”ՀՕՄի Օր”ուան Տօնակատարութիւն․ ՀՕՄի Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի 54րդ Տարեդարձ


Վարդուհի Պարտագճեան

Իր ուխտին հաւատարիմ՝ Հայ Օգնութեան Միութեան Թորոնթոյի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի վարչութիւնը, Յունուար 29ի յետմիջօրէին, Հայ Երիտասարդական Կեդրոնի Համազգայինի թատերասրահէն ներս, մեծ շուքով նշեց ՀՕՄի Օրը եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 54րդ տարեդարձը:

Հանդիսութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւ Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէքեան, Հ.Յ.Դ. ”Սողոմոն Թէհլիրեան” Կոմիտէի հերթապահ Յակոբ Ճանպազեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Վարսենիկ Սարգիսեան, ՀՕՄի Գանատայի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Նաթալի Մանուկեան, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ, զանազան  կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, բազմաթիւ համակիրներ եւ ՀՕՄուհիներ:

Օրուան պատգամաբերն էր ՀՕՄի բազմավաստակ Աննա Պուլկարեան, յատկապէս հրաւիրուած Մոնթրէալէն:

Հանդիսութիւնը սկսաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ ՀՕՄի քայլերգներով, կատարողութեամբ՝ Նորա Պօղոսեանի, Դաշնակի ընկերակցութեամբ Թալին Արթինեան-Գըլըպոզեանի: Ներկաները մէկ վարկեան յոտնկայս յարգեցին յիշատակը միութեան ծառայած եւ մեզմէ յաւէտ բաժնուած անդամուհիներուն:

Օրուան հադիսավարն էր  Պայծառ Թիթիզեան: Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետուհի Իռէն Թիլիմեան ներկայացուց վարչութեան խօսքը: Ան անդրադարձաւ «Ռուբինա» Մասնաճիւղի նպատակասլաց ծառայութեան, յատկապէս լուսարձակի տակ առնելով ՀՕՄուհիներու տքնաջան աշխատանքը եւ անձնուէր ծառայութիւնը: Ան նշեց թէ մասնաճիւղը ներդրում ունեցած է եւ կը շարունակէ ունենալ Թորոնթոհայ գաղութի գոյատեւման եւ բարգաւաճման առաքինի սուրբ գործին բարեսիրական, առողջապահական, դաստիարակչական, կրթական եւ ընկերային ծառայութեան մարզերէն ներս: Ան յայտնեց, թէ ինչպէս ՀՕՄի աշխարհասփիւռ միաւորները, «Ռուբինա» Մասնաճիւղը նաեւ, սատար հանդիսացած են ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ծրագիրներու իրագործման ի խնդիր, Հայրենիքի, Արցախի թէ Ջաւախքի մէջ՝ Սօսէ մանկապարտէզներու, Ախուրեանի Մօր ու Մանկան ծննդատան, որբախնամ եւ ուսանող ծրագիրներուն ինչպէս նաեւ Սուրիոյ վիճակուած պատերազմէն ետք, Սուրիահայութեան օժանդակութեան ուղղուած ծրագիրներուն:

Ան իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ՀՕՄի «Ռուբինա» Մասնաճիւղը հայ դպրութեան եւ հայակերտումի ջահակիրը հանդիսացած է՝ դարձնելով ՀՕՄի ամէնօրեայ վարժարանը իր հոգածութեան նպատակակէտը իր տարեկան յատկացումներով: Ինչպէս նաեւ վերջերս Թորոնթօ հաստատուած սուրիահայերու եւ հոգածութեան կարիքը ունեցող ընտանիքներու օժանդակութեան ձեռք կ՝երկարէ ընկերային ծառայութեան գրասենեակի միջոցաւ: Ան անդրադարձաւ նաեւ մասնաճիւղի յառաջիկայ ծրագիրներուն:

ՀՕՄի Ռուբինա Մասնաճիւղը գեղեցիկ աւանդութեամբ՝ 1997էն ի վեր հաստատած է «Տարուան Երիտասարդ Կամաւոր»ի մրցանակը: Այս տարի սոյն մրցանակին արժանացաւ Տարօն Տէրտէրեան իր կամաւոր ծառայութեան համար:

Իսկ Համալսարանական կրթաթոշակ մրցանակին արժանացան Անի Սահակեան, Գառնի Կարապետեան եւ Կայծակ Կարէն Գասապեան,

«Դրօ Նաճարեան» հիմնադրամի կրթաթոշակին արժանացաւ Քարլի Սահակեան: Սոյն մրցանակներու տուուչութինը կատարուեցաւ Իռէն Թիլիմեանի ձեռամբ:

Մրցանակ ստացողներու կենսագրականը ներկայացուց ՀՕՄի Օրուան յանձնախումբի ատենապետուհի Ալիս Ուրֆալեան:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ Յասմիկ Թաշճեան՝ մեկնաբանելով ՀՕՄուհիի անսակարկ նուիրումը, զոհաբերութիւնը, անկոտրում կամքն ու ծառայասէր ոգին, փունջ մը բանաստեղծութիւններու ընդմէջէն:

Ուրֆալեան ներկայացնելէ ետք պատգամաբեր Աննա Պուլկարեանի կենսագրականը, բեմ հրաւիրեց զայն, փոխանցելու օրուան պատգամը:

Պուլկարեան հակիրճ ակնարկ մը նետելով ՀՕՄի հիմնադրութեան վրայ ըսաւ.

«Մարդկութեան հազարամեակներու պատմութեան էջերուն մէջ իսկ դժուար եւ գրեթէ անկարելի է գտնել աշխարհատարած  27 տարբեր երկիրներու երդիքներուն ներքեւ համախմբուած 220 մասնաճիւղեր, 14,000 է աւելի հաշուող կամաւոր աշխատանք տանող կազմակերպութիւն մը, զինուորական կարգապահութեամբ եւ ազգային ոգիով տոգորուած, ներուժ մը որ աշխարհով մէկ տարբերութիւն կրնայ ընել իր փաղանքով»:

Նկատի ունենալով, որ Արամ Ա. Հայրապետական կոնդակով 2017 տարին հռչակած է «Վերանորոգումի Տարի», բանախօսը դիտել տուաւ, թէ այսօր, աւելի քան 100 տարիներ ետք, ՀՕՄը նոր մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի, շեշտելով ՀՕՄի շարքերու վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը: Ան նշեց, որ քայլ պահելու համար օրուան յառաջխաղացքին, անհրաժեշտ է օգտուիլ երիտասարդներու գիտութենէն, երիտասարդացնելով գաղափարները եւ անցեալին փորձին միախառնելով մերօրեայ արդիականացած աշխատելաձեւը յարմարցնելով այսօրուան կարիքներուն:

Բանախօսը եզրափակելով իր խօսքը ըսաւ. «Մարդկային պատմութեան ամենադաժան եւ ամենավսեմ նեղ ուղիները ու բարձունքները չափած, սերունդներու ամբողջական անսակարկ նուիրումին վաստակն է Հայ Օգնութեան Միութիւնը, այս կազմակերպութեան կարծր կորիզը եւ միաժամանակ մայրական փափուկ գթարատ հոգին հայ կինն է, հայ մայրը եւ դուստրը միանգամայն տարեց եւ երիտասարդ:  Հայ կիներու անզուգական այս կազմակերպութիւնը, սփիւռքէն հայրենիք, միշտ հայ ժողովուրդին եւ անոր դատին կողքին կանգնած, անկասկածօրէն պիտի շարունակէ իր մարդասիրական գործունէութեան անշեղ ճանապարհը: Ժողովուրդիս հետ եւ ժողովուրդիս համար»:

Բանախօսութեան աւարտին որպէս յուշանուէր անոր յանձնուեցաւ Տոքթ. Զապէլ Գաբրիէլեան-Churchill-ի հեղինակութեամբ `«Sisters Of Mercy» գիրքը :

Առ ի գնահատանք, Հայ Օգնութեան Միութեան 15, 25, 35 եւ 60 տարիներու անդամակացութեան եւ յարատեւ նուիրումին, պատուոյ զարդասեղներու արժանացան շարք մը ՀՕՄուհիներ:

Պարգեւատրումներուն յաջորդեց ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի կառուցման աշխատանքներու հանգրուանը ներկայացնող տեսաերիզի մը ցուցադրութիւնը, պատրաստուած ՝ ՀՕՄի Արցախի միաւորին կողմէ:

Առ ի գնահատանք Հայաստան համահայկական հիմնադրամի Թորոնթոյի կազմին, ինչպէս նաեւ իր հայրենանուէր ճիգերուն ի նպաստ հայապահ-պահման, Հայաստանի եւ Արցախի զարգացման նուիրական աշխատանքին, պատուոյ գնահատագրի արժանացաւ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Առ ի գնահատանք իրենց նուիրումին եւ անսակարկ ծառայութեան ՀՕՄի «Ռուբինա»Մասնաճիւղին եւ անոր միջոցով Թորոնթոհայ գաղութին եւ Հայ ժողովուրդին՝ պատուոյ գնահատագրի արժանացան՝ ՀՕՄուհիներ Լորա Մավլեան եւ Շաքէ Ստեփանեան: Գնահատագրերը յանձնեց Իռէն Թիլիմեան:

Ապա կնքամայրութեամբ Գեղուհի Պասթաճեանի՝ 28 նորագիր անդամուհիներ կատարեցին իրենց ուխտը, մուտք գործեցին ՀՕՄի նուիրական յարկէն ներս՝ միանալով ՀՕՄի առաքեալներու հսկայ փաղանգին:

Տօնակատարութեան աւարտին Գեղարդ Ծ. Վարդապետ Քիւսպէքեան իր հայրական պատգամին մէջ բարձրօրէն գնահատեց Մասնաճիւղի գործունէութիւնը, յատկապէս Թորոնթոհայ գաղութի գոյատեւման երաշխիքը հանդիսացող հայ եկեղեցւոյ եւ դպրոցի պահպանման հսկայ աշխատանքին մէջ:

Ան նորագրեալներուն ուղղելով իր պատգամը ըսաւ. «ՀՕՄը միայն անդմակացութիւն չէ, ՀՕՄը գործունէութիւն է, ՀՕՄը հաւատք է, ՀՕՄը նուիրում է»:

Եզրափակելով իր խօսքը ան ըսաւ. «ՀՕՄը կամաւորներու հսկայ բանակ մըն է, որ ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ հսկայական գործ կը կատարէ: Գործի հաւատացող կազմակերպութեան մասին խօսիլն ալ մեղք է»:

Հանդիսութեան աւարտին մոմավառութեան արարողութիւնը կատարեց երեց անդամ Զուարթ Ծատուրեան, փոխանցելով ջահը կրտսեր սերունդի նորագրեալ Կասիա Մուրատին: