքը օրինակելի դառնայ հայ կնոջ, հայ մօր՝ ազգային ոգիով դաստիարակելու մեր գալիք սերունդները, անոնց փոխանցելով ազգին ծառայելու եւ հայրենիքը պահպանելու վսեմ գաղափարը: Ծառը իր արմատներով կը սնանի ու կանգուն կը մնայ, մե՛նք ալ սիրելիներ, մեր պատմութեանբ է որ պիտի հզօրանանք, հոգիով ու կամքով տոգորուած պահենք մեր ինքնութիւնը, հայու ոգին հաւատքն ու լեզուն», ըսան ան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անցեալի եւ այս տարուան Տոհմիկ Օրերու յանձնախումբերուն, բոլոր նուիրատուներուն եւ կամաւոր օժանդակողներուն:

Յայտագրին կարեւոր մէկ մասը կը կազմէր Երեւանի Տէրեան Մշակութային Կեդրոնի արքայական եւ ազգային տարազներու աննախընթաց ցուցադրութիւնը Թորոնթոյի մէջ: Տէրեան Մշակութային Կեդրոնը սիրայօժար հայթայթած էր բոլոր տարազները: Ցուցադրութիւնը համադրեցին Թամար Մաթոսեանը եւ Մարալ Պէքարեանը ու ներկայացուց Թամար Մաթոսեանը: Գաղութիս խումբ մը երիտասարդ եւ երիտասարդուհիներ գեղեցկօրէն ցուցադրեցին արքայական եւ ազգային տարազները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ձեւաւորուած եւ պատրաստուած էին իւրայատուկ ձեռագործներով:

Համազգայինի Գլաձոր Մասնաճիւղի «Էրեբունի» Պարախումբը, ղեկավարութեամբ Նելլի Կարապետեանի, յայտագիրը ճոխացուց ներկայացնելով երկու պար՝ «Հայկազուններ» եւ «Տաւիղ»:

Ապա, կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով Տիանա Հանըմեան յայտնեց, թէ` առ ի գնահատանք Տոհմիկ Օրերու մղիչ ուժը եղող Հուրի Նաճարեանի նուիրեալ աշխատանքին, Հայաստանի Ծառատնկումի Ծրագրին (Armenia Tree Project – ATP) միջոցով իր անունին խումբ մը ծառեր պիտի տնկուին հայրենիքին մէջ: Իսկ մասնաճիւղին անունով Իրեն Թիլիմեան ներկայացուց Գնահատագիր մը եւ նուիրեց Մայքլ Արամի գործերէն մէկը:

Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Հիւպատոս Արա Մկրտչյան հրաւիրուեցաւ մասնաճիւղի ատենապետուհի Իրեն Թիլիմեանի եւ Հուրի Նաճարեանի հետ յատելու 25ամեակի կարկանդակը, որ բերդի ձեւով յատուկ պատրաստուած էր:

Պրն․ Մկրտչյան մեծապէս գնահատեց ՀՕՄի «Ռուբինա» մասնաճիւղի ձեռնարկած աշխատանքները, յատկապէս Տոհմիկ Օրերու ձեռնարկները, որոնք կը հանդիսանան հայ մշակոյթի ու պատմութեան պահպանումի կարեւոր գործունէութիւն:

Տէր Գեղարդ Ծայր. Վարդապետ Քիւսպէքեան իր սրտի խօսքին մէջ նախ շնորհաւորեց Տոհմիկ Օրերու 25ամեակը եւ յայտնեց, թէ ինչպէս հայոց թագաւորութիւններու ընդմէջէն փառքի զգացումը եւ հզօրութեան ոգին կը փոխացուին մեր ժողովուրդին մինչեւ այսօր: Նկատել տուաւ նաեւ, թէ ինչպէս Մայր Հայաստանի տարազով երիտասարդուհին սուրը ձեռքին ներկայացաւ, այդպէս ալ ՀՕՄը պատնէշի վրայ կը գործէ հայ ազգին եւ հայրենիքին համար: Խօսքի աւատէն ետք Հայր Սուրբը կատարեց սեղանի օրհնութիւնը: Ներկաները ճաշակեցին հայկական համադամ ճաշերը, յատկապէս նշանաւոր աւանդական ղափաման, որ հրամցուեցաւ «Ղափամա» երգի ընկերակցութեամբ:

Ճաշի ընթացքին պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ 25 տարիներու Տոհմիկ Օրերու ձեռնարկներէն համադրում մը պատրաստուած Օննիկ Նազարեանցի կողմէ:

Մոնթրէալէն յատկապէս ժամանած Էլի Պէրպէրեան իր նուագախումբին հետ եւ իր գրաւիչ ձայնով ու արհեստավարժ ձիրքով, աշուղական եւ հայրենասիրական երգերով հմայեց ներկաները, որոնք մեծապէս խանդավառուած պարեցին մինչեւ ուշ ժամեր:

Ուրախ մթնոլորտի մէջ ներկաները շատ լաւ տպաւորուած՝ գովեստով կ’արտայայտուէին ձեռնարկին ու լոյս տեսած գիրքին մասին եւ Հայ Ազգի Փառքի օրերու հպարտութեամբ ներշնչուած մեկնեցան սրահէն: