ՀՕՄի 72-րդ Համահայկական Պատգամաւորական Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները


ՀՕՄի Համահայկական 72-րդ Պատգամաւորական Ժողովի մասնակիցներ

Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Համահայկական 72-րդ Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 7 – 11 Հոկտեմբեր 2019-ին, Մոնթրէալի մէջ, Գանատա, մասնակցութեամբ 21 երկիրներէ ժամանած 47 պատգամաւորներու եւ ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու, հիւրերու, քոյր միութիւններու եւ յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, կեդրոնական գրասենեակի անձնակազմին եւ 140 ունկնդիր ընկերուհիներու: 

Ժողովի մեկնարկի նախօրեակին, Հոկտեմբեր 6-ին, տեղի ունեցաւ Ժողովավարական կանոններու աշխատանիստ Սուրբ Յակոբ Վարժարանի «Բասդրմաճեան» սրահին մէջ, ուր Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետուհի, ընկերուհի Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց նիւթը: Երեկոյեան, «Le Chateau Royale» սրահին մէջ աւելի քան 400 ներկաններուն մասնակցութեամբ մեկնարկուեցաւ Պաշտօնական Ձեռնարկ մը, որուն ներկայ էին Գանատայի Առաջնորդ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Անահիտ Յարութիւնեան, Խորհրդարանի անդամ, Մելանի Ժոլի, Եւրոխորհուրդի նախկին անդամ, Տոքթ. Էլէնի Թէօխարուս, ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ այլ հիւրեր։ Ողջոյնի եւ քաջալերական խօսքեր փոխանցուեցան։ 

Երկուշաթի առաւօտեան, ՀՕՄի քայլերգը ունկնդրելէ ետք, Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Անի Օհանեան բարի գալուստ մաղթեց բոլոր ընկերուհիներուն եւ մաղթեց, որ «նոր ծրագիրներու եւ իրողութիւններու դէմ հանդիման՝ ըլլանք յստակատես եւ վճռական»: Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Գարոլին Շմաւոնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Գանատայի Շրջանային Վարչութեան եւ տեղական մասնաճիւղերու ընկերուհիներուն, որոնք ջերմօրէն հիւրընկալեցին ընկերուհիները եւ հրաւիրեց բոլորը՝ վայրկեան մը յոտնկայս յարգեն յիշատակը նախորդ քառամեային մեզմէ առ յաւէտ հեռացած ընկեր-ընկերուհիներուն: Շմաւոնեան, Կեդրոնական Վարչութեան անունով նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր միաւորներուն, որոնք չորս տարիներու ընթացքին ջանք չեն խնայած ՀՕՄի առաքելութեան իրագործման համար առ այն՝ 12 միլիոն տոլարի ներդրումով և ՀՕՄի բոլոր միաւորներու մասնակցութեամբ իրականացուցած են բազմաթիւ բարեսիրական, կրթական, առողջապահական եւ այլ նպատակներու ուղղուած ծրագիրներ։  

Ժողովի բացման հանդիսութեան ներկայ էր Տէր Տաթեւ աւագ քհնյ. Միքայէլեան, որ սրբազան հօր ողջոյնի խօսքը փոխանցեց: Յաջորդաբար, խօսքեր առին Եւրոխորհուրդի նախկին անդամ Տոքթ. Էլէնի Թէօխարուս, ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ ընկ. Ռաֆֆի Տօնապետեան եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչ Եղբ. Մոսիկ Թոփուզեան, որոնք իրենց քաջալերական խօսքերը փոխանցեցին ժողովականներուն եւ մաղթեցին, որ ժողովը ընթանայ հեզասահ եւ հասնի շինիչ եզրակացութիւններու: Ժողովին նաեւ կարդացուեցաւ ժողովին ուղղուած նամակներ՝ Գանատայի Վարչապէտ Ճասթին Թրուտոյի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան եւ Սուրբ Յակոբ Եկեղեցւոյ Հոգեբարձութեան կողմէ: 

Ժողովի կողմէ ընտրուած իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբին կողմէ պատգամաւորներու լիազօրագրերու ստուգումէն եւ վաւերացումէն ետք, ժողովի օրինականութիւնը հաստատուեցաւ եւ ընտրուեցաւ ժողովի մնայուն դիւանը. ատենապետներ՝ Աննա Պուլկարեան (Հայերէնի) եւ Թալին Մկրտիչեան (Անգլերէնի), իսկ քարտուղարներ՝ Մարալ Թուլումեան եւ Հելլեն Խայաթ (Հայերէնի), եւ Նայիրի Շահինեան եւ Նորա Գրիրգորեան (Անգլերէնի)։

Պատգամաւորական ժողովի օրակարգի վաւերացումէն ետք, ժողովը ընտրեց իր Ընտրողական, Բանաձեւի, Արխիւային եւ նախահաշիւի  յանձնախումբերը: Ապա, Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց իր հիւրերը՝ ընկ. Յասմիկ Տէրտէրեան եւ Տոքթ. Արփի Պալեան. ապա՝ ժողովը ընտրեց ընկ․ Վիքի Մարաշլեան, Մարալ Մխճեան, Մարօ Ֆրունճեան, Լիզա Ժիլիպէր, Փոլին Տոսթումեան եւ Ժօժօ Պետրոսեան խորհրդակցական ձայնով մասնակցելու ժողովին: 

Ընթացաւարտ Կեդրոնական Վարչութիւնը ներկայացուց իր քառամեայ տեղեկագիրը, որուն կից ներկայացուեցաւ նաև ՀՕՄի լայնածաւալ գործունէութեան քարտէսը Վարիչ Տնօրէն Վերժինի Թուլումեանի կողմէ․ ապա՝ ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Առողջապահական Կեդրոնի Տնօրէն Տոքթ. Սեւակ Աւագյան ներկայացուց հիւանդանոցի աշխատանքները եւ ապագայ գործունէութեան մարտահրաւէրները և նոր սարքաւորումներ ձեռքբերելու պահանջները: Նիւթի կարեւորութենէն խանդավառուած եղաւ սրտաբուխ 10,000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն Ընկերուհիներ Շաքէ եւ Նորա Կէօնճեաններուն կողմէ եւ 1,000 ԱՄՆ տոլարի նուիրատուութիւն Ընկերուհի Սեդա Կէօվրէքեանի կողմէ:  

Այնուհետեւ՝ ժողովականները, բաժնուելով  չորս խմբակներու խորհրդակցեցան և արծարծեցին կրթական, առողջապահական, պատանեկան եւ կազմակերպչական ծրագիրներ: Յաջորդող օրերուն ընթացքին, պատգամաւորները քննարկեցին անցնող քառամեակին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ընդհանուր գործունէութիւնը, գնահատեցին կատարուած իրագործումները եւ վաւերացուցին ծրագիրներ՝ յառաջիկայ քառամեակին համար։ Կրթական, առողջապահական, ընկերային եւ բարեսիրական ծրագիրներու կողքին։ Ժողովը կեդրոնացաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Ջաւախքի հայրենակիցներուն զօրակցութեան, հայ զինուորի օժանդակութեան, սահմանամերձ գիւղերու յատուկ հարցերուն, Միջին Արեւելքի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ բոլոր հայ գաղութներու անմիջական կարիքներուն վրայ՝ որդեգրելով համապատասխան բանաձեւումներ եւ ծրագիրներ։ 

Ժողովին ընթացքին, ՀՕՄի Հարաւային Ամերիկայի պատգամաւորները ներկայացուցին Արժանթինի մէջ գործող ՀՕՄի «Պոտուրեան» Հանգստեան Տան երկրի տնտեսական իրավիճակէն փխող  նիւթական դժուարութիւնները, որմէ ետք քանի մը վայրկեաններու մէջ, մօտաւորապէս 20,000 ԱՄՆ տոլարի սրտաբուխ նուիրատուութիւններ յայտարարուեցան, միաւորներու եւ մասնաճիւղերու անունով: 

Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով տուժած Սուրիոյ Գամիշլիի, Հասիչէի եւ Տէրիքի քաղաքներուն իրավիճակին՝ կոչ ուղելով իր միաւորներուն եւ հանրութեան անոնց օգնութեան հասնելու: (https://ars1910.org/ars-calls-to-action-syrian-armenian-relief/):  

Իր աշխատանքներու աւարտին, Ժողովը ընտրեց 2019-2023 շրջանի նոր

Կեդրոնական Վարչութիւնը` հետեւեալ կազմով.-

Տոքթ. Նայիրի Տէրտէրեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) – Ատենապետուհի

Մայտա Մելքոնեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – Փոխ-ատենապետուհի

Մարալ Մաթոսեան (Արեւմտեան ԱՄՆ)  – Քարտուղար

Սիլվա Թագւորեան (Արեւելեան ԱՄՆ) – Գանձապահ 

Արուս Մելքոնեան (Արեւմտեան ԱՄՆ) 

Թալին Մկրտիչեան (Արեւելեան ԱՄՆ)

Արմինէ Կարապետեան (Գանատա)

Համեստ Սասունեան (Հայաստան)

Նելլի Վեքիլեան (Միջին Արեւելք)

Լիզա Ժիլիպէր (Եւրոպա)

Նորա Սեւակեան (Աւստրալիա)