ՀՕՄի Հայաստանի Միաւորը 25 Տարեկան է


Սալբի Սաղտըճեան


Հայ Օգնութեան Միութիւնը Հայաստանի մէջ պաշտօնապէս սկսած է գործելու 1991թուականին, իբրեւ հասարակական, բարեգործական կազմակերպութիւն։ Կամաւորներու միջազգային օրուան առիթով՝ Դեկտեմբեր 5ին, Երեւանի մէջ, ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը տօնեց իր հիմնադրութեան 25ամեակը: Քառորդ դարեայ իր գործունէութեան եւ այժմ անոր ծաւալած աշխատանքներուն ծանօթանալու համար՝ զրուցեցինք ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Տիանա Յովսէփեանի հետ:

Ընկերուհի Տիանան տեղեկացուց, որ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը՝ 25 տարիներու ընթացքին՝ կ՛իրականացնէ կրթական, ընկերային, առողջապահական, տնտեսական եւ այլ բազմաթիւ ծրագիրներ՝ համագործակցելով տեղական եւ միջազգային տարբեր կառոյցներու հետ։  «Տարիներէ ի վեր մենք կը համագործակցինք Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր նախարարութիւններու հետ․ կ՛աշատինք Աշխատանքի եւ սոցեալական հարցերու, Առոջապահութեան նախարարութիւններու հետ՝ երեխաներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ։ Օրինակ՝ ունինք Ախուրեանի մօր եւ մանկան առողջութեան կեդրոնը, որ կը սպասարկէ կանանց և երեխաներուն։ Կեդրոնն արդէն ունեցած է  10հազարերորդ ծնունդը այնտեղ։ Կրթութեան ոլորտի մէջ՝ նախարարութեան հետ համագործակցաբար կ՛իրականացնենք տարբեր ծրագիրներ, որոնցմէ կրնամ յիշել «Լաւագոյն ուսանողը», որու ծիրէն ներս լաւագոյն սորվող ուսանողները իւրաքանչիւր տարի կը ստանան դրամական պարգեւներ, ինչպէս նաեւ կ՛իրականացնենք տարբեր ձեռնարկներ դպրոցներու հետ համատեղ։ Ախուրեանի մէջ 1991 թուականէն կը գործէ ՀՕՄ-ի Նիկոլ Աղբալեան դպրոցը, որ կառուցուած է ՀՕՄի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափի կողմէ», մանրամասնեց ան։

Ընկերուհին շարուանկելով ըսաւ, որ ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը մշտապէս իր ուշադրութեան տակ կը պահէ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները՝ իրականացնելով բազմաթիւ ծրագիրներ:  2014 թուականէն ի վեր Հայաստանի Տաւուշի եւ Վայոց Ձորի մարզերու սահմանամերձ եւ սահմանապահ գիւղերու մէջ կ՛իրականացնէ համայնքային զարգացման ծրագիրներ, որոնց համար կը համագործակցի Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան հետ։ Օրինակներ բերելով՝ ան յիշեց Տաւուշի մարզի Բաղանիս համայնքը, որ ապահովուած է ինքնահոս ոռոգման ջուրով, որուն շնորհիւ 40 հա վարելահող ունեցած է ոռոգման մշտական ջուր։ Նոյն մարզի Բարեկամաւան համայնքը ապահովուած է 3000մեթր խճապատ ճանապարով եւ նորոգուած է դպրոցը, նորոգուած է  Սեւքար գիւղի դպրոցի գրադարանը, որ ապահովուած է նաեւ գոյքով։  Վայոց Ձորի Խաչիկ գիւղին մէջ վերանորոգուած է գիւղի դպրոցին նախակրթարանը եւ դարմանատունը։

ՀՕՄի վերջին ծրագիրը եղած է Տաւուշի մարզի կարգ մը սահմանամերձ գիւղերու մէջ ՄԱԿի զարգացման ծրագիրի հետ համատեղ ջերմոցներու կաթիլային ջրագիծերու կառուցումը։

Հայ Օգնութեան Միութեան  յատուկ ուշադրութեան ներքոյ են հայ զինուորն ու հայոց բանակը։ ՀՕՄը եւ մասնաւորապէս Հայաստանի միաւորը միշտ կանգնած եղած է զինուորի կողքին եւ փորձած թեթեւցնել անոր կարիքները։  «Ինչպէս գիտենք, Հայաստանը պատերազմական երկիր է եւ 25 տարիները՝ սկսած Արցախեան պատերազմէն մինչեւ վերջին քառօրեայ պատերազմը՝ եկան փաստելու, որ մենք չենք կրնար անտարբեր մնալ եւ խաղաղ կեանք վարել, քանի որ ունինք նմանատիպ հարեւաններ։ Այս իսկ պատճառով՝ մենք կ՛աշխատինք Պաշտպանութեան նախարարութեան հետ, օժանդակութիւն կը տրամադրենք վիրաւոր զինծառայողներուն, մշտապէս առաջին անհրաժեշտութեան պարագաներ կը հասցնենք առաջնագիծ»։

«Կը փորձենք  զոհուած եւ վիրաւոր զինծառայողներու ընտանիքներուն հոգը թեթեւցնել։ Մեր վիրաւոր զինուորները կարիք ունին մեր օժանդակութեան եւ նեցուկին, որովհետեւ յանուն մեր եւ մեր երեխաներու խաղաղ ապագային, անոնք իրենց երիտասարդ կեանքը կը նուիրաբերեն։ ՀՕՄի Հայաստանի կառոյցը առաջին իսկ օրուընէ վիրաւոր զինուորներուն այցելութեան գնաց, նիւթականը մէկ կողմ դրած, ատիկա բարոյական մեծ աջակցութիւն է բոլոր վիրաւոր զինուորներուն, որ իմանան, որ իրենց կողքին կանգնած են կազմակերպութիւններ, կանգնած են այնպիսի կանայք, որոնք իրենց զաւակին պէս կը սիրեն եւ փայփայեն», նշեց ՀՕՄի ատենապետը։

ՀՕՄը 1992 թուականէն ի վեր կ՛օժանդակէ  զոհուած զինծառայողներու եւ երկկողմանի ծնողազուրկ երեխաներուն։ 25 տարուան մէջ՝ ՀՕՄը իր բոլոր միաւորներուն օժանդակութեամբ՝ կրցած է ֆինանսաւորել եւ օժանդակել 8000է աւելի երեխաներու, որոնց ծնողները նահատակուած են պատերազմի ընթացքին։ «Ցաւօք սրտի այս տարուան Ապրիլեան պատերազմին ընթացքին դարձեալ ներառուեցան մօտ 70 երեխաներ, որոնց ծնողները նոյնպէս պատերազմին զոհ դարձան»։

Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք՝ վստահելով ՀՕՄին՝ նիւթապէս օժանդակած են եւ կ՛օժանդակեն ու իրենց ներդրումը կ՛ունենան  վիրաւորներու եւ զոհուածներու ընտանիքներուն զօրակցելու գործին։

Վերջին քառօրեայ պատերազմին ընթացքին՝ Հայաստանի միաւորը Արցախի ՀՕՄին միջոցով օժանդակութիւն հասցուց Թալիշի եւ Մատաղիսի փախստականներուն։ Հայաստանի մէջ ապրանք հաւաքեց եւ փոխադրեց Արցախ․ թէ հագուստով եւ թէ ուտելիքով օժանդակեց գաղթական դարձած արցախցիներուն։

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Սուրիահայերու խնդիրներուն՝ Տիանա Յովսէփեան ըսաւ․ «Սուրիական պատերազմին հետեւանքով բազմաթիւ սուրիահայեր ապաստան գտան Հայաստան։ ՀՕՄի բոլոր մասնաճիւղերը, կեդրոնական վարչութեան յանձնարարականով, լծուեցան աշխատանքի՝ թեթեւացնելով մեր սուրիահայերուն հոգը։ Հայաստանի մէջ ՀՕՄի մեր գրասենեակ դիմելով ոեւէ մէկը չէ մերժուած։ Կրցած ենք այստեղ օգնել բժշկական օգնութեան կարիք ունեցող սուրիահայերու, կրցած ենք որոշակի գումարներ նուիրաբերելով իրենց կեանքը աւելի թեթեւցնել։ Հագուստներ, ուտելիք, տաք ծածկոցներ տրամադրել։ Վեց տարիներու ընթացքին՝ մեր կառոյցը կրցած է մեր բոլոր միաւորներու օժանդակութեամբ զօրավիգ կանգնիլ սուրիահայերուն, որպէսզի անոնք կարենան Հայաստանի մէջ յարմարիլ եւ բնակութիւն հաստատել»։

Այսօր ՀՕՄի Հայաստանի միւաւորին մէջ կը գործեն մօտ հարիւր սուրիահայ կանայք, որոնք կը մասնակցին կառոյցի աշխատանքներուն եւ իրենց ներդրումը ունին Հայաստանի միաւորի աշխատանքներուն։ «Մեր սուրիահայ ընկերուհիներուն միջոցով մենք շատ մօտիկէն ծանօթ ենք սուրիահայերու խնդիրներուն եւ կը փորձենք օգտակար ըլլալ անոնց», հաւաստիացուց ընկհ․ Տիանան։

Շուրջ երկու տարիէ ի վեր կը գործէ  ՀՕՄի ձեռագործի յանձնախումբը, ուր հիմնականօրէն ներառուած են սուրիահայ կանայք։ Անոնք իրենց հետ բերած են մեր աւանդական ձեռագործի մշակոյթը՝ Այթապի, Մարաշի, Ուրֆայի, Սվազի, Վանի։  «Որպէսզի մեր մշակոյթը կենդանի պահենք, կը կազմակերպենք դասընթացքներ, որուն կը մասնակցին շատ հայաստանցի կանայք։ Մինչեւ այսօր մօտ 150 կին մասնակցած է այս դասընթացքներուն եւ ամէն մէկը սորված է որեւէ ձեռքի աշխատանք։ Յոյս ունինք, որ անիկա մնայուն ըլլայ եւ որոշ ժամական անց կարենանք մեր կանանց ձեռքի աշխատանքները ցուցադրել ու վաճառքի հանել։ Հիմա տարին մէկ անգամ կը կազմակերպենք ցուցահանդէս-վաճառք, որուն կը մասնակցին սուրիահայ կանայք եւ մարզերու մեր ՀՕՄ-ուհիները եւ այն կանայք, որոնք ցանկութիւն ունին։ Կը ներկայացնեն իրենց ձեռքի աշխատանքները, ձեռագործ, ուտեստեղէն, չրեղէն։ Այսպիսի ցուցահանդէսներով հայ կինը առիթ կ՛ունենայ իր արտադրանքը վաճառելու եւ ընտանիքին որոշ նիւթականով ապահովելու»։

Մեր զրոյցի վերջաւորութեան ընկերուհի Տիանան հաստատեց, որ 2017 թուականին ՀՕՄի բոլոր մնայուն ծրագիրները պիտի շարունակուին։ «Պէտք է սուրիահայերուն օժանդակութեան ծրագիրը շարունակենք, համագործակցելով տարբեր նախարարութիւններու եւ կազմակերպութիւններու հետ; Պէտք է կարենանք աւելի շատ համայնքային զարգացման ծրագիրներ իրականացնել, անշուշտ կապուած մեր նուիրատուներու ֆինանսաւորութեան։

«Ատով հանդերձ, որ մեր բանակը հզօր է եւ զինուորի ամէն մէկ կարիքը առաջնահերթութիւն է իրեն համար, սակայն մենք դարձեալ պէտք է կանգնինք զինուորի ու անոր ընտանիքի կողքին։ Մեր յետագայ ծրագիրները բոլորը շարունակական են։ Այնպէս չէ, որ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն վիրաւորներու այցելութիւնը պիտի դադրի։ Դեռ մինչեւ հիմա տաս օրը մէկ կ՛երթանք հիւանդանոցներ, ուր միշտ կան վիրաւորներ, որոնք ուշադրութեան կարիք ունին։ Միշտ կապի մէջ ենք իրենց ընտանիքներուն հետ եւ գիտենք ինչ կարիքներ ունին անոնք»։

Այսօր ՀՕՄի Հայաստանի միաւորը իր 47 մասնաճիւղերով եւ 600 անդամներով մեծ աշխատանք կը տանի Հայաստանի ամբողջ տարածքին՝ առաքելութիւն ունենալով նպաստել Հայաստանի բնակչութեան բարօրութեան եւ երկրի զարգացման ու յառաջդիմութեան՝ «Հզօր բանակ, ամուր սահման եւ հզօր հայրենիք» կարգախօսով: