Թորոնթոյի ”Ռուբինա” Մասնաճիւղ. ՀՕՄի Օրուան Տօնակատարութիւն


ՀՕՄի Թորոնթոյի ”Ռուբինա” մասնաճիւղը իր 55ամեայ յոբելեանը նշեց Յունուար 28ին, Հայ Երիտասարդական Համազգային սրահէն ներս, ներկայութեամբ՝ ՀՕՄի մեծ ընտանիքի անդամներու, համակիրներու, քոյր միութիւններու ներկայացուցիչներու եւ համայնքի կղերականներուն:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներով՝ դաշնամուրի նուագակցութեամբ Մարիա Տաւուտեանի։  Օրուան հանդիսավար Յասմիկ Պապեան իր բացման խօսքին մէջ շեշտեց ՀՕՄի ծառայութիւնը եւ նուիրական առաքելութիւնը եւ երախտագիտական խօսք ուղղեց երէց ՀՕՄուհիներուն՝ իրենց անսակարկ նուիրական գործին համար:

ՀՕՄի Ամենօրեայ Վարժարանի 7րդ եւ 8րդ դասարանի աշակերտները ասմունքով, պարով ու երգով ներկայացուցին ”Գովք Հայաստանի”ն՝ նուագի ընկերակցութեամբ (Flute) Ներսէս Ամիրխանեանի: Վարչութեան խօսքը ներկայացուց ”Ռուբինա” մասնաճիւղի ատենապետ Իռեն Թիլիմեան։ Ան յայտնեց, որ մասնաճիւղը 400է աւելի անդամներով կը կատարէ իր գործունէութիւնը եւ հաւատարիմ է ՀՕՄի առաքելութեան: Ընկերուհին մատնանշեց ՀՕՄի նպատակն ու տարած ծառայողական մեծածաւալ աշխատանքները, շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՕՄուհիներուն՝ կոչ ուղղելով վերանորոգելու իրենց ուխտը եւ շարունակելու ”Ժողովուրդիս հետ, Ժողովուրդիս համար” կարգախօսի տեսլականը:

Այս տարուան 55ամեայ յոբելինական հանդիսութիւնը իւրայատուկ էր՝ ներկայութեամբ մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիներէն Արմէնուհի Գոլոլեանի, որուն երախտագիտական ծաղիկ նուիրուեցաւ վարչութեան ատենապետուհիին ձեռամբ: Ան իր սրտի խօսքին մէջ ՀՕՄը նմանցուց մշակի, որ մեր գաղութին եւ յանուն աշխարհին համար ցանած է ու տակաւին պիտի շարունակէ ցանել մեր թոռներուն ու ծոռներուն համար եւ կոչ ուղղեց երիտասարդութեան․ ”Հեռու մի՛ մնաք, եկէք եւ միացէք այս սքանչելի կազմակերպութեան, որ կը կոչուի ՀՕՄ, պատիւ զգացէք ՀՕՄուհի ըլլալով”:

Գեղարուեստական յայտագրի 2րդ մասով հանդէս եկաւ երգչուհի Սոնա Յովսէփեան, որ իր թաւշային ձայնով ներկայացուց ”Նազանք” եւ ”Երեւան” երգերը՝ դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեանի:

Օրուան պատգամը ներկայացուց Մհեր Գարագաշեան, որ յատկապէս հրաւիրուած էր Մոնթրէալէն: Պրն. Գարագաշեան ծնած է Պէյրութ․ բեմադրիչ, դերասան, «Հորիզոն» շաբաթերթի աշխատակից, երեք գիրքերու հեղինակ, Հայերէն լեզուի, գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթի դասատու: Ներկայիս, ուսուցչութեան առընթեր, կը վարէ Ս. Յակոբ Վարժարանի հայեցի դաստիարակութեան պատասխանատուի պաշտօնը, ինչպէս նաեւ մաս կը կազմէ Գանատայի ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախումբին եւ ատենապետն է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի Գանատայի մարմնին: Իր խօսքին մէջ բանախօսը ներկայացուց ՀՀ 100ամեայ պատմականը՝ ընդգծելով ՀՕՄի կատարած դերը՝ որպէս հայ ազգին նեցուկ եւ օգնական, ինչպէս նաեւ մեր ազգի ազատագրական պայքարի դերակատար: Կոչ ուղղեց՝ նոր սերունդին փոխանցել ՀՕՄի ճառագայթող ոսկէ սիրտը, որ պիտի ուղղորդէ անպայման դէպի յաղթանակ:

