ՀՕՄ-ը Միշտ՝ Հայրենիքի Պաշտպանին Կողքին


ՀՕՄ-ի ընկերուհիները Վերկականգնողական կեդրոնին մէջ բուժուող հաշմանդամ զինուորներու եւ անոնց ընտանիքի անդամներուն հետ

Սալբի Սաղտըճեան


«Առաջին հիւանդանոցը կառուցուած է 1914-ին՝  ժողովուրդի ջանքերով: 2018-ին հիւնադանոցը վերակառուցուած է դարձեալ համաժողովրդական ջանքերով․․․» գրուած է Հայրենիքի Պաշտպանի Վերականգնողական Կեդրոնի մուտքին ամրացուած ցուցանակին վրայ: Արդիական, գերժամանակակից սարքերով կահաւորուած կեդրոնը Փետրուար 2018-էն ի վեր կը ծառայէ hայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին վիրաւորուած եւ հաշմանդամ դարձած զինուորներու բուժման եւ վերականգման գործին:

Այսպիսի հիւանդանոց ունենալու գաղափարը յառաջացաւ 2016-ի Ապրիլեան պատերազմէն ետք, երբ վիրաւոր զինուորները պէտք է ուղարկուէին արտերկիր բուժուելու, քանի որ Հայաստանի մէջ գործող վերականգնողական կեդրոնները համապատասխան հնարաւորութիւնները չունէին:

Վերականգնողական կեդրոնի տնօրէնուհի Հայկուհի Մինասեան, որ մասնագիտութեամբ լրագրող է, տարիներ առաջ կատարած ուսումնասիրութեամբ պարզած է, թէ Հայաստանի մէջ կան մօտ 9000 զինուորական հաշմանդամներ, որոնց մասին ընդհանրապէս ոեւէ մէկը չի գիտեր եւ անոնք անխնամ ձգուած են՝ իրենց բախտին: Մինասեանի հետեւողական աշխատանքին, ինչպէս նաեւ Բժշկական համալսարանի ներկայ տնօրէն Արմէն Մուրատեանի ջանքերուն ու բարերարներու նիւթական աջակցութեան շնորհիւ` 8 ամսուան ընացքին վերականգնողական կեդրոնը իրականութիւն դարձաւ:

Զինուորի Տան կառուցման համար առաջին ներդրումը ըրաւ ՀՕՄ-ը: «Երբ վերականգնողական կեդրոն հիմնելու գաղափարը ներկայացուցի Հայ Օգնութեան Միութեան, ան առաջինը եղաւ, որ 5000 տոլար նուիրեց հիւանդանոցի կառուցման աշխատանքները սկսելուն: Ան առաջինն էր, որ զօրավիգ կանգնեցաւ մեզի», կ՛ըսէ կեդրոնի տնօրէնուհին:

Հայ Օգնութեան Միութիւնը հաւատարիմ իր առաքելութեան՝ Արցախեան ազատամարտի տարիներէն սկսեալ միշտ օգնած է հայրենիքի պաշտպանութեան ընթացքին վիրաւորուած ազատամարտիկներու բուժման: Քառօրեայ պատերազմին եւ անկէ ետք անոր յատուկ ուշադրութեան եւ հոգածութեան արժանացան նաեւ վիրաւոր եւ հաշմանդամ դարձած զինուորները: Միութեան տարբեր մասնաճիւղերու ընկերուհիներ ամէն շաբաթ կ՛այցելէին հիւանդանոցներու մէջ բուժուող զինուորներուն` տանելով սնունդ եւ անհրաժեշտ պարագաներ: Անոնք, մօր հոգատարութեամբ, նոյնիսկ իրենց ձեռքով կը կերակրէին խնամքի կարօտ երիտասարդները:

«Այն ժամանակ այդ հիւանդանոցներուն մէջ նոյնիսկ վերականգնողական սենեակներ չկային, ոչ ալ բուժման սարքեր, միջանցքներու մէջ կ՛ընէին physiotherapy-ին (բնաբուժում-Թ․)», յուզուած կը յիշէ ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Համեստ Սասունեան-Պէօճէքեան:

«ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերը սկսան գումար տալու, ու այդ տարին կարծես Աստուած մեզի հետ էր։ Ընկերուհիները, որոնք դուրսէն կու գային, միասին կ`երթայինք ուտելիք գնելու, մարզերու մեր ընկերուհիները իրենց պարտէզի բերքն ու բարիքը կը բերէին մեր զինուորներուն,- կը նշէ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Սերոբեան եւ կ՛աւելցնէ․-  Երբ յետադարձ հայացք կը կատարենք, կարծես հրաշք էր, որ մենք այդքան բան ըրած ենք։ Սկիզբը վախցանք այսքան մեծ ծրագիրներու մէջ մտնելու, բայց երբ արդէն ժամանակի ընթացքին այս տղոց ծանօթացանք, կ՛ուզէինք երթալ օգնել։ Յատուկ կապ մը ստեղծուեցաւ մեր եւ զինուորներուն միջեւ»։

Հայ Օգնութեան Միութիւնը ոչ միայն գումար տուած է կեդրոնի կառուցման համար, այլ նաեւ բժշկական եւ վերականգնողական սարքեր, հաշմանդամ զինուորները տեղափոխելու համար մեծ ինքնաշարժ մը, 3-րդ յարկի ամբողջական կահաւորումը իրականացուցած է եւ նպաստած՝ շատ ու շատ այլ ծրագիրներու:

Ներկայիս կեդրոնին մէջ զինուորական հաշմանդամներու բուժումը ամբողջութեամբ անվճար է, իսկ սովորական քաղաքացիներունը՝ վճարովի: Պաշտպանութեան նախարարութեան յատկացուցած գումարը կը բաւարարէ հիւանդանոցին ծախսերուն մօտաւորապէս 25-30%-ին: Ոչ զինուորական հիւանդներու վճարներուն եւ բարերարներու շնորհիւ է, որ կեդրոնը կը գոյատեւէ: «Թէեւ մշտական ֆինանսաւորում այս պահուն դեռ չունինք, բայց փառք Աստուծոյ, որ անընդհատ Աստուած կ՛օգնէ մեզի բոլոր հարցերուն մէջ», կը հաւատայ Հայկուհին:

Զինուորի Տան մէջ հաշմանդամ երիտասարդները, բացի բուժումէն, կը հետեւին նաեւ մասնագիտական դասընթացներու, որպէսզի կարենան աշխատիլ եւ լիիրաւ կեանքով ապրիլ։ Կեդրոնը անոնց կ՛օգնէ նաեւ գործ գտնելու հարցով։

Կեդրոնի տնօրէնութիւնը այս իրագործումներով չի բաւարարուիր, այլ շուտով կը նախատեսէ հիւանդանոցին աշխատանքը ընդլայնել եւ հիմնել նաեւ մանկական բաժին մը, ուր պիտի բուժուին զինուորներուն առողջական խնդիրներ ունեցող զաւակները,  թոռները: Այս ծրագիրին նոյնպէս ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յատկացուցած է 16000 ամերիկեան տոլար, որպէսզի մանկական բաժինին համար բժշկական սարքեր գնուին:

«Բացի ֆինանսական օգնութենէն ՀՕՄ-ը նաեւ մարդկային մեծ պատուար է մեզի համար․ մենք գիտենք, որ եթէ որեւէ դժուարութեան հանդիպինք, մարդուժի կարիք ըլլայ, սկսած ամէնակարեւոր հարցերէն, վերջացուցած մաքրութեան հարցով, ՀՕՄ-ի ընկերուհիները բանակի նման կը շարուին մեր կողքին` օգնութեան: Ատիկա ուժ կու տայ մեր զինուորներուն եւ կ՛ոգեւորէ մեր ամբողջ անձնակազմը։ Երբ կը տեսնես, թէ ինչպէս մարդը կամաւոր գործ կ՛ընէ, ինչպէս առանց որեւէ շահադիտական նկատառումի այսքան տարի օգնութիւն կը ցուցաբերէ, իրօք կը հիանաս», կը հաստատէ Հայկուհին:

Երեւանի 1-ին հիւանդանոցին մէջ, որուն մաս կը կազմէ նաեւ Վերականգնողական Կեդրոնը, 1914-էն սկսած կառուցուած է ժողովուրդի ջանքերով, այստեղ բուժում ստացած են Գարեգին Նժդեհը, Սարդարապատի ճակատամարտի մասնակիցները, Ցեղասպանութենէն վերապրածները, Արցախեան ազատամարտի մասնակիցիները։ Եւ ահա 100 տարի անց՝ հոս կը բուժուին հաշմանդամ զինուորները։

Մեր ցանկութիւնն է, որ երբեք պատերազմներ չըլլան, սահմանին կանգնած զինուորները անփորձանք ծառայեն հայրենիքին եւ ողջ ու առողջ վերադառնան տուն։ Անոնք երբեք կարիքը չունենան այս եւ նման կեդրոններու ծառայութեան։ Բայց Աստուած մի արասցէ, եթէ ինչ որ բան պատահի, անոնք հոգատար ձեռքերու մէջ են։

ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերուհիները եւ Վերականգնողական կեդրոնի տնօրէնուհի Հայկուհի Մինասեանը՝ հաշմանդամ զինուորները տեղափոխելու համար տրամադրուած ինքնաշարժին առջեւ

 

Հաշմանդամ զինուորներու բուժումէն պատկերներ