ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» մասնաճիւղի Տոհմիկ Օր Ձօնուած 20-րդ դարու Հայ Ազգի Հերոսամարտերուն


Սոնիա Գրաճեան


Ձեռնարկներ կան, որոնք իրենց բովանդակալից ընթացքով ոչ միայն հրճուանքով եւ ուրախութեամբ կը պատեն մեզ, այլ նաեւ կը ջերմացնեն եւ կը հարստացնեն մեր ներաշխարհը, յիշատակելի ապրումներով կը թափանցեն մեր հոգիներէն ներս եւ անմոռանալի հետք մը կը ձգեն մեր սրտերուն մէջ: Այդպիսին էր ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կազմակերպած Տոհմիկ Օրուայ 23-րդ ձեռնարկը, ձօնուած 20-րդ դարու Հայ Ազգի Հերոսամարտերուն:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 3, 2016, երեկոյեան ժամը 7-ին Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը լեցուն էր շուրջ 320 ազգայիններով, որոնք եկած էին միասնաբար տօնախմբելու 20-րդ դարու Հայ Ազգի Հերոսամարտերուն նուիրուած 23-րդ Տոհմիկ Օրը:

Սրահի մուտքը պատշաճօրէն զարդարուած էր օրուայ խորհուրդը իմաստաւորող կամարաձեւ եռագոյնով, Արեւմտահայաստանի քարտէսով, ուր ներառուած էին ընդհանուր քաղաքներն ու գիւղերը, ինչպէս նաեւ մշտադալար ծառով մը զարդարուած մեր հերոսներու նկարներով:

Երբ սրահի դռները բացուեցան, հիւրերը դիմաւորուեցան ազգային տարազներով ընկերուհիներու եւ պարմանուհիներու կողմէ, որոնք հրամցուցին կեռասի խմիչք եւ չիրով տուրմ, բերուած Հայաստանէն: Մուտքին զետեղուած էին խորհրդանշական Սարտարապատի Հուշահամալիրի 2 արծիւները, սրահի պատերուն տեղադրուած էին հերոսներու լայնածաւալ նկարներ եւ լոզունգներ, որոնք սիրայօժար պատրաստած էր Զոհրապ Թաթիկեան: Սեղաններու կեդրոնը զարդարուած էր Հայաստանէն բերուած, փայտով պատրաստուած արծուանման Արարատ լեռով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զինանշանով, իսկ սրահի ծայրամասի անկիւնը գեղեցկօրէն զետեղուած էր Սարտարապատի յուշարձանը իր զանգակներով, որ պատրաստած էր Ալպեր Պարսումեան: Սարտարապատի կողքին զետեղուած էին 2 Սարտարապատի Հուշահամիլիրի արծիւները, բեմի պաստառին վրայ տեղաւորուած էր հետեւեալ լոզունգը «Փառք մեր հերոսներուն, Փառք մեր հերոսամարտերուն» իսկ բեմի կողքին Գանատայի դրօշակը, Եռագոյնը, Արցախի եւ ՀՕՄ-ի դրօշները:

Այս տարի եւս պատրաստուած էր բովանդակալից գիրք մը նուիրուած՝ 20-րդ դարու Հայ Ազգի Հերոսամարտերուն:  Երկար ամիսներու պրպտումներու եւ անխոնջ աշխատանքի արդիւնք այս գիրքէն օրինակ մը տրուեցաւ իւրաքանչիւր ընտանիքի, եւ օրինակ մը յանձնուեցաւ նաեւ նուիրատուներուն:  Գիրքը ամբողջացուած է 276 պատկերազարդ, գունաւոր եւ սեւ ճերմակ էջերով, որու կողքի էջին հովանաւորն է Տէր եւ Տիկ. Վարուժ եւ Սիլվիա Լափոյեան:  Գիրքի բովանդակութիւնը կ’ընդգրկէ 20-րդ դարու Հայ Ազգի Հերոսամարտերու՝ Վանի, Տարօնի, Ուրֆայի, Շապին Գարահիսարի, Զէյթունի, Հաճընի, Այնթապի, Մուսա Լերան, Բաշ Ապարանի, Ղարաքիլիսէի, Սարտարապատի եւ Արցախի մասին պատմական իրողութիւններ, այսպէս հարստացնելով մեր գիտելիքներու եւ տեղեկութիւններու պաշարը:  Գիրքին մէջ տեղ տրուած է նաեւ անգլերէն լեզուով ամփոփ տեղեկագրութիւններու:  Պաշտօնական գիր ուղարկած էին Հայաստանի Հանրապետութեան Արտակարգ եւ Լիազոր Դեսպան Արմեն Եգանեան, Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի ԼՂՀ Մշտական Ներկայացուցիչ Ռոբերտ Ավետիսյան, Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Առաջնորդ Գանատայի Հայոց Թեմի, Հայր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Հոգեւոր Հովիւ Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ, Թորոնթոյի ՀՅԴ «Ս. Թէհլիրեան» Կոմիտէն, Սարտարապատի եւ Մուսա Լերան Հուշահամիլիրներու Թանգարանի Տնօրէն Կարեն Արիստակեսյան, ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ Տոհմիկ Օրուայ Յանձնախումբը: Շնորհաւորելի են գիրքը պատրաստող ընկեր-ընկերուհիները. վարձքերնիդ կատար:

Ձեռնարկը մեկնարկեց  Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու դրօշներու մուտքով, որու յաջորդեց Արմենիա Սարգիսեանի Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու կատարումը: Տոհմիկ Օրուայ յանձնախումբի Համա-Ատենապետուհի, ընկերուհի Զեփիւռ Տորնա բարի գալուստի ջերմ խօսքերով կատարեց իր բացման խօսքը. որմէ ետք ան անցաւ օրուան նուիրուած նպատակին վերաբերող կարգ մը մանրամասնութիւններուն, հետեւեալ մեկնաբանութիւններով.- “Հայ ազգը Արեւմտեան Հայաստանի մէջ դարեր շարունակ ապրեցաւ Օսմանեան տիրապետութեան տակ եւ ենթարկուեցաւ Օսմանեան պետութեան եւ ժողովուրդին անարդար եւ վարկաբեկիչ վերաբերմունքին, որ իր գագաթնակէտին հասաւ պետութեան կողմէ ծրագրուած եւ իրագործուած հայաջինջ Ցեղասպանութեամբ: Ցեղասպանութիւն մը որ ոչ միայն սպաննեց 1 ու կէս միլիոն հայութիւն այլ նաեւ արմատախիլ ըրաւ իր պապենական հողերուն կառչած ժողովուրդը եւ փճացուց իր մշակութային եւ մտաւոր ժառանգութեան մեծ մասը:

Սակայն, Հայու ազատատենչ ոգին ընդվզեցաւ այս դրութեան դէմ եւ քաջարի ու պատուախնդիր հայեր ինքնապաշտպանութեան դիմեցին ու հերոսամարտեր մղեցին թուրք բանակին եւ անոր ընկերացող վայրագ ամբոխներու դէմ: Մարտիկներուն հետ նաեւ հայ կինը, մահն աչք առնելով օգնութեան փութաց, պատնէշներ շինեց, խրամատներ փորեց եւ ոմանք նաեւ զէնք վերցուցին իրենց ամուսիններուն հետ:

Հայոց Պատմութեան ամենէն փայլուն էջերէն մէկը արձանագրուեցաւ  այս հերոսամարտերու արդիւնքով փո՛քր, սակայն Անկա՛խ Հայաստանի ստեղծմամբ:

Արցախի հերոսամարտը փայլուն էջ մը եւս աւելցուց Հայոց Պատմութեան մէջ…

Փառք մեր ղեկավար հերոսներուն, որոնք հասարակ մահկանացուներէ աւելի բարձր մտածելու, ծրագրելու եւ գործադրելու բացառիկ յատկութիւն ցոյց տուին եւ վճռակամութեամբ կազմակերպեցին հերոսամարտերը եւ առաջնորդեցին հայ մարտիկները: Թող բոլո՛ր նահատակ հերոսները ներշնչման աղբիւր դառնան մեր նորահաս սերունդներուն, գոյատեւելու իբրեւ հա՛յ եւ պահպանելո՛ւ մեր երիտասարդ հայրենիքն ու Արցախը:»

Անմիջապէս յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ Տօքթ. Մարտիկ Աբրահամեանը որու յանձնուեցաւ իր մեծ հօր, խմբապետ Մարտիրոս Աբրահամեանի անձնական յուշերուն նուիրուած գիրքը «իմ Յիշելի Յուշերը» խորագրով:  Գիրքը լոյս տեսաւ հայրենիքի մէջ 2016-ին:  Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները երգեցին «Յառաջ Նահատակ»-ը եւ ներկաները խանդավառութեամբ ընկերակցեցան սոյն երգին:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանը եւ նախքան սեղաններու օրհնութիւնը ան իր հայրական պատգամը փոխանցեց, ըսելով թէ 20-րդ դարու հերոսամարտերը դրսեւորումն են մեր ժողովուրդի Հայկեան կամքին, Լուսաւորչեան հաւատքին ու ազատատենչ ոգիին եւ ապա բարձր գնահատեց  ՀՕՄ-ի «Ռուբինա» Մասնաճիւղի Վարչութեան գործունէութիւնն ու Տոհմիկ Օրուան Յանձնախումբի կատարած անխոնջ աշխատանքը:  Ապա ան կատարեց հերիսայի եւ հայկական ոճով պատրաստուած աղանդերներով ճոխ սեղաններու օրհնութիւնը, ուր հրամցուեցան, ձէթով փաթոյթ (սարմա), ապուխտ, քամուած մածուն, ճակնդեղով աղցան, պանիր, լոլիկ, վարունգ, անանուխ, ձիթապտուղ, թթուաշ, միջուկով քէօֆդէ, պանիրով պէօրէկ. յետոյ հրամցուեցաւ հերիսա, աղցան, միսով եւ նուշով փիլաւ, տաւարի կարմրցուած միս. գաթա/նազուկ, ընկոյզով թելհիւս (քիւնըֆէ), չիր եւ թարմ պտուղ:  Ճաշերը պատրաստուած էին յանձնախումբի ընկերուհիներու կողմէ: Ներկայ էին նաեւ Հայր Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Թորոնթոյի Հայց. Առքլ. Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւ, եւ Հալէպէն հիւրաբար քաղաքս գտնուող ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ ներկայացուցիչ ընկհ. Աննա Տէր Յակոբեանը:

Այս միջոցին սկսաւ գեղարուեստական բաժինը որ համադրած էր Թամար Տօնապետեան-Գուզուեան, «Հերոսապատում» թեմայով:  Ան մասնակցեցաւ ասմունքներով, մէջ ընդ մէջ ազգային երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ ազգային երգերու մեկնաբան Նվեր Ղազարեան, «Արշալոյսը նորէն բացուեց», «Վիրաւոր ֆետայու երգը» եւ «Վաղ թէ ուշ» երգերով:  «Արեւ ելաւ զէյթունցիներ» եւ Զարթիր լաօ» երգերով իր մասնակցութիւնը բերաւ ազգային ազատագրական երգերու մեկնաբան Մհեր Մինասեանը: Համազգայինի Գլաձոր Մասնաճիւղի «Էրէբունի» Պարախումբ եւ Պարարուեստի Ուսումնարանի անդամները յայտագրին մաս կազմեցին 3 պարերով «Կակաչներու պար» «Եարխուշտա» եւ «Արտաշատ»:

Ձեռնարկի ընթացքին Հերոսամարտերու հովանաւորները գնահատուեցան գնահատագրերով որ սիրայօժար շրջանակած էին Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Վիվիան Ղազարեաններ:

Վան, Այնթապ, Շապին Գարահիսար, Ղարաքիլիսէ, Արցախ, Զէյթուն, Տարօն, Շապին Գարահիսար, Բաշ Ապարան, Սարտարապատ, Ուրֆա, Մուսա Լեռ եւ Հաճընի հերոսամարտերու հովանաւորներն էին Տէր եւ Տիկ. Հէնրի եւ Հանրիէթ Ապրահամեան, Տօքթ. Րեյմօնտ եւ Տիկ. Էլիզապէթ Գէորգ, Տիկ. Արշօ Զաքարեան, Տէր եւ Տիկ. Տիգրան եւ Սալբի Թոքաթլեան, Տէր եւ Տիկ. Վահէ եւ Հռիփ Թոքմաքճեան, Տօքթ. Ժիրայր եւ Տիկ. Էգի Թռնամեան, Պր. Մայքըլ Ժոլի եւ Տիկ. Անի Հոթոյեան-Ժոլի, Տէր եւ Տիկ. Սիմոն եւ Մարալ Հասըրճեան, Տէր եւ Տիկ. Լեւոն եւ Անի Հասըրճեան, Տէր եւ Տիկ.Ստեփան եւ Հուրի Նաճարեան, Տէր եւ Տիկ. Վահան եւ Լուսին Շահինեան, Տէր եւ Տիկ. Սարգիս եւ Սեդա Պալեան, Տիկ. Ռիթա Պէքմէզեան Շամլեան, Տէր եւ Տիկ. Ներսէս եւ Սոնա Ֆստըգճեան:

Այս միջոցին ցուցադրուեցաւ նաեւ պատկերիզ մը Արեւմտահայաստանի մասին: Պատկերիզը որ բերուած էր Հայաստան Երկիր Միտիա Հերուստակայանէն, եւ համադրուած Օննիկ Նազարեանի կողմէ, կը ներկայացնէր մեր հերոսամարտերու պատմականը:..Հոռովել նուագախումբը ղեկավարութեամբ՝ Ճիվան Ստեփանեանի, իր մասնակցութիւնը բերաւ սքանչելի տոհմիկ եղանակներով եւ երգերով որու մեծ խանդավառութեամբ ընկերակցեցան երգչուհի Արմենիա Սարգիսեան եւ ազգային ազատագրական երգերու մեկնաբան Մհեր Մինասեան:

Օննիկ Նազարեան յանձնառուն էր հեռուստատեսիլի նկարահանման, Յակոբ Գուզուեան յանձնառուն էր նկարահանման:

Տեղի ունեցաւ նաեւ վիճակահանութիւն եւ լուռ աճուրդ. նուէրները ընդհանրապէս ունէին ազգային բնոյթ: Վիճակահանութեան տոմսակներուն կցուած էին էջադիրներ որոնք գեղեցկօրէն պատրաստուած էին օրուայ խորհրդանիշը ներկայացնող նկարներով եւ լոզունգներով:  Ձեռնարկ-խրախճանքը շարունակուեցաւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ, Հոռովել նուագախումբի ազգային եւ տոհմիկ երգերու մատուցումով:

Այս ձեռնարկի հասոյթը պիտի յատկացուի ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի «Ռուբինա» մասնաճիւղի կրթական, երիտասարդական, ընկերային եւ հայրենիքի օժանդակութեան ծրագիրներուն:

Տոհմիկ Օրուայ խրախճանքը բարձր տրամադրութեան մէջ պահեց ներկաները՝ եւ վստահաբար այս երեկոն երկար ժամանակ իրենց յիշողութեան մէջ թարմ պիտի մնայ:  Ձեռնարկ մը որ ոչ միայն յաջողեցաւ այլ գերազանցեց:

«Փառք մեր հերոսներուն. Փառք մեր հերոսամարտերուն»