Հանդիսութեան առաւել եռանդ ներշնջեցին գաղութիս նոր շունչ բերող երեք շնորհալի արուսստագէտներ՝ Մարիա Տաւուտեան (դաշնամուր), Նշան Փափազեան (Ջութակ) եւ Գէորգ Մանուկեան (Փողային): Երեքն ալ Սուրիոյ երաժշտանոցներէն շրջանաւարտ, գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ հրամցուցին ”Կռունկներ” (երաժշտութիւն Խ. Աւետիսանի), ”Պռոյի-Պռոյի” (երաժշտութեան Սայաթ Նովա) եղանակները: Գեղարուեստական յայտագրի աւարտին մասնակիցները գնահատուեցան ծաղիկներով եւ խտասալիքներով: Աւանդական դարձած 50, 35, 25, 15 տարիներու անդամակցութեան համար զարդասեղներ ստացան արժանաւոր ընկերուհիները:

Մասնաճիւղս հաստատած է համալսարանական կրթաթոշակ մրցանակներ՝ գնահատելու եւ քաջալերելու համալսարանական փայլուն հայ ուսանողները: Այս տարի այդ մրցանակները ստացան Արազ Տէր Օհան, Մհեր Գարաճեան, Սեւան Պէքմէզեան, Սարգիս Կիտանեան, Մարիա Մարտիրոսեան, իսկ ”Դրօ Նաճարեան” կրթաթոշակ մրցանակ ստացան Արեն Մնացականեան եւ ՀՕՄի կամաւոր երիտասարդ մրցանակը՝ Ալեք Օհանեան: Յատուկ պարգեւի արժանացան Տիանա Հանըմեան, Յասմիկ Բաբիսեան եւ Ստելլա Մայդոսեան իսկ Թորոնթոյի գաղութէն Պրն. Վանիկ Յովհաննէսեան:

ՀՕՄի ուժը, արժանիքը մնայուն ձեւով վերանորոգելու եւ շարքերը խտացնելու նպատակով միութեան միացան 9 նորագրեալներ, որոնք իրենց ուխտը կատարեցին Տոքթ. Իզապէլ Գափրիէլեան-Չըրչիլի կնքամայրութեամբ: Ձեռնարկը փակուեցաւ Տէր Կոմիտաս Աւագ Քահանայ Փանոսեանի պահպանիչով:

Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ 55ամեակի կարկանդակի հատումը եւ մոմավառութիւն սրահի դուրսի գաւիթին մէջ, ուր երէց ընկհ. Թագուհի Թաշճեան իր մոմով վառեց կրտսեր ընկհ. Արազ Պոյաճեանի մոմը եւ երկուքով մոմերը զետեղեցին տարեդարձի կարկանդակին վրայ, ապա կատարեցին իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները:

Սրահի գաւիթը այս տարի կը յատկանշուէր հայ կնոջ ձեռարուեստական տարբեր ձիրքերը ցոլացնող հայկական գաւառական ձեռագործներու ցուցադրութեամբ եւ համադամ հիւրասիրութեամբ:

Այս աւանդական եւ գեղեցիկ ձեռնարկը ոգեւորեց ներկաները, մանաւանդ ՀՕՄականները, որոնք հաւատքով ամրապնդուած եւ վերանորոգուած մեկնեցան՝ ծառայելու նուիրումով եւ աւելի բեղուն ապագայի հեռանկարով: